Վարշաւայի անվտանգութեան ֆորումի ծիրին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիհայի հետ:
Նախարարութենէն «Նիուզ»-ին յայտնած են, որ զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստան-Ուքրանիա երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման կարելիութիւնները` կարեւոր նկատելով քաղաքական երկխօսութեան աշխուժ շարունակականութիւնը:
Անոնք անդրադարձան նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական կապերու ընդլայնման հաւանական տարբերակներուն: Միտքեր փոխանակուեցան բազմակողմանի հարթակներու վրայ նախաձեռնութիւններու շուրջ:
Անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային եւ շրջանային զարգացումներուն, առկայ խնդիրներու կարգաւորման եւ խաղաղութեան կարելիութիւններուն:
Սիպիհա հանդիպումէն ետք «Էքս»-ի իր էջին վրայ գրած է, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը հրաւիրած է Ուքրանիա: «Ես արդիւնաւէտ հանդիպում ունեցած եմ Արարատ Միրզոյեանի հետ: Մենք քննարկած ենք մեր քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական կապերու ամրապնդումը թէ՛ երկկողմանի մակարդակով, եւ թէ՛ աւելի լայն շրջանային պարունակի մէջ, ինչպէս նաեւ առեւտրական եւ գործարար յարաբերութիւններու ընդլայնման գործնական ուղիները», նշած է ան:
Ըստ անոր, Ուքրանիա եւ Հայաստան համագործակցութեան խորացման եւ երկկողմանի օրակարգի յառաջմղման համար ամուր հիմք ունին:
Ասոր զուգահեռ, Վարշաւայի անվտանգութեան հաւաքին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ Միրզոյեան անդրադարձաւ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն` դիտել տալով. «Մենք կրնանք դիւրութեամբ վաղն առաւօտեան լրահոսին մէջ տեսնել վերնագիր մը հայ-թրքական սահմանի բացման մասին»:
Ան նշեց, որ Հայաստան կը կարգաւորէ իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ: Սահմանը դեռ փակ է, բայց, ըստ Միրզոյեանի, գործընթացը բաւականին հասունցած է:
Նախարարը յայտարարեց նաեւ, որ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութիւնը արդէն կայ: Միրզոյեան շեշտած է, որ Հայաստան նպատակադրուած է բարելաւելու յարաբերութիւնները դրացի երկիրներուն հետ` անկախ ամէն ինչէ, եւ ասիկա որեւէ ձեւով կապուած չէ երկրին եւրոպական ձգտումներուն հետ: Միւս կողմէ, ըստ անոր, եթէ Հայաստանի ձգտումն է դառնալ Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամ, ապա, հաւանաբար, դրացիներուն հետ խնդիրներ, հակամարտութիւններ ունենալը պիտի վնասէ գործընթացին:


