Կ՛աջակցինք այն հաղորդակցութիւններուն, զորս մեր ազրպէյճանցի եղբայրները ունին Հայաստանի հետ: Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստի ընթացքին` կազմակերպութեան 13-րդ վեհաժողովի ծիրին մէջ:
«Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը նշանակալի կարելիութիւններ պիտի բանան թէ՛ շրջանի երկիրներու, թէ՛ ալ ամբողջ թրքական աշխարհին համար:
«Ես կ՛աջակցիմ այն հաղորդակցութիւններուն, զորս մեր ազրպէյճանցի եղբայրները ունին Հայաստանի հետ, եւ կը յայտարարեմ, որ մենք այսուհետեւ եւս կարելի եղածին չափ մեր ներդրումը պիտի ունենանք հաստատուն խաղաղութեան հասնելու գործին մէջ», ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ մէկ օր առաջ յայտնի դարձած էր, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը պիտի չմասնակցի 30 հոկտեմբերին Անգարայի մէջ ընթացող Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան 13-րդ վեհաժողովին: Պատճառները, ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու համաձայն, «նախապէս ծրագրուած միջոցառումներն ու խիստ երթեւեկային/աշխատանքային ժամանակացոյցն են»:
Անոնց տուեալներով` Ալիեւ կը ծրագրէ 30 հոկտեմբերին պարգեւատրել ՖԻՖԱ-ի առաջին անգամ ըլլալով Պաքուի մէջ տեղի ունեցող մինչեւ 15 տարեկան խաղացողներու աշխարհի առաջնորդութեան եւ փառատօնի եզրափակիչ փուլի մասնակիցները:


