Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանիոյ Ներկայութիւնը Կասպից Ծովու Ափերուն Եւ Հայաստանի Անվտանգութեան Նոր Մարտահրաւէրները

November 10, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Հարաւային Կովկասը աստիճանաբար կը վերածուի միջազգային ռազմավարական մրցակցութեան կարեւորագոյն հանգոյցներէն մէկուն: Տարածաշրջանը, որ տասնամեակներ շարունակ գլխաւորաբար կը դիտուէր ռուսական ազդեցութեան գօտիին մէջ, այսօր դարձած է քաղաքական, տնտեսական, ուժանիւթային եւ ռազմական բազմակողմանի ներթափանցումներու թատերաբեմ:

Այս վերադասաւորման մէջ յատկանշական է Մեծն Բրիտանիոյ գործունէութեան աշխուժացումը Ազրպէյճանի մէջ: Լոնտոն իր ներկայութիւնը աստիճանաբար կը փոխադրէ ուժանիւթային ներդրումներու աւանդական շրջանակէն դէպի պաշտպանական արդիւնաբերութիւն, արհեստագիտական նորարարութիւն, փոխադրական ենթակառոյցներ եւ ռազմավարական համագործակցութիւն:

Անցնող սեպտեմբերին, Պաքու կատարած այցելութեան ընթացքին, Բրիտանիոյ պաշտպանութեան պետական նախարար Վերնըն Քոքըր մասնակցեցաւ Ազրպէյճանի պաշտպանական միջազգային ցուցահանդէսին եւ հանդիպումներ ունեցաւ երկրի քաղաքական ու ռազմական ղեկավարութեան հետ: Քննարկումներուն առանցքը կազմեցին պաշտպանութեան, ռազմական կրթութեան եւ ռազմաարհեստագիտական համագործակցութիւնը  զարգացնելու կարելիութիւնները:

Քանի մը օր ետք` 6 հոկտեմբերին, երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովը ընդունեց 2026-2027 թուականներու գործողութիւններու ծրագիր մը` ընդգրկելով աւելի քան վաթսուն նախաձեռնութիւն, տասը տարբեր բնագաւառներու մէջ: Միաժամանակ համաձայնութիւն գոյացաւ ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթի բնագիրին շուրջ:

Այս զարգացումները պէտք է դիտարկել առաւել լայն քաղաքական շրջագիծի մէջ:

Բրիտանական ներկայութիւնը նոր  երեւոյթ  մը  չէ  Ազրպէյճանի մէջ: Անոր տնտեսական հիմքերը կը հասնին մինչեւ անկախութեան առաջին տարիները, երբ BP-ն դարձաւ Կասպից ծովու ուժանիւթային պաշարներու շահագործման միջազգային  գլխաւոր դերակատարներէն մէկը:

Ազերի-Չիրակ-Կիւնէշլի հանքավայրերը եւ Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղատարը Բրիտանիոյ համար տնտեսական շահերէն անդին` նաեւ ռազմավարական նշանակութիւն կը  ներկայացնեն: Անոնք կարեւոր դերակատարութիւն պիտի ունենան Եւրոպայի ուժանիւթային  աղբիւրները ընդլայնելու, արտաքին մատակարարումներու միակողմանի յենումը նուազեցնելու, Հարաւային Կովկասի մէջ Բրիտանիոյ ազդեցութիւնը ամրապնդելու առումով:

Պաշտպանական արդիւնաբերութեան, ռազմական սարքաւորումներու, թուային ենթակառոյցներու եւ համակարգերու պաշտպանութեան ուղղութիւններով համագործակցութեան ընդլայնումը կրնայ Ազրպէյճանին ընձեռել յաւելեալ արհեստագիտական եւ քաղաքական առաւելութիւններ:

Պէտք է զանազանել երկու իրողութիւն. պաշտպանական համագործակցութեան ընդլայնումը հաստատուած զարգացում մըն է, մինչդեռ բրիտանական ռազմական մնայուն ներկայութեան կամ ապագայ ռազմափորձերուն ուղղակի մասնակցութեան մասին շրջանառուող տեղեկութիւնները ենթադրական բնոյթ կը կրեն  տակաւին:

Այսուհանդերձ, հաստատուած զարգացումները արդէն իսկ բաւարար են Հայաստանի համար ռազմավարական նոր գնահատում կատարելու:

2020-ի պատերազմէն եւ 2023-ի Արցախի հայաթափումէն ետք Հարաւային Կովկասի ուժերու հաւասարակշռութիւնը զգալի փոփոխութեան ենթարկուեցաւ: Ազրպէյճան ռազմական յաջողութիւնները կը փորձէ երկարաժամկէտ տնտեսական, դիւանագիտական եւ տարածաշրջանային առաւելութիւններու վերածել:

Միջազգային գործընկերութիւններու ընդլայնումը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի այս քաղաքականութեան մէջ:

Թուրքիոյ հետ ռազմական սերտ համագործակցութեան կողքին, Պաքու յարաբերութիւնները կը զարգացնէ Իսրայէլի, եւրոպական շարք մը երկիրներու, Մեծն Բրիտանիոյ եւ այլ դերակատարներու հետ: Ան կը փորձէ իր դիրքը  ամրապնդել` իբրեւ ուժանիւթ   հայթայթող, փոխադրական հանգոյց եւ տարածաշրջանային քաղաքական գործընկեր:

Հայաստանի տեսանկիւնէն այստեղ կը յառաջանայ բազմաշերտ մտահոգութիւն:

Առաջին հերթին` Ազրպէյճանի ռազմական կարողութիւններուն յաւելեալ զարգացումը կրնայ խորացնել  երկու  պետութիւններուն  միջեւ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող ուժային անհաւասարակշռութիւնը: Ռազմական նոր արհեստագիտութիւններու, հետախուզական միջոցներու եւ պաշտպանական կառավարման համակարգերու ձեռքբերումը կը բարձրացնէ Ազրպէյճանի  ռազմական ներուժը, նոյնիսկ եթէ գոյութիւն  չունենայ ձեռք բերուած միջոցները անմիջականօրէն Հայաստանի դէմ գործածելու որոշում:

Երկրորդ` տնտեսական խոշոր ներդրումները  ազդեցութեան լրացուցիչ միջոցներ կը ստեղծեն միջազգային քաղաքական յարաբերութիւններու մէջ:

Երբ պետութիւն մը տասնամեակներու ներդրումներով, ուժանիւթային պայմանագիրներով եւ ռազմավարական ենթակառոյցներով կապուած է այլ երկրի մը, այդ տնտեսական շահերը անխուսափելիօրէն մաս կը կազմեն անոր արտաքին քաղաքական հաշուարկներուն:

Հայկական դիւանագիտութիւնը պէտք է նկատի ունենայ, որ Պաքուի նկատմամբ որոշ միջազգային դերակատարներու քաղաքականութիւնը կը ձեւաւորուի նաեւ տնտեսական ու ապահովական սեփական առաջնահերթութիւններու ազդեցութեամբ:

Երրորդ` Միջին Միջանցքի զարգացումը կրնայ Ազրպէյճանը վերածել Կեդրոնական Ասիայէն դէպի Եւրոպա երկարող փոխադրական համակարգին ազդեցիկ հանգոյցներէն մէկուն:

Եթէ Հայաստան դուրս մնայ այդ զարգացումներէն, ան կրնայ աստիճանաբար կորսնցնել տարածաշրջանային տնտեսական վերադասաւորման մասնակցելու կարելիութիւնը:

Բրիտանիոյ եւ Ազրպէյճանի մերձեցումը  անպայման չի նշանակեր հակահայկական քաղաքականութիւն: Պետութիւնները իրենց արտաքին յարաբերութիւնները կը կառուցեն սեփական շահերու վրայ: Հայաստանի առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ  տեղ ապահովել փոխադարձ շահերու համակարգին մէջ:

Մեծն Բրիտանիոյ տարածաշրջանային հետաքրքրութեան ընդլայնումը Երեւանի համար կրնայ նաեւ նոր կարելիութիւններ ստեղծել` Հայաստանի տնտեսութեան տարբեր ոլորտներուն մէջ բրիտանական ներդրումներ ապահովելու, արհեստագիտական համագործակցութիւնը խորացնելու, պետական հաստատութիւններու կարողութիւնները զարգացնելու եւ պաշտպանական ոլորտին մէջ միջազգային նոր գործընկերութիւններ ձեւաւորելու ուղղութեամբ:

Սակայն այս կարելիութիւնները գործնական արդիւնքի վերածելու համար անհրաժեշտ է նախաձեռնող, հետեւողական եւ շահերու յստակ գիտակցութեամբ առաջնորդուող դիւանագիտութիւն:

Հայաստան պէտք է միջազգային գործընկերներուն յստակօրէն ներկայացնէ, որ Հարաւային Կովկասի երկարաժամկէտ կայունութիւնը չի կրնար հիմնուիլ Ազրպէյճանի տնտեսական հզօրացման եւ ռազմական կարողութիւններու ընդլայնման վրայ` անտեսելով տարածաշրջանային ուժերու հաւասարակշռութիւնն ու Հայաստանի անվտանգութեան շահերը:

Տարածաշրջանային խաղաղութիւնը կը հիմնուի փոխադարձ անվտանգութեան, տարածքային ամբողջականութեան անձեռնմխելիութեան պահպանման, ուժի գործադրութենէն հրաժարելու յստակ եւ վստահելի յանձնառութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսական զարգացման հաւասար ու արդար պայմաններու ապահովման վրայ:

Մեծն Բրիտանիոյ հետ Հայաստանի երկխօսութիւնը պէտք է կառուցուի այս սկզբունքներուն շուրջ:

Բրիտանական ներկայութիւնը Կովկասի մէջ պատմական նախընթաց ունի: 1918-1919 թուականներուն բրիտանական ռազմական ուժերը տարածաշրջան մուտք գործեցին միջազգային պատերազմի, ռուսական կայսրութեան փլուզման եւ Կասպից ծովու ուժանիւթային պաշարներու շուրջ ծաւալած մրցակցութեան պայմաններուն մէջ:

Այդ պատմութիւնը կը յիշեցնէ, որ մեծապետութիւններու քաղաքական ներկայութիւնը յաճախ կը ձեւաւորուի իրենց ռազմավարական շահերուն համապատասխան եւ կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ` միջազգային նոր իրադրութիւններու ազդեցութեամբ:

Հայաստանի համար գլխաւոր հետեւութիւնը յստակ է` ամրապնդել  սեփական պաշտպանական համակարգը, ընդլայնել արտաքին գործընկերութիւններու շրջանակը, գործուն մասնակցութիւն  բերել  միջազգային տնտեսական  ծրագիրներուն:

Հայաստանի դրացի պետութիւնները կ՛ամրապնդեն իրենց տնտեսական եւ ռազմական ներուժը, Երեւան տակաւին իր անվտանգութեան հեռանկարները կը կապէ արտաքին ուժերու խոստումներուն հետ:

Հայաստանի գոյատեւման եւ զարգացման երաշխիքները պէտք է կառուցուին սեփական պետական կարողութիւններուն, դիւանագիտական ճկունութեան եւ ազգային առաջնահերթութիւններու հետեւողական պաշտպանութեան վրայ:

Միջազգային քաղաքականութեան մէջ փոքր պետութեան մը իսկական ուժը կ՛արտայայտուի ո՛չ այնքան դաշնակիցներու թիւով, որքան սեփական շահերը յստակօրէն սահմանելու, վճռակամօրէն պաշտպանելու եւ փոփոխուող աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ զանոնք առաջ մղելու կարողութեամբ:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Վճարամիջոց-Մանրադրամի Պատրուակային Տեսութիւնը

RelatedPosts

Ինչպէ՞ս Կարելի Է Համաձայն Ըլլալ Նիկոլ Փաշինեանի Հետ
Անդրադարձ

Ինչպէ՞ս Կարելի Է Համաձայն Ըլլալ Նիկոլ Փաշինեանի Հետ

November 9, 2026
Ազգային Դպրոցներու Կրթական Միասնականացումը. Դասաբաշխում, Դասագիրքեր Եւ Քննութիւններ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցներու Կրթական Միասնականացումը. Դասաբաշխում, Դասագիրքեր Եւ Քննութիւններ

November 9, 2026
Վտանգը
Անդրադարձ

Ինքնութիւն, Նկարագիր, Դիմագիծ

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.