Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հաւաքականը Պիտի Մնայ Գ. Կարգի Խումբերու Շարքին

November 19, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ազգերու լիկայի 2028-2029 տարեշրջանին հանդէս պիտի գայ Գ. կարգի լիկային մէջ:

«Ֆութպոլ միթց տաթա» վերլուծական հարթակի նախնական կանխատեսման համաձայն, Հայաստանի հաւաքականը վիճակաձգութեան ժամանակ կը յայտնուի երկրորդ անօթին մէջ` Պուլկարիոյ, Լիւքսամպուրկի, Լաթվիոյ, Սան Մարինոյի եւ Ղազախստանի կողքին:

2026-2027 տարեշրջանի Ազգերու լիկայի խմբային փուլի աւարտէն ետք, Հայաստանի հաւաքականը երաշխաւորեց իր մասնակցութիւնը յաջորդ տարեշրջանի Գ. կարգի լիկայի մէջ: Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած խումբը Գ. կարգի 2-րդ խմբակին մէջ 6 կէտ ձեռք ձգեց եւ գրաւեց 3-րդ դիրքը:

«Ֆութպոլ միթց տաթա»-ի 15 նոյեմբերի կէտերուն համաձայն, Հայաստան Ազգերու լիկայի 2028-2029 տարեշրջանի մասնակիցներու կանխատեսուող ընդհանուր դասաւորման 43-րդ դիրքը կը գրաւէ, ինչ որ կը համապատասխանէ Գ. կարգի լիկայի երկրորդ անօթին:

Անօթներու վերջնական խումբերը կապուած կ՛ըլլան 2026-2027 տարեշրջանի վերջնական դասաւորումներուն եւ կէտերուն, ներառեալ նաք-աութի հանգրուաններու արդիւնքները:

2028-2029 տարեշրջանէն սկսեալ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ազգերու լիկան 4 կարգերէն կ՛անցնի 3 կարգի:

Իւրաքանչիւր կարգի մաս կը կազմեն 18 հաւաքականներ, որոնք կը բաժնուին 6-ական խումբերէ կազմուած 3 խմբակներու:

Բացառութիւն կրնայ ըլլալ Գ. լիկայի խմբակներէն մէկը, որուն հաւանաբար 7 խումբեր մասնակցին:

Վիճակաձգութեան պահուն հաւաքականները պիտի բաժնուին երեք անօթներու, իւրաքանչիւրին մէջ` 6 խումբեր: Իւրաքանչիւր խմբակի մէջ կ՛ընդգրկուի երկուքական հաւաքական իւրաքանչիւր անօթէ:

Իւրաքանչիւր հաւաքական 6 հանդիպումներ պիտի կատարէ հինգ տարբեր մրցակիցներու դէմ:

Իր անօթին մաս կազմող խումբին դէմ երկու հանդիպում` իր եւ օտար դաշտին վրայ: Առաջին անօթին մաս կազմող երկու խումբերուն դէմ մէկական հանդիպում եւ երրորդ անօթին մաս կազմող երկու խումբերուն դէմ ալ մէկական հանդիպում:

Ըստ «Ֆութպոլ մեթց տաթա»-ի կանխատեսման, Գ. լիկայի անօթներու կազմը հետեւեալն է.

Առաջին անօթ.- Պիելոռուսիա, Էսթոնիա, Կիպրոս, Ֆարօ կղզիներ, Ֆինլանտա եւ Մոլտովա:
Երկրորդ անօթ.- Հայաստան, Պուլկարիա, Լիւքսամպուրկ, Ղազախստան, Լաթվիա եւ Սան Մարինօ:
Երրորդ Անօթ.– Մալթա, Ազրպէյճան, Լիթուանիա, Անտորրա, Ճիպրալթար եւ Լիխթընշթայն:

Օրինակ` Հայաստանի խմբակին եթէ մաս կազմեն Էսթոնիա, Մոլտովա, Սան Մարինօ, Ճիպրալթար եւ Լիխթընշթայն, Հայաստան երկու մրցում պիտի կատարէ Սան Մարինոյի դէմ (նոյն անօթին մաս կազմելուն համար), իսկ մէկական մրցում` մնացեալ խումբերուն դէմ, «Չեմփիընզ լիկ»-ին նման մէկ դաշտէն դուրս եւ մէկ դաշտին վրայ:

Հետաքրքրական պիտի ըլլայ 2028-2029 տարեշրջանի Ազգերու լիկան, որուն արդիւնքներու հիման վրայ եւրոպական հաւաքականներու բաշխումը պիտի կատարուի 2030-ի Մոնտիալի զտումներու երկու մակարդակներու միջեւ:

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն հաստատեց, որ երկու մակարդակի զտումի մրցումները մէկ նպատակ ունին` կրճատել մակարդակով տարբեր հաւաքականներուն միջեւ հանդիպումներու թիւը:

2030-Ի ՄՈՆՏԻԱԼԻ ԶՏՈՒՄԻ ՓՈՒԼ Ա. ԼԻԿԱ

Ասոր կը մասնակցին Ազգերու լիկայի 2028-2029 տարեշրջանի Ա. եւ Բ. կարգերուն ներկայացող 36 հաւաքականները:

36 խումբերը կը բաժնուին 3 խմբակներու (12 խումբ ամէն խմբակի մէջ), իւրաքանչիւր հաւաքական 6 մրցում կը կատարէ 6 տարբեր մրցակիցներու դէմ:

Լաւագոյն խումբերը ուղղակի կը հասնին Մոնտիալին, իսկ մնացեալ խումբերը կարելիութիւն կ՛ունենան պայքարելու մնացեալ տոմսերուն համար, փլէյ օֆի միջոցով:

2030-Ի ՄՈՆՏԻԱԼԻ ԶՏՈՒՄԻ ՓՈՒԼԻ Բ. ԼԻԿԱ

Ասոր կը մասնակցին Ազգերու լիկայի 2028-2029 տարեշրջանի Գ. կարգի 18 կամ 19 հաւաքականներ:

Ձեւաչափը պիտի ըլլայ Ազգերու լիկայի նոր ձեւին նման, ուր երեք խմբակներու պիտի բաժնուին խումբերը, որոնց լաւագոյնները պիտի հասնին փլէյ-օֆի հանգրուան:

Ասիկա ուրեմն շատ կարեւոր է մանաւանդ Հայաստանի համար, որ Ազգերու լիկայի մրցումներուն լաւ արդիւնք ձեռք պէտք է ձգէ, որպէսզի համեմատաբար աւելի բարձր դասուելով աւելի դիւրին (համեմատաբար) մրցակիցներ կարենայ ունենալ Մոնտիալի զտումի մրցումներուն:

Նախորդը

Ազգերու Լիկա. Փորթուգալ Եւ Նորվեկիա Աւարտեցին Իրենց Խմբակի Մրցումները

Յաջորդը

Ծանրաբարձութիւն. Միջազգային Ֆետերասիոնը Վերատեսութեան Ենթարկեց Հայաստանի Հաւաքականը

RelatedPosts

Ծանրաբարձութիւն.  Միջազգային Ֆետերասիոնը Վերատեսութեան  Ենթարկեց Հայաստանի Հաւաքականը
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Միջազգային Ֆետերասիոնը Վերատեսութեան Ենթարկեց Հայաստանի Հաւաքականը

November 19, 2026
Ազգերու Լիկա.  Փորթուգալ Եւ Նորվեկիա Աւարտեցին Իրենց Խմբակի Մրցումները
Մարզական

Ազգերու Լիկա. Փորթուգալ Եւ Նորվեկիա Աւարտեցին Իրենց Խմբակի Մրցումները

November 19, 2026
«Էն. Պի. Էյ.»  12 Մրցումներ Յաղթելէ Ետք Սփըրզ Պարտուեցաւ Փիսթընզէն` 105-93 Արդիւնքով
Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.» 12 Մրցումներ Յաղթելէ Ետք Սփըրզ Պարտուեցաւ Փիսթընզէն` 105-93 Արդիւնքով

November 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.