Ազրպէյճան ոչնչացուցած է Շոշ գիւղի Համաշխարհային Բ. պատերազմի զոհերու յուշարձանը եւ արցախեան առաջին պատերազմի մասնակից Արգամ Յարութիւնեանի (Շոշի Ագօ) յուշակոթողը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արցախ Մոնիւմընց»-ը:
Ոչնչացման ոճիրը գործուած է 19 ապրիլ 2024 թուականէն մինչեւ 12 յուլիս 2025 թուական երկարող ժամանակահատուածի ընթացքին:


