Խառն մենամարտերու հայ մարտիկ Արման Ծառուկեան հերթական տպաւորիչ յաղթանակը արձանագրեց Ապու Տապիի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) մէջ տեղի ունեցած ազատ ոճի ըմբշամարտի «Ռաֆ Ապու Տապի» մրցաշարքին:
«Ռիլ Ամերիքըն Ֆրիսթայլ» (ՌԱՖ) երեկոյի երկրորդ գլխաւոր իրադարձութեան ընթացքին, Ծառուկեանի մրցակիցը պրազիլցի յայտնի մարտիկ Նէյման Կրէյսին էր: Մրցումը տեղի ունեցաւ միջին կշիռի կարգի Քրոս-օվըր ձեւաչափով եւ վերջ գտաւ հայ մարզիկի ամբողջական առաւելութեամբ: Արդէն իսկ առաջին ռաունտին Ծառուկեան 10-0 արդիւնքով առաջ անցաւ եւ թեքնիք գերազանցութեամբ ժամանակի աւարտէն շուտ յաղթեց:
Արման Ծառուկեանի 9-րդ յաղթանակն էր ՌԱՖ-ի լիկայի մրցումներուն, 1 պարտութեան կողքին: Ան իր յաջորդ մենամարտը պիտի ունենայ 28 նոյեմբերին Անթոնի Փեթիսի դէմ մրցելով: Նշենք, որ հայ մարտիկը կը հանդիսանայ միջին կշիռի կարգի գործող ախոյեանը, բայց Կրէյսիի դէմ գօտեմարտը տիտղոսի համար չէր: Պրազիլցի Կրէյսի իր յաջորդական երկրորդ պարտութիւնը կրեց ՌԱՖ-ի լիկային մէջ:


