Անցեալ երկուշաբթի գիշեր «Պալոն տ՛օր»-ի 2026-ի մրցանակը շահած էր անգլիացի Հերի Քէյն` չնչին առաւելութիւն ունենալով Բ. դիրքը գրաւած ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէի վրայ, մինչ սպանացի Լամին Եամալ գրաւած էր 3-րդ դիրքը:
Շաբաթ մը անցած է, բայց շատ տեղեր դժգոհութեան ձայներ բարձրացած էին կատարուած անարդարութեան մասին: Ոչ թէ Հերի Քէյնի «Ոսկի գնդակ»-ի տիտղոսին տիրանալուն համար, այլ ընդհանուր դասաւորման կարգ մը դիրքեր գրաւած մարզիկներու առնչութեամբ: Օրինակ` շատեր կը կարծեն, որ շատ լաւ տարեշրջան բոլորած մարզիկներ, որոնք իրենց ազգային խումբին հետ ալ փայլուն ելոյթներ ունեցած էին Մոնտիալին, շատ աւելի ցած դիրքեր գրաւած էին, ինչպէս էր պարագան ֆրանսացի Մայքըլ Օլիսէի: Օլիսէ Պայերն Միւնիխի հետ բացառիկ տարեշրջան մը բոլորած էր, մինչ Մոնտիալին ալ առաւելագոյն թիւով էսիսթներ կատարած էր, բայց միայն 9-րդ դիրքը գրաւած էր «Պալոն տ՛օր»-ի դասաւորման մէջ:
Օլիսէ 24 կոլ եւ 31-է աւելի էսիսթ ձեռք ձգած էր Պայերն Միւնիխի հետ, իսկ Մոնտիալին 7 կոլերու էսիսթ կատարած էր:
Վերջերս մարոքցի լրագրող Մուսթաֆա Պատրի զարմանալի երեւոյթի մասին խօսած էր:
Արդարեւ, քուէարկութեան ան առաջին դիրքի վրայ նշանակած էր իր ազգակից Աշրաֆ Հաքիմիի անունը, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմենի կարեւորագոյն տարրերէն մէկն էր: Բ. դիրքի վրայ դասուած էր Էմպափէն, իսկ Գ.` Եամալը:
Ան ըսած է. «Քուէարկութեան պաշտօնական մեկնարկէն ժամեր առաջ, որոշ անձեր կապ հաստատեցին հետս եւ փորձեցին համոզել, որ փոխեմ իմ ընտրութիւնս ու Հաքիմիի փոխարէն քուէարկեմ այլ ֆութպոլիստի մը: Այդ ֆութպոլիստին անունը կը նախընտրեմ չբացայայտել: Ես անշուշտ կարեւորութիւն չտուի այդ «խրատներուն», սակայն այս իրավիճակը կ՛ապացուցէ, որ ոսկի գնդակի քուէարկութեան գործընթացին մէջ քուէարկողներու վրայ ազդեցութիւն գործադրելու փորձեր կ՛ըլլան ըստ երեւոյթին:
Նշենք, որ ոսկի գնդակի տիտղոսի պայքարին մէջ Հաքիմի 65 կէտ շահած էր` գրաւելով ընդհանուր դասաւորման 13-րդ դիրքը:


