Աթլեթիքօ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէ կրկնեց Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի պատմութեան լաւագոյն ցուցանիշը` գլխաւոր մարզիչներու շրջանակով յաղթանակներու քանակով:
Արժանթինցի մասնագէտը այս մրցանիշին հասաւ Լեվանթէի դէմ 11-րդ հանգրուանի մրցումին: Աթլեթիքօ Մատրիտ Լեվանթէի դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով յաղթեց: Յաղթանակ մը, որ եղաւ Սիմէոնէի 344-րդը «Լա լիկա»-ին մէջ:
Այս ցուցանիշով ան հաւասարեցաւ սպանացի անուանի մարզիչ Լուիս Արսկոնեսին, որ 344 յաղթանակի հասած էր 756 մրցումներու ընթացքին: Սիմէոնէ նոյն թիւին (344) հասնելու համար պէտք ունեցաւ 565 մրցումներու:
Պէտք է նշել, որ Սպանիոյ «Լա լիկա»-ին մէջ Սիմէոնէ մարզած է միայն մէկ ակումբ` Աթլեթիքօ Մատրիտը:


