Լիբանանի մէջ Կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու խորհուրդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց Հոմսի առաջնորդին վրայ յարձակումը եւ կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաները պաշտպանելու:
«Լիբանանի մէջ կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու խորհուրդը խստօրէն կը դատապարտէ զինեալ կողոպուտն ու գողութիւնը, որոնց անցեալ շաբաթ ենթարկուած է Հոմսի, Համայի, Նապաքի, Եապրուտի եւ մերձակայքի յոյն կաթողիկէ առաջնորդ Եուհաննա Ապտէ Արպաշը, երբ ան կը գտնուէր առաջնորդարան, եւ զինեալ անձեր անոր վրայ յարձակած են եւ սահմանափակած անոր տեղաշարժը, նախքան անոր գրասենեակի պարունակութիւնը գրաւելը»:
Խորհուրդը լիակատար զօրակցութիւն յայտնեց «առաջնորդին ու Սուրիոյ մէջ եկեղեցիին», ան պատկան մարմիններուն կոչ ուղղեց բացայայտելու միջադէպի հանգամանքները եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու անոր յանցագործները, ինչպէս նաեւ ընդգծեց «անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը` քրիստոնեայ քաղաքացիները պաշտպանելու, անոնց նկատմամբ կիրարկուող յարձակումներուն վերջ տալու եւ իրենց հայրենիքին մէջ անվտանգ ու արժանապատիւ ապրելու անոնց իրաւունքը պահպանելու համար, որպէսզի Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը մնայ քրիստոնէական քաղաքակրթութեան հնութեան եւ ատոր մէջ իսկական քրիստոնէական ներկայութեան պատմութեան, ինչպէս նաեւ իր պատմութեան ու ազգային ինքնութեան կերտման գործին մէջ անոր դերի վկան»:


