Հայաստանի արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի փոխնախարար Վահան Կոստանեանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի փոխտեղակալ Փիթըր Անտրէոլիի համանախագահութեամբ կայացաւ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ստորագրուած համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութեան իրականացման աշխատանքային խումբի հանդիպումը` տեսակապի ձեւաչափով:
Կողմերը անդրադարձ կատարեցին համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութեամբ նախանշուած ոլորտային նախաձեռնութիւններու կատարման ընթացքին, «Թրամփի ուղի» նախագիծի իրականացման վերաբերող հարցերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ երկկողմանի յարաբերութիւններու այլ օրակարգային նիւթերու:
Քննարկումներուն կիզակէտը հանդիսացան ուժանիւթի, կարեւորագոյն հանքանիւթերու եւ հազուագիւտ հանածոներու, ինչպէս նաեւ կրթական եւ մշակութային համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:


