Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէն Ֆլորիտայի Թրամփի կեցութեան վայրի մէջ իրենց ժողովէն ետք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Ռուսիոյ կոչ ուղղեցին` Ուքրանիոյ «պատերազմը չընդլայնելու»:
«Քննարկեցինք նաեւ կարեւորութիւնը, որ Ռուսիան խուսափի որեւէ գործողութենէ, որ կամայ թէ ակամայ կրնայ յանգեցնել պատերազմի սրման, ինչպէս նաեւ արծարծեցինք հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման կարելի եղածին չափ շուտ հասնելու անհրաժեշտութիւնը», կը նշուի Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Յայտնենք, որ Ուքրանիան օրեր առաջ Լիպիոյ Պենկազի նաւահանգիստին մէջ ռուսական մարտանաւ մը ընկղմած էր, ինչպէս նաեւ ապրանքատար նաւ մը եւ պատերազմական ուղղաթիռ մը հարուածած: Լիպիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանը նշած էր, որ այդ արարքը անպատասխան պիտի չմնայ:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, մեկնաբանելով Պենկազիի մէջ ռուսական մարտանաւին վրայ կատարուած յարձակումը, յայտարարեց. «Չէզոք երկիրներու շրջանային ջուրերուն մէջ թշնամական արարքները միջազգային օրէնքին կը հակասեն»:
Քրեմլին իր կարգին յայտարարեց. «Հակամարտութիւնը դէպի Միջերկրական ծով եւ Պալթեան ծով ընդլայնելու ուքրանական փորձեր նկատեցինք»:


