2028-ի Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունենալիք Ողիմպիական խաղերու ծանրաբարձութեան առաջին զտումի մրցաշարքի մասնակիցներու վերատեսութեան ենթարկուած ցանկին մէջ Հայաստանի հաւաքականի կազմին մէջ զգալի փոփոխութիւններ տեղի ունեցան:
2026-ի աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Վարազդատ Լալայեան կը բացակայի Տոհայի (Քաթար) մէջ տեղի ունենալիք մրցաշարքի ցուցակէն
Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը վերատեսութեան ենթարկած էր մասնակիցներուն պաշտօնական ցանկերը:
Հրապարակուած տուեալներուն համաձայն, Հայաստանէն այժմ միայն երեք մարզիկ պիտի մասնակցին:
Գոռ Սահակեան պիտի մասնակցի 75 քկ կշիռի մրցումներուն, ան նախապէս կը մասնակցէր իբրեւ պահեստային մարզիկ, Արա Աղանեան 95 քկ կշիռի մրցումներուն պիտի մասնակցի, իսկ Գարիկ Կարապետեան 110 քկ կշիռի մրցումներուն պիտի մասնակցի:
Գլխաւոր փոփոխութիւնը Վարազդատ Լալայեանի (110 քիլոկրամէն վեր) բացակայութիւնն է: Ան նախապէս ընդգրկուած էր մասնակիցներու ցանկին մէջ: Վերջերս, Չինաստանի Նինպօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, հայ ծանրաբարձը երկամարտի արդիւնքով նուաճած էր պրոնզէ մետալ` ձեռք ձգելով 457 քկ (210+247) կշիռք:
Բացի Լալայեանէն, ցանկէն դուրս մնացած են նաեւ Հայաստանի աղջկանց հաւաքականի ներկայացուցիչներ Էմմա Պօղոսեանն ու Լիանա Գիւրճեանը, որոնք պիտի մասնակցէին 86 քկ կշիռի մրցումներուն:
Փոփոխութիւններու պատճառները առայժմ յայտնի չեն: Վիրաւորուելու, մասնակցութենէ հրաժարելու կամ այլ հանգամանքներու հաւանականութեան վերաբերեալ պաշտօնական տեղեկութիւններ չեն հրապարակուած:
Կրնայ ըլլալ մարզիկներուն անուններուն բացակայութիւնը առայժմ չի նշանակեր, որ անոնք վերջնականապէս հրաժարած են մրցաշարքին մասնակցելէ:
Հրապարակուած են նաեւ անունները հայկական ծագում ունեցող մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնեն այլ երկիրներու հաւաքականներ:
Գոռ Մինասեան Պահրէյնը կը ներկայացնէ եւ մաս կը կազմէ 110 քիլոկրամէն վեր կշիռի ցանկին:
Արթուր Բաբայեան կը ներկայացնէ Ռուսիան, մինչեւ 110 քկ կշիռի մրցումներուն: Ողիմպիականի զտումի առաջին մրցաշարքը, ինչպէս նշեցինք, տեղի կ՛ունենայ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ, 7-էն 16 դեկտեմբերին:
Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը իր վերջնական արձանագրութեան թուական որոշած է 23 նոյեմբերը, այդ ընթացքին մասնակիցներու կազմը հաւանաբար փփոխութիւններ կրէ:


