Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Լիբանանի մէջ հանրային փոխադրութեան զարգացման ուղղութեամբ» խորագիրով դասախօսութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ հանրային փոխադրութեան զարգացումը առաջնահերթութիւն մըն է, որ իւրաքանչիւր քաղաքացիի կեանքին վրայ կ՛ազդէ եւ տնտեսական վերականգնման, ընկերային արդարութեան եւ հաւասարակշռուած զարգացման ուղիի խորքը կը կազմէ:
Ան ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը ապահովելու ժամանակակից եւ կանոնաւոր փոխադրական ցանց մը, որ Լիբանանի շրջանները իրարու կը կապէ եւ քաղաքացիներուն կ՛արտօնէ անվտանգ, արժանապատիւ կերպով եւ մատչելի գինով տեղաշարժիլ:
Վարչապետը նշեց, որ Լիբանանի մէջ հանրային փոխադրութեան ճգնաժամը կ՛ամփոփուի հանրային կառոյցներու տարիներու շարունակ անտեսումով եւ բարեփոխումներու յետաձգումով, որուն պատճառով քաղաքացին մինակը կը դիմագրաւէ հիմնական ծառայութիւններու բացակայութեան հետեւանքները:
Ան շեշտեց, որ պետութեան պատասխանատուութիւնը կը սկսի հանրային փոխադրամիջոցները դարձնելով մատչելի եւ յուսալի տարբերակ, որուն վրայ մարդիկ կրնան վստահիլ իրենց առօրեայ կեանքին մէջ:
Ինչ կը վերաբերի լուծումին, Սալամ յայտարարեց անհրաժեշտութիւնը մշակելու ժամանակակից եւ կազմակերպուած հանրային փոխադրութեան ցանցի ծրագիր մը, որ Լիբանանի շրջանները իրարու պիտի կապէ, գիւղերն ու քաղաքները շրջանային եւ նահանգապետական կեդրոններու հետ պիտի կապէ, եւ պիտի դիւրացնէ մեծ քաղաքներու մէջ տեղաշարժը:


