Ազրպէյճան Ուքրանիոյ 1,5 միլիոն տոլարի ուժանիւթային սարքաւորումներ տրամադրած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ուքրանիոյ ելեկտրականութեան նախարարութիւնը եւ Քիեւի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Սէյմուր Մարտալիեւ կը հաղորդեն, որ օգնութիւնը կը ներառէ 9 ուժային փոխարկիչներ, 186 քիլոմեթր ընդհանուր երկարութեան ելեկտրական մալուխներ եւ բաշխիչ սարքեր:
Ուքրանիոյ ելեկտրականութեան նախարարութեան տուեալներով, Ռուսիոյ լայնածաւալ ներխուժումէն ի վեր երկիրը Ազրպէյճանէն ստացած է 159 մարդասիրական բեռ` աւելի քան 2 հազար 432 թոն ընդհանուր կշիռով:
Մարտալիեւ յայտնած է, թէ օգնութիւնը փոխանցուած է Ազրպէյճանի նախագահին հրամանագրով:


