40 տարիներ առաջ լիբանանահայ տուներուն մէջ գրեթէ միայն արաբերէն եւ օտար լեզուներ հնչող ձայնասփիւռներէն ամենայն անուշութեամբ եւ հարազատութեամբ կը հնչէ արեւմտահայերէնը, կը լսուին հայկական երգն ու երաժշտութիւնը` աւետելով ծնունդ «Վանայ Ձայն»-ին:
40 տարիներէ ի վեր Լիբանանի մէջ գործող ձայնասփիւռի այս կայանը, լիբանանահայութեան համար կենսական դարձաւ, լիբանանահայուն սրտին մօտիկ էր միշտ: Բայց եւ այնպէս անոր գործունէութիւնը չսահմանափակուեցաւ Լիբանանով, այլ, օրուան ընձեռած կարելիութիւններուն համապատասխան, զարգացաւ, ընդարձակեց իր հասանելիութիւնը, ճոխացուց յայտագիրները` միշտ մնալով այն անուշ ու հարազատ ձայնը, որ Լիբանանի մէջ ու աշխարհով մէկ կը շոյէ ականջը եւ կը մտնէ միտքէն եւ սրտէն ներս իւրաքանչիւր հայու, որ կը սեղմէ կոճակը եւ կը թափանցէ «Վանայ Ձայն»-ին աշխարհին մէջ:
«Վանայ Ձայն»-ի ծննդոցին, անոր հիմնադիրներուն, 40 տարիներ շարունակ անոր ապրած զարգացումներուն, անոր գոյերթին համար իրենց անձն ու մասնագիտութիւնը ներդրած նուիրեալներուն եւ դէպի ապագայ բացուող հորիզոնին մասին «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեանին հետ:
Ն. Բ.
«ԱԶԴԱԿ».- Կը պատրաստուիք նշելու «Վանայ Ձայն»-ի հիմնադրութեան 40-ամեակը: Կրնա՞ք ըսել, թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ հիմնուած է «Վանայ Ձայն»-ը:
ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ.- 1980-ականներու առաջին կիսուն Լիբանանի մէջ գործելու սկսան Էֆ.Էմ. ալիքի հայկական շարք մը ռատիոկայաններ («Ռատիօ Փարատայզ», «Լիպանօ Հայ Ազգի Ձայն», «Լիբանանի Հայկական Ռատիոկայան», «Ռատիօ Մելոտի» եւ այլն): Ասոնք անձնական ռատիոկայաններ էին, որոնք առաւելաբար երգ-երաժշտութիւն կը սփռէին եւ «պատուէր»-ներու` իրարու երգ նուիրելու յայտագիրներ կը ներկայացնէին:
Այդ օրերուն Էֆ.Էմ. ալիքները նորութիւն էին: Մինչեւ 1980-ականներ ունկնդիրներ Լիբանանի պետական ռատիոկայանի հայկական ռատիոժամէն շաբաթը քանի մը անգամ կրնային կէս ժամ հայերէն երգ-երաժշտութիւն լսել եւ կիրակի օրերն ալ, կէս ժամ մը, Կիպրոսի պետական ռատիոկայանի հայկական ռատիոժամին հետեւիլ: Պատկերասփիւռը երեկոները միայն կը գործէր, իսկ ցերեկը ռատիոն մարդոց գլխաւոր զբաղումն էր: Երկիրը պատերազմի մէջ էր, բաժան-բաժան էր եւ մարդիկ իրենց բնակարաններուն եւ գործատեղիներուն մէջ գլխաւոր զբաղում ունէին ռատիոն, որ նաեւ լուրերու հետեւելու ամէնէն դիւրին եւ արագ միջոցն էր:
«Ա.».- Այդ տարիներուն կար նաեւ հայ երգի վերազարթօնք մը:
Վ. Ա.- Շա՛տ ճիշդ, սփիւռքահայ եւ լիբանանահայ երգի բեղուն շրջանն էր` Ատիսը, Փոլը, Մաքսիմը, Մանուէլը, Լեւոն Գաթրճեանը եւ ուրիշներ իրարու ետեւէ երգեր կը ներկայացնէին եւ հրապարակն ու ռատիոկայանները անոնցմով կ՛ողողէին: Քանակը լաւ էր, սակայն որակը` ոչ միշտ: Անորակ, թրքաշունչ եւ թրքաբարոյ երգեր շատ կային:
Հայաստանի մէջ եւս կար երգի նոր ալիք մը, որուն կու տային էսդրատային անունը: Ռայիսա Մկրտչեանը, Լոլա Խումեանցը, Եորկի Մինասեանը եւ անոնց կողքին հիներէն` Յովհաննէս Բադալեանը, Ռուբէն Մաթեւոսեանը, Վարդուհի Խաչատրեանը, Օֆելիա Համբարձումեանը, որոնք ժողովրդային երգի հանրածանօթ դէմքեր էին, հայ երգարուեստը կը հարստացնէին բազմաթիւ նորութիւններով:
Չմոռնանք, որ 1980-ականներու սկիզբը Խորհրդային Միութեան երկաթէ վարագոյրը սկսած էր կամաց-կամաց բացուիլ եւ Խորհրդային Հայաստան-Սփիւռք կապերն ալ սկսած էին զգուշաւոր եւ դանդաղ կերպով զարգանալ: Ուսանողներ եւ ճամբորդներ, որոնք Հայաստան կ՛երթային-կու գային, աւելի դիւրութեամբ իրենց հետ նորութիւններ կը բերէին եւ հայրենի երգը լիբանանահայութեան կը ծանօթացնէին:
«Ա.».- Յիշեցիք ռատիոկայաններու մասին, որո՞նք կը վարէին այդ ռատիոկայանները:
Վ. Ա.- Եթէ հնութեան կարգով սկսինք, Լիբանանի պետական ռատիոկայանի հայկական ռատիոժամը սկսած է 1948-ին, ռատիոկայանի հիմնադրութեան հետ: Մաթիլտ Պուտագեանը եւ Ներսէս Տէր Յովհաննէսեանը եղած են սկզբնական շրջանի խօսնակները: Յետոյ ռատիոժամին տնօրինումը յանձնուած է Համազգայինին, որ յատուկ յանձնախումբ մը յառաջացուցած է այս նպատակին համար:
Ինչ կը վերաբերի Էֆ.Էմ. ալիքի ռատիոկայաններուն, անոնց տնօրէնները եղած են` Յակոբ Եսայեանը («Ռատիօ Փարատայզ»), Մինաս Հանսքէհէեանը («Լիպանօ Հայ Ազգի Ձայն»), Արա Սարգիսեանը («Լիբանանի Հայկական ռատիոկայան») եւ այլն: Այսքանը ես կը յիշեմ: Եթէ անուններ մոռցած եմ, կարելի է աւելցնել: Կար նաեւ անուն մը, որ գրեթէ բոլոր ռատիոկայաններու հիմնադրութեան մասնակցած է եւ տեղէ տեղ փոխադրուած է, այդ ալ Յակոբ Ալթունեանն է:
1984-ի ամրան Յակոբ Ալթունեան, «Լիբանանի հայկական ռատիոկայան»-էն բաժնուելով, Պուրճ Համուտի Մարաշ թաղին ծայրը («Արմենիա» պողոտային վրայ, Հատիտեաններու շէնքին հանդիպակաց թաղը), Յարութիւն Հաճիմանուկեանի մէկ յարկաբաժինին մէջ կը հիմնէ «Վանայ Ձայն»-ը: 1985-ի վերջերը ան «Վանայ Ձայն»-ի սեփականատիրոջ հետ հարց ունենալով, կը հեռանայ կայանէն եւ 1987-ին դերակատար կը դառնայ «Սեւանայ ձայն»-ի հիմնադրութեան մէջ (չշփոթել «Ռատիօ Սեւան»-ին հետ, որ հիմնուած է 2007-ին):
«Ա.».- Վերադառնանք «Վանայ Ձայն»-ի հիմնադրութեան պայմաններուն: Ինչպէ՞ս կը կատարուի հիմնադրութիւնը:
Վ. Ա.- Այդ տարիներուն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն իր կազմէն յատուկ ներկայացուցիչի մը` Յակոբ Բագրատունիին պարտականութիւն տուած էր, իբրեւ քարոզչական աշխատանքներու պատասխանատու, հետեւիլ լիբանանահայ ռատիոկայաններու աշխատանքին: Երբ Կեդրոնական կոմիտէն իրազեկ կը դառնայ «Վանայ Ձայն»-ի կացութեան եւ նկատի առած, որ սեփականատէրը` Յարութիւն Հաճիմանուկեանը կուսակցական էր, կ՛առաջարկէ, որ ան ռատիոկայանը տրամադրէ կուսակցութեան: Հաճիմանուկեան, կ՛ընդառաջէ առաջարկին եւ մարտ 1986-ին «Վանայ Ձայն»-ը իր բոլոր սարքաւորումներով եւ յարկաբաժինի գործածութեան կարելիութիւններով կը յանձնէ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին: Տնօրէն կը նշանակուի Վաչէ Բրուտեանը, եւ ռատիոկայանը իր սփռումներուն կը սկսի 1 ապրիլ 1986-ին, օրական 6 ժամուան դրութեամբ, երեկոյեան ժամը 6:00-12:00: Այս պատմութիւնը տեղ մը կը յիշեցնէ «Ազդակ»-ի պատմութիւնը, որովհետեւ գրեթէ նոյն ձեւով, այլ կուսակցական սեփականատէր մը` Հայկ Պալեանը, 1965-ին թերթը կը յանձնէ կուսակցութեան:
«Ա.».- Ինչպէ՞ս ընթացք կ՛առնեն ռատիոկայանին աշխատանքները եւ սկզբնական շրջանին ի՞նչ դժուարութիւններու կը բախին անոնք:
Վ. Ա.- «Վանայ Ձայն»-ը կը ծնի գրեթէ ոչինչէն` առանց անձնակազմի, առանց որեւէ փորձառութեան, առանց անհրաժեշտ երգի ձայնադարան ունենալու: Պատերազմի տարիներ էին` ռմբակոծումները, ելեկտրականութեան տեւական ընդհատումները (այսօրուան շարժակները չկային տակաւին), ճամբաներու փակումները կը ստեղծէին աշխատանքի ծանր պայմաններ: Կար նաեւ արտագաղթի երեւոյթ. աշխատակիցներ հազիւ փորձառութիւն ձեռք ձգած` անդարձ կը մեկնէին երկրէն:
Այս բոլոր դժուարութիւնները կը յաղթահարուին համբերութեամբ, ծրագրումով եւ նուիրեալ աշխատանքով: Կը յառաջանայ անձնակազմ` 4 լիաժամ, 4 կիսաժամ պաշտօնեաներով եւ քանի մը աշխատակիցով: Կը ստեղծուի լաւ ձայնադարան` մէկ կողմէ Համազգայինի ռատիոժամի ձայներիզներով, իսկ միւս կողմէ` Դանիէլ Մածունեանի եւ Ճօ Թաշճեանի աջակցութեամբ: Մածունեան արխիւային կարեւոր նիւթեր կը մատակարարէ ռատիոկայանին, իսկ Թաշճեան մեծաթիւ ձայնապնակներ ձայներիզներու կը վերածէ եւ ռատիոկայանին կը տրամադրէ:
«Ա.».- Իսկ ի՞նչն էր, որ «Վանայ Ձայն»-ը առաջին օրէն կը զատորոշէր այլ ռատիոկայաններէն:
Վ. Ա.- Կուսակցական յանձնառութեան կողքին, մշակութային եւ լեզուական որակը: Ի տարբերութիւն անձնական ռատիոկայաններուն, «Վանայ Ձայն» առաջին օրէն կ՛որդեգրէր յստակ քաղաքականութիւն` սփռելու միայն հայաշունչ երգեր: Ընտրութիւնը կը կատարուէր բաւական բծախնդիր կերպով: Յաջորդական տնօրէնները եւ անոնց գործակիցները, ինչպէս` Մանուշակ Պոյաճեանը, Մելքոն Տեմիրճեանը, աւելի ուշ նաեւ Զաքար Քէշիշեանը եւ ուրիշներ յատուկ զտումի կ՛ենթարկէին ռատիոկայանին ներկայացող երգերը: Ուշադրութիւն կը դարձուէր երգերու բառերուն, եղանակին եւ կատարման ձեւին: Ուղղակի թրքերէնէ թարգմանուած եւ կամ թրքական գլգլացող երանգներով երգերը տեղ չունէին «Վանայ Ձայն»-ի մէջ: Կար արգիլեալ երգերու երկար ցանկ: Շրջան մը մինչեւ իսկ այս երեւոյթին անդրադարձող եւ երգիչները հրապարակային կերպով պախարակող յայտագիր կար` «Երգ աղմուկ»: Որքան գիտեմ, եղած է նաեւ ժամանակ (2002-2003), երբ տնօրէնութեան կողքին գործած է գեղարուեստական որակի ուսումնասիրութեան յանձնախումբ մը` երգերու զտումը կատարելու համար:
Յատկանշական երկրորդ երեւոյթը խստապահանջութիւնն էր լեզուի հանդէպ: Անթերի արեւմտահայերէն գործածելու, յայտագիրներու եւ ծանուցումներու լեզուն անաղարտ պահելու տեւական ճիգը: Օրին, ինչպէս այսօր, բազմաթիւ յայտագիրներ գրաւոր կը պատրաստուէին, տնօրէնութեան կը ներկայացուէին եւ լեզուական սրբագրութեան կ՛ենթարկուէին: Ունկնդիրները կրնան յիշել նաեւ այս նպատակին համար գրագիտուհի Շահանդուխտի եւ աւելի ուշ` Արմէն Ապտալեանի «Մաքուր պահենք հայերէնը» եւ «Ճիշդ հայերէն խօսինք» յայտագիրները:
«Վանայ Ձայն» առաջին օրէն փորձած է գոհացնել ճաշակը առաւելագոյն թիւով ունկնդիրներու եւ անոր համար իր յայտագիրները եղած են այլազան` ազգային, մշակութային, դաստիարակչական, ընկերային, առողջապահական, կրօնական, մանկական, մարզական, ժամանցի եւ այլն:
Վերջապէս, «Վանայ Ձայն» այլ ռատիոկայաններէ զատորոշուած է անով, որ երկար տարիներ ան եղած է քաղաքական լրատուութեամբ եւ յայտագիրներով հայկական միակ ռատիոկայանը Լիբանանի մէջ: Կարճատեւ շրջաններ այլ ռատիոկայաններ եւս քաղաքական լրատուութիւն ունեցած են, սակայն այսօր անոնք չկան եւ դարձեալ «Վանայ Ձայն» միակն է այս մարզին մէջ: Այս իրողութիւնը, մեծ պարտաւորութեան կողքին, մեծ յանձնառութեան տակ կը դնէ ռատիոկայանին պատասխանատուները:
Այս բոլորը, առաւել` տարիներու աշխատանքով ռատիոկայանին ապահոված վարկն եւ հեղինակութիւնը ունկնդիրներուն մօտ, «Վանայ Ձայն»-ը դուրս բերած են լիբանանեան իր շրջագիծէն եւ ժամանակի ընթացքին դարձուցած են համահայկական լրատուամիջոց, որուն Լիբանանի չափ եւ թերեւս ալ աւելի կը հետեւին արտասահմանի մէջ: Բազմաթիւ յայտագիրներ տարիներէ ի վեր կը սփռուին նաեւ սփիւռքի այլ ռատիոժամերէն: Մինչ կարգ մը յայտագիրներ ընկերային ցանցերու ճամբով կը շրջին ամբողջ աշխարհը:
«Ա.».- Վերադառնանք պատմութեան. ռատիոկայանը մինչեւ ե՞րբ գործեց իր սկզբնական վայրին մէջ:
Վ. Ա.- Մինչեւ 1990, երբ ան վերջնակապէս փոխադրուեցաւ նորակառոյց «Շաղզոյեան» կեդրոնի երկրորդ յարկը: 1999-ին ան ենթարկուեցաւ որոշ բարեզարդման, իսկ 2008-ին հիմնականօրէն վերանորոգուեցաւ «Փիւնիկ» հիմնադրամին ջանքերով: Աւելի ուշ ան ենթարկուեցաւ մասնակի կարգ մը վերանորոգութիւններու, որոնցմէ վերջինը` 2018-ին:
«Ա.».- Որո՞նք վարած են «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէնութիւնը:
Վ. Ա.- Ինչպէս յիշեցինք, առաջին երկու տարին` 1986-1988, տնօրէնը եղած է Վաչէ Բրուտեանը: Լիբանանէն մեկնումէն ետք, շրջան մը ռատիոկայանը վարած է Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ ճշդուած ներկայացուցիչը` Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Բագրատունին: Նման ներկայացուցիչներ կամ տնօրէն-խորհուրդներ գործած են նաեւ աւելի ուշ: 1989-1999 տնօրէնութիւնը վարած է Վարուժան Թէմպէլեանը, 2000-2002` Բենօ Թոնդեանը, 2009-2019` Աւետիս Կիտանեանը, իսկ փետրուար 2019-էն մինչեւ օրս` տնօրէնութիւնը վստահուած է մեզի:
Միջանկեալ, 1999-ին «Վանայ Ձայն» գործած է տնօրէն-խորհուրդով մը (Յակոբ Լատոյեան, Մարտիկ Տեմիրճեան, Մինաս Հանսքէհէեան): 2003-2007 աշխատանքները յառաջ տարուած են վարիչ-խմբագիրով եւ վարչական պատասխանատուով (Արմէն Ապտալեան եւ Ֆետի Թաժրա): 2008-2009, շրջան մը ռատիոկայանը դարձեալ գործած է Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ ճշդուած ներկայացուցիչով (Յակոբ Հաւաթեան), իսկ 2017-ին` ընդհանուր վերակացուով մը (Տիգրան Ճինպաշեան): Թող ներուի մեզի, եթէ անուններ մոռցած ենք:
«Ա.».- Կրնա՞ք յիշել նաեւ երկար տարիներ ռատիոկայանին ծառայողներու անուններ:
Վ. Ա.- Անշուշտ, Թորգոմ Ջանանը` ամէնէն երկարակեաց անդամը ռատիոկայանին, ողբացեալ Իրմա Տէտէեանը, Սեւան Կարապետեան-Ադամեանը, Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեանը, Շողեր Գառնէշեան-Մխճեանը, Արմէն Ապտալեանը, Սեդա Պէշլեան-Սաղպազարեանը, Հուրի Փափազեան-Էմմիեանը, Գարմէն Ճիկէրեան-Աճեմեանը, Նաթալի Աճէմեան-Զարմէնեանը, Հալա Հատտատը: Հիներէն կ՛արժէ յիշել նաեւ` Անահիտ Սէթեանը, Մարինէ Մարտիրեանը, Նորա Սարաֆեան-Թաշճեանը, Էլի Թաշճեանը, Վիլմա Սարգիսեան-Գույումճեանը, Ներսեհ Լիպարեանը, Լութֆիկ Այվազեանը, Ճորճ Գրիգորեանը, Սագօ Նոխուտեանը, Մարալ Հարպոյեան-Չաքըրեանը, Յակոբ Չպլաքեանը, Գրիգոր Հաշէօլեանը, Գէորգ Պաղտասարեանը, Սարհատ Արիստակէսեանը եւ ուրիշներ:
(Շար. 1)


