Զուիցերիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան տարեշրջանը շատ լաւ սկսելէ ետք, Լուկանօ ակումբը 22 մրցումներէ ի վեր անյաղթ է, եւ իր ամերիկացի միլիառատէր սեփականատէրը նպատակ ունի ակումբը ախոյեան դարձնել 78 տարի ետք:
«Էմ. Էլ. Էս.»-ի ակումբ Շիքակօ Ֆայըր ակումբի «քոյր ակումբը», որուն սեփականատէրն է Ճօ Մանսուեթոն, այժմ եւրոպական ֆութպոլի ամէնէն կայուն խումբն է 19 յաղթանակներով եւ 3 հաւասարութիւններով:
Մանսուեթօ Լուկանոյի նորակառոյց մարզադաշտին մէջ կը գտնուէր, երբ Լուկանօ 2-1 արդիւնքով յաղթեց 2025-ի ախոյեան Պազելին, 9 կէտերու առաւելութիւն մը ունենալով ամէնէն մօտիկ մրցակիցին վրայ:
«Այսօր կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել այն բոլորին համար, որ ան ներկայացուց Լուկանոյի համակիրներուն», ըսաւ մարզիչ Մաթիա Քրոքի-Թորթի` Մանսուեթոյին, Լուկանոյի 10-րդ յաղթանակը արձանագրելէ ետք 11 (ախոյեանութեան) մրցումներու ընթացքին:
2021-ի օգոստոսին Մանսուեթօ ակումբին սեփականտէր դարձած էր եւ ամիս մը ետք Քրոքի-Թորթին նշանակած էր անակնկալ մարզիչ, Զուիցերիոյ իտալերէն խօսող շրջանի խումբին:
Կայունութիւնը հաստատուեցաւ այս տարեշրջանին, երբ Մոնտիալէն 4 օր ետք խումբը հասաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Քոնֆերենս լիկ»-ին:
Լուկանօ դուրս ձգեց Քոսովոյի, Ֆարօ կղզիներու եւ Իսրայէլի ներկայացուցիչները: 1991-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Կարմիր Աստղ Պելկրատին 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք, Լուկանօ մեկնեցաւ Մատրիտ եւ յաղթեց Խեթաֆէին` 5-2 արդիւնքով:
Տակաւին 4 ելոյթներ կան եւրոպական բաժակներու գծով, ինչ որ ծանր կը թուի Լուկանոյի նման փոքր խումբի մը համար, մինչեւ դեկտեմբեր ձմեռնային արձակուրդը:
Լուկանօ ունի լաւ մարզիկներ, որոնք Մոնտիալին ելոյթներ ունեցած են: Յետսապահ Հանես Տելքրուա 3 մրցում խաղցաւ Հայիթիի հետ, Մաթիա Զանոթթի Ինթեր Միլանի հետ էր, երբ 2023-ին 20 տարեկանէն վար Մոնտիալի աւարտական խաղցաւ Իտալիոյ հետ, մինչ Անթոնիոս Փափատուփուլոս 2024-ին միացած էր Գերմանիոյ Տորթմունտէն:
Վեթերան շունչ ալ կայ խումբին մէջ, ուր իրենց տեղը ունին Զուիցերիոյ ազգային խումբի նախկին միջնապահ Ռենաթօ Շթեֆեն եւ բերդապահ Տաւիտ Վոն Պալմուս (որ «Չեմփիընզ լիկ» խաղցած էր Եանկ Պոյզի հետ):
Եանկ Պոյզ այժմ ամէնէն մօտ մրցակիցն է եւ միակ խումբը, որուն հետ Լուկանօ կէտ կորսնցուց 12 հոգինոց ախոյեանութեան ընթացքին, եւ մարզիչ Քրոքի-Թորթի զգուշ է 78 տարի ետք տիտղոսի մասին խօսելու առումով:
Ատիկա կրնայ այլ անակնկալի մը յաջորդել, երբ անցեալ մայիսին Թուն անունով անծանօթ խումբ մը ախոյեան դարձած էր Զուիցերիոյ:
«Տակաւին նոյեմբեր ամիսն ենք, եւ կանուխ է որեւէ բան կանխատեսել: Պէտք է զգուշ ըլլալ եւ կեդրոնանալ: Վերջին մրցումին փաստեցինք, թէ կրնանք յաղթել, նոյնիսկ եթէ դժուար մրցակից ըլլայ», աւելցուց Քրոքի-Թորթի:
Պէտք է աւելցնել, որ Զուիցերիոյ մէջ ամէնէն հռչակաւոր ակումբներն են Պազել (20 անգամ ախոյեան), Կրասհոփերզ Ցիւրիխ (27 տիտղոս), Եանկ Պոյզ Պեռն (17 տիտղոս), Սերվեթ Ժընեւ (17 տիտղոս) եւ Ֆ. Ք. Ցիւրիխ (13 տիտղոս):


