Կապի Ուիլիամս առաջնորդեց Կոլտըն Սթէյթ Վալքերիզ խումբը աղջկանց «Էն. Պի. Էյ.»-ի տիտղոսին` պարտութեան մատնելէ ետք Աթլանթա Տրիմը` 68-63 արդիւնքով:
7-րդ եւ վճռական ճակատումին, Վալքերիզ պատմութիւն կերտեց իր երկրորդ «Էն. Պի. Էյ.»-ի եղանակին դառնալով ախոյեան:
Ուիլիամս նշանակեց իր խումբի վերջին 11 կէտերը 3-րդ մասին` 4-րդ մասին ալ կէտերու հաշիւը հասցնելով 30 կէտերու:
Ուիլիամս միացաւ Փենի Թէյլըրին, որ 2007-ին Ֆինիքսը առաջնորդած էր իր կարգին 30 կէտեր նշանակելով 2-րդ ու վճռական մրցումին եւ պատմութիւն կերտելով:
Ճորտըն Քանցա 18 կէտ նշանակեց եւ Ալիշա Կրէյ 16 կէտ աւելցուց ի նպաստ Տրիմի, որ 4-րդ անգամ ըլլալով չկրցաւ ախոյեան դառնալ` հասնելէ ետք աւարտականին:


