«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ անցեալ տարուան փոխախոյեան Սան Անթոնիօ Սփըրզ 12 յաջորդական յաղթանակներէ ետք 105-93 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Տիթրոյիթ Փիսթընզէն, իր դաշտին վրայ:
Քէյտ Քանինկհեմ 27 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տիթրոյիթի, որ 9-րդ յաղթանակը արձանագրեց 13-րդ մրցումին:
Վիքթոր Ուեմպանեամա 25 կէտ եւ 18 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Սփըրզի, որ տարեշրջանի 3-րդ պարտութիւնը կրեց իր 15-րդ մրցումին:
Անցեալ տարուան ախոյեան Նիւ Եորք Նիքս 111-102 արդիւնքով յաղթեց Թորոնթօ Ռեփթըրզին: Ճէյլըն Պրանսըն 31 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նիքսի, որ 8-րդ յաղթանակը արձանագրեց 14-րդ ելոյթին:
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 106-105 արդիւնքով շատ դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի դէմ: Այօ Տոսունմու 30 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մինեսոթայի, որ 11-րդ յաղթանակը արձանագրեց իր 15-րդ ելոյթին:
Ստորեւ երէկուան արդիւնքները.
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Չարլոթ Հոռնեթց 118-114
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Նիւ Եորք Նիքս 102-111
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 93-105
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 106-105
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Եութա Ճեզ 107-132


