ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ
Ընթերցողին:
«Ապրուած օրեր» անունը նոր չէ: 1948-ին նոյն անունով լոյս տեսած է Արմէն Գարոյի գիրքը: Այս գրութիւնները անոր շարունակութիւնը չեն, այլ` ուրիշ ժամանակի ու սերունդի ապրուած օրեր:
Տարիներու ընթացքին կուտակուած այս յուշերը իմ կեանքիս պատառիկներն են, բայց նաեւ` մեր հաւաքական հայկական կեանքէն համեստ մաս մը: Անոնց մէջ կան օսմանահայ ընտանիքիս համն ու հոտը, սփիւռքեան ու հայաստանեան իրականութիւնները, հինը` նորին կողքին: Այս ամառ որոշեցի սկսիլ գրի առնել զանոնք: Յուսամ` անոնց մէջ դուք ալ ձեզմէ բան մը գտնէք:
Երկուշաբթի առաւօտ էր: Ճեմարանի բակին մէջ տակաւին զանգը չէր հնչած, եւ նախորդ օրուան ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խաղին պատմութիւնները արդէն բակին մէջ տարածուած էին:

Լուսանկարը` Մարգար Թումայեանին:
– Ծօ՛, չես հաւատար: Ֆալասթինցի Ժիրայրը Շամունի դաշտը, ակամ, վերէն վար իջաւ ՀՄԸՄ-ին հայհոյողներուն քէօթէք քաշելու: Ծօ՛, պիւթիւն Շամունի դաշտը տարաք-մարաք (ոստիկան-մոստիկան) իրար անցաւ: Ֆիլի՜մ էր», ֆիլի՜մ»:
Այսօր, ինչպէս Ամերիկայի հայ աշակերտները իրարու հետ անգլերէն կը խօսին, մենք ալ իրարու մէջ մեր բարբառը ունէինք: Հայերէն էր, բայց մէջը ամէն ինչ կար: Անշուշտ, եթէ Մուշեղ Իշխանը, պարոն Տասնապետեանը եւ նմաններ բակէն անցնէին, լեզուն իսկոյն մաքուր արեւմտահայերէնի կը փոխուէր` գլխու շարժումով «Բարի լոյս, պարո՛ն» մըն ալ աւելցնելով:
Այդ երկուշաբթին մեզի համար կարեւոր չէր, թէ պատմութեան ո՛ր մասը ճիշդ էր եւ ո՛ր մասը արդէն ճամբան մեծցած էր: Կարեւորը այն էր, որ Ֆալասթինցի Ժիրայրը Շամունի դաշտը կռիւ ըրած էր: Զայիմ Ժիրայրին կռիւները ընդհանրապէս խաղերու ընթացքին կ՛ըլլային:
Ժիրայր Նալպանտեանը Պաղեստինէն գաղթած էր: Ատկէ ալ մնացած էր անունը: Բոլորս զինք Ֆալասթինցի Ժիրայր կը ճանչնայինք: Բացի, անշուշտ, մաքրամաքուր հայերէն խօսողներէն, որոնց համար ան Պաղեստինցի Ժիրայրն էր: Բարակ, երկար պեխերուն ետեւ միշտ պզտիկ ժպիտ մը կար: Իր երկու տղաքը` Ժաքը եւ Զարեհը, մեզի հետ Ճեմարան կը յաճախէին: Ինքն ալ դպրոցին պասերու գործը կը վարէր: 1970-ականներուն, երբ Ճեմարանի նոր «Մերսետես» պասերը հասան, բոլորս հիացումով կը նայէինք անոնց: Կը յիշեմ առաջին օրը, երբ պասերը Ճեմարանի բակը մտան, բոլորս միաբերան բացագանչեցինք` «Անանա՜ս»: Այդ օրերուն լիբանանեան պատկերասփիւռին վրայ շատ ծանօթ էր «Ananas Top Top» հիւթի ծանուցումը, եւ այդ բացագանչութիւնը դարձած էր ամէն նոր ու փայլուն բանի հանդէպ մեր հիացմունքը արտայայտելու ձեւ մը: Ճեմարանի պասերը իր ապրուստն էր: Ամէն օր մեր շուրջն էր, բայց միաժամանակ կարծես մեր սովորական աշխարհէն քիչ մը դուրս մարդ մըն էր:
Ոտքերը քիչ մը կամարաձեւ էին: Երբ հարցնէինք, թէ ինչո՞ւ, պատրաստ պատասխան մը ունէր. «Շատ ֆութպոլ խաղցած եմ»: Մենք ալ կը հաւատայինք կամ գոնէ չէինք վիճեր:
Երբեմն Ճեմարանի բակին մէջ պասքեթպոլ կը խաղայինք: Ժիրայրը առանց շատ աղմուկի, կը մօտենար: Իր ներկայութիւնը նկատելու պահուն խաղը ինքնաբերաբար կը դադրէր: Գնդակը կ՛ուզէր: Բայց նախ ուրիշ արարողութիւն մը կար: Ժիրայրը յաճախ ատրճանակ կը կրէր: Պասքեթպոլ խաղալու համար բնականաբար պէտք էր զայն մէկու մը յանձնել: Կը նայէր մեր խումբին եւ կը փնտռէր ամէնէն մեծ երեւցողը: Այդ օրերուն մեր մէջ արդէն պեխի առաջին նշանները Խաչիկ Թերզեանին երեսին սկսած էին երեւիլ: Ուրեմն ընտրութիւնը յաճախ Խաչիկին վրայ կ՛իյնար: Ժիրայրը ատրճանակը կը հանէր, կը յանձնէր Խաչիկին, ապա մատով նշան կ՛ընէր` զգո՛ւշ:
Մենք քարացած կը սպասէինք: Յետոյ գնդակը կ՛առնէր: Զամբիւղէն բաւական հեռու կը կանգնէր: Կը նշանառէր եւ կը նետէր: Կը վրիպէր: Նորէն գնդակը կ՛ուզէր: Երկրորդ անգամ: Դարձեալ կը վրիպէր: Երրորդ անգամ… Մենք չէինք խնդար: Ոչ ոք կը համարձակէր խնդալ: Ոչ ալ գնդակը ետ կը պահանջէինք: Ժիրայրը պիտի շարունակէր այնքան, որքան ուզէր, որովհետեւ այդ պահուն Ճեմարանի պասքեթպոլի դաշտին վրայ մենք չէինք որոշողը: Զայիմ Ժիրայրն էր:
Իսկ Խաչիկը, ատրճանակը մէջքին դրած, այդ քանի մը վայրկեանը մախխամ կ՛ընէր: Մենք ալ մէկ աչքով Ժիրայրին վրիպած գնդակներուն կը նայէինք, միւսով` Խաչիկին մէջքին: Վերջապէս Զայիմ Ժիրայրը բաւ համարելով` տաբատը կը շտկէր եւ ձեռքի կտրուկ շարժումով մը զէնքը ետ կ՛ուզէր: Խաչիկն ալ, իր քանի մը վայրկեան տեւած զայիմութիւնը աւարտած` ատրճանակը կը վերադարձնէր: Ու մենք խաղը կը շարունակէինք:
Թորգոմ Ջանան «Ազդակ»-ի իր յուշերուն մէջ ուրիշ դրուագ մը կը յիշէր այս ֆութպոլն ու պասքեթպոլը սիրող մարզասէրին մասին. «Թրիփոլիի մէջ մրցումէ մը ետք տեղւոյն պարտուած խումբի համակիրներու կատղած խուժան մը սկսաւ արշաւել ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն վրայ, որոնք` ուրախ, հանրակառք կը բարձրանային: 20-25 մեթր մնացած էր եւ խուժանը պիտի հասնէր, երբ յանկարծ կանաչ մերսետես մը յայտնուելով` փակեց ճամբան: Ժիրայր երկու ատրճանակով ելաւ եւ սպառնաց կրակել մօտեցողներուն, իսկ մեր համակիրներուն պոռաց, որ շուտով հեռանան»:
Կ՛ըսէին` Ժիրայրը «Առիւծի սիրտ ունէր եւ աղաւնիի հոգի». ընկեր Տիգրան Ճինպաշեանի խօսքերով, ան «խոնարհ հերոս» մըն էր, անկեղծ ու նուիրեալ հայ մը, որուն համար իր ժողովուրդին անվտանգութիւնը ամէն բանէ վեր էր: Իր տեսակէն մարդիկ այսօր քիչ մնացած են մեր կեանքին մէջ: Այն զայիմներէն էր, որոնք իրենց ուժը իրենց համար չէին պահեր: Ֆալասթինցի Ժիրայրը մահացաւ 7 մարտ 2022-ին:

Այդ օրերու այսպէս Լիբանանը իր զայիմներու մշակոյթը ունէր: Պետութիւնը միշտ ներկայ չէր մարդոց առօրեային մէջ, եւ շատ բան կը լուծուէր անձնական կապերով, միջնորդութեամբ եւ ծանօթութեամբ: Զայիմը երբեմն թաղի ազդեցիկ մարդ էր, երբեմն ալ` պարզապէս մէկը, որուն խօսքը կ՛անցնէր: Մարդիկ անոր կը դիմէին գործ մը գտնելու, հարց մը լուծելու, մէկուն հետ խօսելու կամ երբեմն ալ պաշտպանութիւն գտնելու համար: Հայկական թաղերն ալ Լիբանանի այդ աշխարհէն դուրս չէին:
Բայց զայիմներու երեւոյթը բարդ էր: Անոնք քիչ մը ձիւնի փաթիլներու կը նմանէին: Երկուքը իրարու նման չէին: Կային լաւ զայիմները, օգտակար գործ տանողները, մարդոց հարցերը լուծողները: Կային վատերը: Կային նաեւ անոնք, որոնց պարագային դժուար էր հասկնալ, թէ ո՛ւր կը վերջանար օգտակար մարդը, եւ ո՛ւր կը սկսէր զայիմը:
Մենք, անշուշտ, այդ բոլորը չէինք գիտեր: Մեզի համար զայիմը քաղաքական գիտութեան բառ չէր: Զայիմը Ֆալասթինցի Ժիրայրին պէսերն էին: Պեխեր, մէջքին միշտ տապանչա, ֆութպոլի խաղերուն կամ այլ կռիւ-հարցերու ատեն ալ` հայերուն հասնող:
Ամէն տեսակ բնութագրող անուներ կը լսէինք. Թուրումպա, Թոփալ, Էսքեր, Ուսթուրա (երեսէն դանակ կերած), Ապրազները, Չիթիկ եւ շատ ուրիշներ:
Պատերազմին հետ այդ տեսակի մարդոց ալ ժամանակը կամաց-կամաց անցաւ: Պուրճ Համուտի եւ հայկական միւս թաղերուն մէջ ապահովութիւնը աւելի կազմակերպուեցաւ եւ կուսակցութեան ձեռքը անցաւ: Անհատ զայիմութեան հետզհետէ քիչ տեղ մնաց: Բայց զայիմը ամբողջովին չանհետացաւ: Մնաց մեր պատմութիւններուն եւ թաղային ֆոլքլորին մէջ, բայց մնաց նաեւ անոր կերպարը: Այդ ինքնավստահ քալուածքը, քիչ մը ցուցադրական շարժումները, խօսելու ձեւը, ներկայութեամբ տեղ մը լեցնելու կարողութիւնը շարունակեցին ապրիլ: Շատեր, որոնք երբեք զայիմ չէին, իրենց վրայ քիչ մը առին այդ կերպարէն:
Մեր զայիմներէն շատերը այսօր չկան: Բայց պատմութիւնները մնացած են: Ալլա՜հ, Ալլահ պէ՜:
—
Այս յօդուածաշարքին նախորդ գրութիւնները
Ա.- Կելիպոլի տուն թիւ 54 https://www.aztagdaily.com/archives/702461
Բ.- Մեծ հօրս մեծ հին ռատիոն https://www.aztagdaily.com/archives/703467
Գ.- Կիւզել Պոլիսն ու մեծ մայրս https://www.aztagdaily.com/archives/703889
Դ.- Պէյրութ, 70-ականներ https://www.aztagdaily.com/archives/705183
Ե.- Տանիքէ տանիք https://www.aztagdaily.com/archives/705619
Զ.- Երկու ապրիլ 24 https://www.aztagdaily.com/archives/706110
Է.- Հարպ https://www.aztagdaily.com/archives/706548
Ը.- Աղեքսանդրիոյ փոքր հայաշխարհը https://www.aztagdaily.com/archives/707002
Թ.- Մայրս եւ ԼՕԽ-ի իր ընկերուհիները https://www.aztagdaily.com/archives/707943
Ժ.- Քլաշինն ու թմբուկի փայտիկները https://www.aztagdaily.com/archives/708459
ԺԱ. Եգիպտոսի գոյները եւ Ճոնին https://www.aztagdaily.com/archives/709504
ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան https://www.aztagdaily.com/archives/710521
ԺԳ.- Օրիորդ Գարմէնը https://www.aztagdaily.com/archives/711518


