Կիրակի օր հայ լուղորդ Վլատիմիր Վարոսեան սկսաւ իր ելոյթները Սենեկալի մայրաքաղաք Տաքարի մէջ տեղի ունեցող 4-րդ պատանիներու ամառնային Ողիմպիական խաղերուն:
100 մեթր թիթեռնիկ լողաոճի զտումի մրցումներուն, Վարոսեան ձեռք ձգեց 1 վայրկեան 06 երկվայրկեան արդիւնք` ութ մասնակիցներու մէջ գրաւելով 6-րդ դիրքը:
Վարոսեան դարձաւ Հայաստանի հինգ ներկայացուցիչներէն առաջինը, որ սկսաւ 2026-ի պատանեկան Ողիմպիական խաղերը:
Հայաստանի յաջորդ ներկայացուցիչը պիտի ըլլայ Մարկարիթա Գէորգեան, որ վաղը պիտի մրցի 50 մեթր ազատ ոճի մրցումներուն:
Տակաւին Հայաստանէն 3 այլ մարզիկներ բռնցքամարտի, թայ քուանտոյի եւ աթլեթիզմի մրցումներուն պիտի մասնակցին:
Նշենք, որ մինչեւ 13 նոյեմբեր տեւող Ողիմպիական այս խաղերը առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենան Ափրիկէի ցամաքամասին մէջ:


