Ֆութպոլի աշխարհի մէջ, հազուադէպ են արկածները, որոնք պատճառ կրնան դառնալ մահուան:
Անցեալ տարի Սպանիոյ մէջ 19 տարեկան բերդապահ մը մահացած էր գլուխէն հարուած ստանալէ ետք Ե. դասակարգի ախոյեանութեան գծով մրցումի մը: Քոլինտրես խումբի բերդապահ Ռաուլ Ռամիրես երկու անգամ սրտի զարկի անակնկալ դադրեցում ունեցած էր մէկ անգամ դաշտին վրայ, իսկ երկրորդը` հիւանդանոց փոխադրուած պահուն: Ան 2 օր ետք մահացած էր հիւանդանոցին մէջ:
2001-ին ուքրանացի բերդապահ Սերկէյ Փերխուն մահացած էր գլուխէն ծանրօրէն վիրաւորուելէ ետք Մոսկուայի Բանակայիններու խումբին հետ ելոյթի մը պահուն:
Մալակայի բերդապահ Խոսէ Անթոնիօ Կայարտօ 1987-ի յունուարին մահացած էր` աւելի քան 3 շաբաթ առաջ զարնուելէ ետք Սելթա Վիկոյի յառաջապահ Պալթասարի հետ:
Երկուշաբթի օր, Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոսի սպանական Թեներիֆէ ակումբի խմբակից Խեսուս տէ Միկել դաշտի կեդրոնէն պիտի առանձնանար, երբ Անտորրա ակումբի բերդապահ Խեսուս Օվոնօ բիրտ ձեւով անոր զարնուեցաւ:
Բախումին պատճառով Տէ Միկել իր ուշքը կորսնցուցած էր, բայց հիւանդանոց փոխադրուած էր հիւանդակառքով:
Բերդապահը անմիջապէս կարմիր քարտ ստացած էր, բայց օրուան իրաւարարը մրցումը ընդհատած էր:
Օր մը ետք` երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 8:00-ին, 30 տարեկան Տէ Միկել մահացաւ: Բժիշկները ամէն ջանք թափեցին վերակենդանացնելու համար զինք, բայց բոլոր փորձերը ապարդիւն մնացին:
Սպանիոյ ֆութպոլի օրէնքներուն համաձայն, բերդապահը կրնայ կախակայուիլ 4-էն 12 մրցում:
Սպանիոյ ոստիկանութիւնը լուրջ հարցաքննութիւններ կատարեց, բայց որեւէ օրէնք չկայ բերդապահը բանտարկելու, մանաւանդ որ ան դիտմամբ սպաննելու նպատակ չունէր:
Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը բոլոր մրցումները յետաձգած էր երեքշաբթի օր` սուգ յայտարարելով:
Նշենք, որ Անտորրա ակումբի սեփականատէրն է Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ազգային խումբի նախկին յետսապահ Ժերար Փիքէ:


