6-րդ շաբթուան մրցումները վերջ գտան երեքշաբթի գիշեր, երբ Փորթուգալի կողքին Նորվեկիա իր կարգին ապահովեց Ազգերու լիկայի վերջին տոմսը` պարտութեան մատնելէ ետք Դանիան` Քոփենհակընի մէջ:
Դանիա, որ գրեթէ ապահոված էր իր 2-րդ դիրքը, 2 արագ կոլեր նշանակեց 11-րդ եւ 14-րդ վայրկեաններուն` Հոյլունտի եւ Հոյպերկի միջոցով: Սակայն Նորվեկիա 3 կոլեր նշանակեց, կարեւորագոյն կոլը` 96-րդ վայրկեանին, շնորհիւ Էրլինկ Հաալանտի (փենալթի)` գերազանցելով Դանիոյ 9 կէտերուն, իրար դէմ երկու մրցումներն ալ յաղթելու շնորհիւ:
Փորթուգալ 2-3 արդիւնքով յաղթեց Կալեսի մէջ, ոչ դիւրին մրցումէ մը ետք: Այժմ 8 խումբերն ալ պատրաստ են վաղուան վիճակաձգութեան:
Ֆրանսա, Գերմանիա, Անգլիա եւ Փորթուգալ գրաւած են իրենց խմբակներուն առաջին դիրքերը, մինչ Պելճիքա, Նետերլանտներ, Սպանիա եւ Նորվեկիա Բ. դիրքերը գրաւած են:
Վաղը կէսօրին Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի կ՛ունենայ վիճակաձգութիւնը: Նոյն խմբակէն խումբեր իրար դէմ չեն կրնար մրցիլ, իսկ քառորդ աւարտականի մրցումները տեղի կ՛ունենան 25-էն 27 մարտին (երթ) եւ 28-էն 30 մարտին (դարձ):
Կիսաւարտականներն ու աւարտական մրցումները տեղի կ՛ունենան յունիս 9-էն 13:


