Քիքպոքսինկի հայ մարտիկ Տիգրան Յարութիւնեան ոսկի մետալ նուաճեց Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփիէի մէջ տեղի ունեցած «Ուաքօ»-ի 2026-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Հայ մարզիկը մինչեւ 60 քկ կշիռի կարգին մէջ ախոյեան դարձաւ իր չորս մրցակիցներուն ալ յաղթելով:
Աւարտականին 19 տարեկան Յարութիւնեան 15-3 արդիւնքով յաղթեց թուրք Սուլէյման Ալթիին` ձեռք ձգելով Հայաստանի առաջին ոսկի մետալը վերջին 15 տարիներուն:
Տիգրան Յարութիւնեան, դուրս ձգելէ ետք Լեհաստանի, Վրաստանի եւ Իտալիոյ իր մրցակիցները, հասած էր աւարտական:
Պրոնզէ մետալներ շահեցան Նորվեկիոյ եւ Լեհաստանի մրցակիցները:


