Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 24, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն. «Իսրայէլեան բանակը Հըզպալլայի հետ կռիւի նոր փուլի կը պատրաստուի»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, տարածուած են տեղեկութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ Հըզպալլան իր ազդեցութեան շրջաններուն մէջ գտնուող շարք մը ղեկավարներու ցուցմունք տուած է` իրենց ընտանիքներուն համար այլընտրանքային բնակարաններ փնտռել աւելի ապահով շրջաններու մէջ` իրենց ներկայ բնակութեան վայրերէն հեռու:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «մինչեւ սպասուող լարուածութեան աւարտը Հռոմի բանակցութիւնները շարունակելու Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններ պիտի չըլլան: Խօսքը ոչ միայն շրջանային ու միջազգային մագլցումի մասին է` հաշուի առնելով Իսրայէլի կողմէ Իրանին հարուած հասցնելու սպասման, այլ նաեւ յատկապէս Լիբանանի մէջ լարուածութեան սրման մասին է»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, տակաւին բաւարար տուեալներ չկան` Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթի միջեւ Թել Աւիւի մէջ չյայտարարուած հանդիպումը Լիբանանի շուրջ բանակցութիւններուն ուղղակիօրէն կապելու համար: Բայց եւ այնպէս, հանդիպումի պահը հարցականներ կը յառաջացնէ` հաշուի առնելով Իրանի դէմ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու հաւանական վերսկսման մասին ցուցանիշերը, ինչպէս նաեւ այն հաւանական հետեւանքները, որոնք կրնան ազդել բանակցութիւններու ընթացքին եւ Լիբանանի մէջ իրավիճակին վրայ:

. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի եւ Հըզպալլայի միջեւ տարակարծութիւնը նորութիւն չէ եւ իրական է, ինչպէս զայն տեսած ենք նախկին փուլերուն մէջ շարք մը նիւթերու, ներառեալ պատերազմի նկատմամբ մօտեցման մէջ»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Տիար» օրաթերթին. «Սահմանադրական խորհուրդի որոշումները վերջնական ու անդառնալի են: Համաներման օրէնքը կարելի է դասել շատ նուրբ թղթածրարներուն շարքին, որոնք կը պահանջեն շրջաններուն միջեւ հաւասարակշռութիւն եւ արդարութիւն, եւ այլեւս միայն բանտարկեալներու ազատ արձակման կամ վճիռներու մեղմացման չի վերաբերիր, այլ Սահմանադրական խորհուրդի որոշումները յարգելու անհրաժեշտութեան»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթին հասած ապահովական տեղեկութիւններուն համաձայն, «Հըզպալլայի կազմակերպական ու զինուորական կառոյցին մէջ մեծ ցնցում. խօսակցութիւններ կը շրջին զինեալներու դասալքութեան եւ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի շարք մը սպաներու Լիբանանէն հեռանալուն մասին»:

. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 53000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.686.000 լ.ո.-ի եւ 2.704.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 1000 լ.ո. եւ հասաւ 2.564.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.494.000 լ.ո.:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեամբ, Լիբանանի մէջ նաւթամթերքի սպառումը անցնող ամիսներուն բաղդատմամբ նուազած է 16 առ հարիւրով: Սակայն, յատկանշական է, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին նոյնպիսի անկում արձանագրուած է, ինչ որ, ըստ մասնագէտներու, ցոյց կու տայ, որ այս նուազումը եղանակային բնոյթ կը կրէ, եւ հիմնականին մէջ պայմանաւորուած է ամառնային եղանակէն ետք արտասահմանի լիբանանցիներու Լիբանանէն հեռանալով, ինչ որ անմիջականօրէն կ՛ազդէ ներքին սպառման վրայ: Մէկ խօսքով, նաւթամթերքի սպառման ընդհանուր նուազում չկայ:

 

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Վաղը` Անդրանիկ – ՀՄԸՄ

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց  Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու  Թղթածրարին Շուրջ Հետաքննութիւնը  Ամբողջացնել
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Թղթածրարին Շուրջ Հետաքննութիւնը Ամբողջացնել

October 23, 2026
Ֆրանսա Եւ Քաթար Կը Յայտարարեն.  «ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտը  Պէտք Չէ Ապահովական Բացի Յանգեցնէ»
Լիբանանեան

Ֆրանսա Եւ Քաթար Կը Յայտարարեն. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտը Պէտք Չէ Ապահովական Բացի Յանգեցնէ»

October 23, 2026
Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Փոփոխութեան Որեւէ Նիստ Պիտի Չհրաւիրեմ»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Լիբանան Ներկայիս Չի Տոկար Որեւօ Թղթածրարի Արծարծման, Որ Ներքին Լարուածութիւններ Կը Ստեղծէ»

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.