Արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսար նշեց, որ Հըզպալլայի պայթուցիկ նիւթերու թղթածրարին շուրջ հետաքննութիւնը «կը շարունակուի եւ կ՛ընդլայնուի, յարգելով նախագահ Ժոզեֆ Աունի, վարչապետ Նաուաֆ Սալամի եւ արդարադատութեան նախարարութեան յանձնառութիւնը, թէ հետաքննութեան նշաձող գոյութիւն չունի, եւ անոր վրայ ազդելու առումով քաղաքական միջամտութիւն չկայ»: Նասսար այս մասին յայտնեց «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին:
Արդարադատութեան նախարարը ըսաւ, որ այդ թղթածրարը Արդարադատական խորհուրդին փոխանցելու պահանջը «անկախ հոլովոյթ մը պիտի ըլլայ հետաքննութեան եւ ներկայ արդարադատական քայլերէն, որոնց նկատմամբ ամբողջական վստահութիւն ունինք»:
«Ամբողջական վստահութիւն ունինք դատաւորներուն, այսինքն` ընդհանուր դատախազ, դատաւոր Ահմետ Ռամի Հաժի եւ Զինուորական դատարանին մօտ կառավարութեան յանձնակատար դատաւոր Քլոտ Ղանեմի վրայ», ըսաւ ան:
«Այս հարցը մեզի համար խորքային է», նշեց արդարադատութեան նախարարը:
Նասսար յայտնեց, որ նշեալ թղթածրարը Արդարադատութեան խորհուրդին փոխանցելու պատճառները թղթածրարին ծաւալն ու վտանգներն են, «որովհետեւ կը տեսնենք, թէ ազգային անվտանգութեան ոտնահարում է, եւ ատիկա Արդարադատութեան խորհուրդի մասնագիտութիւնն է»:
Ան ընդգծեց, որ պահանջը հիմնուած է իրաւական արժեչափերու վրայ եւ ոչ թէ քաղաքականութեան:
«Յստակ են նախարարաց խորհուրդի որոշումները, որոնք պետութեան ծիրէն դուրս պատերազմական եւ զինեալ արարքները կ՛արգիլեն», ըսաւ արդարադատութեան նախարարը:
«Երկու պարագաներուն ալ` ըլլայ այդ օգտագործումը ներքին առումով կամ պատերազմական արարքներու գծով, (Լիբանանի դէմ իսրայէլեան) պատերազմներու պատրուակներ կը ստեղծէ, ինչ որ ազգային անվտանգութեան խաթարում եւ կիրարկուող օրէնքներու խախտում է», աւելցուց Նասսար:


