Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լուսատենչ»-ը` Դպրեվանեան Ոգիի Լուստենչ Արձագանգը

October 12, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ

Հինգշաբթի, 23 յուլիս 2026-ի Պիքֆայայի խաղաղ ու երեկոյեան քաղցր  ժամերուն, Կիլիկեան դպրանոցի շրջափակին մէջ կը ճեմէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիցագոյն միաբաններէն Օշական արք. Չօլոյեանը` խոկուն եւ հանդարտ: «Աստուած օգնական, սրբազա՛ն հայր» ըսելով` փափաք յայտնեցի ընկերանալու իրեն: Սովորութեանս համաձայն, հարցումներու տարափով մը խանգարեցի սրբազան հօր հանգիստը: Խօսակցութեան նիւթը դպրեվանքն ու դպրեվանեան յուշերն էին:

Հաճելի եւ մտերմիկ պատումի ընթացքին սրբազանը վերյիշեց իր դպրեվանեան ուսանողական տարիները եւ անոնց ընդմէջէն իր յիշողութիւնը արթնցնող դէպքերու շարքէն պատմեց հետեւեալը` անցեալին ապրած իր նոյն խանդավառութեամբ ու հպարտութեամբ.

«1964 թուականին տակաւին նոր սարկաւագ ձեռնադրուած էի: Օրուան կաթողիկոսը Խորէն Ա. վեհափառն էր, իսկ դպրեվանքի տեսուչը` Գարեգին եպս. Սարգիսեանը: Տեսուչ սրբազան հայրը աշակերտներուս յայտարարեց, որ այդ տարի, զանազան նկատառումներու բերումով, դպրեվանքի «Գլաձոր» պարբերաթերթի հրատարակութիւնը կարելի չէր իրականացնել: Բոլորս լաւ հասկցանք, որ պարբերաթերթի հրատարակութիւնը, գոնէ այդ տարուան համար, կրնար դադրիլ:

«Այս իրողութիւնը իմանալով` աշակերտական ոգեւորութեամբ դասընկերներով որոշեցինք, որ դպրեվանքի պարբերաթերթը անպայման պէտք էր լոյս ընծայել: Երկար խորհրդածութենէ ետք որոշեցինք մեր ուժերը համախմբել եւ ձեռնարկել այս նպատակին ուղղուած աշխատանքին:

«Խումբը կը բաղկանար չորս անձէ. Մինաս սրկ. Ազնաւորեան (հետագային`  Զարեհ արք.) Բ. ընծայարանէն, Մանուկ սրկ. Չօլոյեան (հետագային` Օշական արք.) եւ Պօղոս սրկ. Հերկելեան (հետագային` Վարուժան արք.) Ա. ընծայարանէն, եւ Սարգիս Յակոբեան (հետագային` Խաժակ արք.) Դ. ժառանգաւորացէն: Խմբակին նպատակը սեփական ճիգերով դպրեվանեան պարբերաթերթ մը հրատարակելն էր: Մեր ծրագիրը իրականացնելու համար միասնաբար որոշեցինք հրատարակել «Լուսատենչ» անունով ուսանողական պարբերաթերթ մը, որ այդ տարուան համար կարենար «Գլաձոր»-ի բացակայութեան բացը գոցել»:

«Լուսատենչ»-ի նպատակն էր` «Հաստատ քայլերով եւ ամբողջական նուիրումով նետուիլ այս ձեռնարկին մէջ, մեր նախորդներուն թողած գործը շարունակելու, դպրեվանեան կեանքը շարժուն դարձնելու, ալեկոծելով եւ տաղանդներուն խորը գտնուող կայծերը արծարծելով: Մեր համեստ ուժերուն վստահելով` պիտի ջանանք արդիւնք յառաջ բերել, որ ըլլայ մեր ներքին աշխարհին հայելին» («Լուսատենչ» 1964, էջ 1):

Իրապէս, երբ առիթը կ՛ունենանք թերթատելու դպրեվանքի այս համեստ ճիգերով մէջտեղ եկած, բայց արժէքաւոր ուսանողական պարբերաթերթը, անոր էջերուն մէջ յստակօրէն կը տեսնենք դպրեվանեցիներուն ներաշխարհը` աշխատասէր, նախանձախնդիր, գիտակից, ազնիւ եւ բարի: Խմբագրականի առաջին իսկ տողերը պերճախօս վկան են այս իրողութեան. «Յուսավառ աչքերով եւ մեծ խանդավառութեամբ անգամ մը եւս թուղթն ու մատիտը ձեռք կ՛առնենք, մեր համեստ ճիգերով բարձր պահելու համար մշակոյթի այն ոգին սրբազան, որ մեր ուսումնատենչ եւ ստեղծագործ ժողովուրդինն է: Կ՛ուխտենք մեր նշանաբանը ընել. ամենայն սիրով եւ պարտաճանաչութեամբ, լրջութեամբ եւ նուիրումով ծառայել հայ մշակոյթին»:

Մեծ հետաքրքրութեամբ կը շարունակէի լսել այս յանդուգն խմբակին առաջադրութիւնը` անդադար հարցումներ ուղղելով սրբազան հօր: Ան պատմեց, որ նախաձեռնութիւնը յաջողութեամբ պսակելու համար նախ եւ առաջ ապահով վայրի մը կարիք ունէին:

«Դպրեվանքի դարմանատան եւ գրատան պատասխանատուութիւնը ինծի վստահուած էր: Բարեբախտաբար պաշտօնիս բերումով ապահով վայր մը ունէինք աշխատանքի համար: Մեզի կը մնար գաղափարը գործի վերածել: Կարգ մը աշակերտներէ յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ հաւաքեցինք ու խնդրեցինք, որ ոչ ոք իմանայ այս մասին: Նաեւ Պետրոս Քէշիշեանէն (այժմ` Արամ Ա. կաթողիկոս) յօդուած մը խնդրեցինք, եւ գիշերով մը ընթացք առաւ մեր «յեղափոխական» շարժումը:

«Համեստ պայմաններու մէջ պարբերաթերթին կողքը ես պատրաստեցի, ապա տառ առ տառ սկսանք մեքենագրել: Շուրջ 15-20 օրինակ տպեցինք եւ գիշերով մէկական օրինակ Խորէն վեհափառին ու տեսուչ սրբազանին դռնէն ներս սահեցուցինք, ապա վերադարձանք մեր ննջարանները:

«Առաւօտեան ժամերգութենէն ետք տեսուչ սրբազան հայրը կանչեց Զարեհ սրբազանն ու զիս` յանդիմանելու մեր ինքնագլուխ գործունէութեան համար, բայց նաեւ` անուղղակիօրէն գնահատելու մեր նախաձեռնութեան ոգին: Տեսուչ սրբազան հայրը շատ հաւանաբար հոգեպէս գոհունակ էր եւ թերեւս ալ ծածուկ մտածում մը ունէր` ամէն ձեւով ընթացք տալ  «Գլաձոր»-ի հրատարակութիւնը շարունակելու մեր առաջարկին: Անմիջապէս դրական պատասխան մը չտուաւ, բայց ըսաւ` «Տեսնենք` ի՛նչ կ՛ընենք»:

«Յուսալից դուրս ելանք տեսչարանէն: Քանի մը շաբաթ ետք մեզ գոհացնող պատասխանը հասաւ: «Գլաձոր» պարբերաթերթը վերսկսաւ իր հրատարակութեան, եւ մենք ալ, նախորդ սերունդներուն նման, շարունակեցինք ունենալ ուսանողական մեր պարբերաթերթը»:

Յուզումով եւ խոր հիացումով կը լսէի սրբազան հօր եւ իր դասընկերներուն այս քաջ, համարձակ եւ գիտակցական բարձր մակարդակի նախաձեռնութեան մասին: Անոնք սոսկ պարբերաթերթ մը չհրատարակեցին. անոնք պաշտպանեցին նուիրական գաղափար մը, արժեւորեցին գիրը, հաւատացին մշակոյթի զօրութեան եւ ապացուցեցին, որ նուիրումն ու նախաձեռնող ոգին կրնան յաղթահարել նոյնիսկ ամենադժուար պայմանները: Այս նախաձեռնութիւնը, սակայն, միայն անհատական խանդավառութեան կամ պատահական համարձակութեան մը արդիւնքը չէր: Անիկա նաեւ դպրեվանքի մէջ ապրուած ու ստացած այն կազմաւորման արտայայտութիւնն էր, որ աշակերտին մէջ կը սերմանէր` պատասխանատուութեան զգացում, ծառայելու պատրաստակամութիւն, նախաձեռնող ոգի եւ իր ստանձնած գործը մինչեւ վերջ հասցնելու կամք: Դպրեվանքը միայն գիտելիք փոխանցող կրթօճախ մը չէ. անիկա նաեւ նկարագիր կերտող, արժէքներու գիտակցութիւն զարգացնող եւ երիտասարդ հոգիներու մէջ պատասխանատուութեան զգացումը ամրապնդող միջավայր մըն է:

Այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի, որքա՛ն մեծ է  կարիքը հայ գիրի, մշակոյթի եւ գրչութեան արժէքին գիտակից այդպիսի հերոսներու եւ նման օրինակելի ու գօտեպնդող արարքներու. հերոսներ, որոնք ոգի ի բռին կը պաշտպանեն հոգեւոր եւ ազգային արժէքները,  վառ կը պահեն գիտութեան ու ստեղծագործութեան ճրագը եւ անձնական զոհողութեամբ կը շարունակեն իրենց նախորդներուն սկսած առաքելութիւնը: Այսպիսի արարքներու ծնունդը կը բացատրուի նաեւ այն միջավայրով, ուր այս երիտասարդները կ՛ապրէին: Դպրեվանքի առօրեան, ուսումը, հոգեւոր կեանքը, ընկերային յարաբերութիւնները, ծառայութեան առիթները եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու փորձառութիւնները աստիճանաբար կը կազմաւորեն աշակերտին մտածելակերպն ու գործելակերպը:

«Լուսատենչ»-ի պատմութիւնը պարզապէս ուսանողական նախաձեռնութեան մը յուշը չէ: Անիկա վկայութիւնն է այն համոզումին, որ գաղափարները երբեք չեն ծնիր նիւթական առատութենէն, այլ` հաւատքէն, կամքէն եւ պատասխանատուութեան գիտակցութենէն: Չորս երիտասարդ դպրեվանեցիներ իրենց համեստ միջոցներով կրցան պահ մը փոխել իրենց շրջապատի ընթացքը եւ յիշեցուցին, որ գիրն ու մշակոյթը կը շարունակեն ապրիլ այնքան ատեն, որքան կը գտնուին մարդիկ, որոնք պատրաստ են անձնուիրաբար ծառայելու անոնց` անշահախնդիր մօտեցումով տէր կանգնելու իրենց փոխանցուած արժէքներուն եւ ի գին ամէն ինչի պահպանել անոնց շարունակականութիւնը: Այս իմաստով «Լուսատենչ»-ի պատմութիւնը նաեւ դպրեվանքի առաքելութեան կենդանի վկայութիւն մըն է: Չորս դպրեվանեցիներու այս քայլը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կրթօճախի մը մէջ տարիներու ընթացքին ստացած դաստիարակութիւնը կրնայ վերածուիլ ինքնուրոյն նախաձեռնութեան եւ գործնական ծառայութեան: Այն արժէքները, որոնք կը փոխանցուին Դպրեվանքի մէջ` սէր առ Աստուած, սէր առ ազգ եւ մշակոյթ, կարգապահութիւն, ընկերասիրութիւն, ծառայասիրութիւն եւ պատասխանատուութիւն, իրենց իսկական արժէքը կը դրսեւորեն այն պահուն, երբ ուսանողը կը սկսի զանոնք ինքնակամ կերպով գործի վերածել:

Թող «Լուսատենչ»-ի այս լուսաւոր օրինակը ներշնչում դառնայ նաեւ մեր սերունդին, որպէսզի նոյն խանդավառութեամբ, նոյն նախանձախնդրութեամբ եւ նոյն պատասխանատուութեամբ շարունակենք պահպանել ու զարգացնել հայ հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային ժառանգութիւնը, գիտակցելով դպրեվանեան արժէքներուն, անոր վաստակին ու առաքելութեան նուիրական ընթացքին:

Պատմութիւնը կը սիրէ մեծ յեղափոխութիւնները յիշել. բայց երբեմն ամէնէն խոր ազդեցութիւնը կը գործեն այն «յեղափոխութիւնները», որոնց միակ զէնքը գրիչն է, միակ զինամթերքը` թուղթը, իսկ առաջին «գրաւումը»` վեհափառ հայրապետին եւ տեսուչին դռներուն տակ սահեցուած «Լուսատենչ» պարբերաթերթի քանի մը օրինակները: Եւ թերեւս հոս է դպրեվանքի վաստակին մեծագոյն օրինակներէն մէկը. անոր աշակերտները ոչ միայն ուսում կը ստանան, այլ նաեւ կը սորվին կենսաւորել իրենց սորվածը` արժէքը գաղափարէն գործի վերածելով:

Երանի՜ անոնց, որոնք արժանի կ՛ըլլան իրենց յիշատակը թողելու այս հոգեւոր եւ իմացական տան մէջ` ծառայելով այն սրբազան կրթօճախին, ուր «կապարն յոսկի, նիւթն յոգի դառնան»:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հրաւիրեց Նաւասարդեան Խաղերու Բացման Հանդիսութեան

Յաջորդը

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

RelatedPosts

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Հայրենի Հողն Է Հայուն
Անդրադարձ

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Հայրենի Հողն Է Հայուն

October 12, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Փաշինեանի Պայքարը Հայոց Կաթողիկոսին Դէմ

October 12, 2026
Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.