Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւաքական Ղեկավարութեան Կուսակցութիւնը

November 27, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գոյատեւման, վերանորոգութեան եւ շարունակականութեան գաղտնիքը անոր ապակեդրոնացեալ աշխատելաոճն ու հաւաքական ղեկավարութեամբ գործելու հմտութիւնն են:

Տասնամեակներու ընթացքին կուսակցութեան նկատմամբ ի գործ դրուած զանազան հալածանքները, մահափորձերը, բանտարկութիւնները, սպանութիւնները, առեւանգումները եւ ֆիզիքական, բարոյական, տնտեսական ճնշումները փաստօրէն արդիւնք չեն տուած:

Հաւաքական ղեկավարութիւն ունենալու մեր սկզբունքը կա՛յ ու պիտի մնայ, ճիշդ այդ պատճառով ալ կարելի չէ ամբողջ կուսակցութիւն մը ոչնչացնել: Մենք տասնամեակներ շարունակ` իւրաքանչիւր շրջան իր ոճով, իր առաջնահերթութիւններով, իր պայմաններով, հաւաքական գաղափարախօսութեան ի նպաստ աշխատած ենք: Բնականաբար թոյլ օղակներ եղած են: Բնականաբար տեղ տեղ աշխատանքները պէտք եղած արդիւնքին չեն հասած: Սակայն մեր կեանքին մէջ` Հայաստան եւ սփիւռք, եթէ պահ մը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դերը եւ կատարած աշխատանքը դուրս ձգենք, վստահաբար ակներեւ պիտի ըլլայ անոր զօրութիւնն ու կարեւորութիւնը, բացայայտ` առանց անոր ստեղծուած հսկայական բացը:

Համաշխարհայնացած, անսահման երկիրներու եւ անղեկավար ղեկավարութեան այս դարուն ամէնէն ճիշդ ընտրանքն է հաւաքական ղեկավարութեամբ գործելու եւ յաջողութիւններ ձեռք բերելու ուղիի որդեգրումը:

Հայաստանն ու սփիւռքը նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կանգնած են: Պատմական օրեր են: Սփիւռքը նոր դիմագիծ կերտելու վրայ է: Անկախ միջինարեւելեան գաղութներէն, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի ցամաքամասերուն արեւմտահայ եւ արեւելահայ խառն գաղութներ գոյութիւն ունին, սակայն կապ եւ համադրում չկայ մինչեւ օրս:

Հսկայ աշխատանք կայ թէ՛ Հայաստանի ժողովուրդին մեր ձայնը լսելի դարձնելու, թէ՛ ալ սփիւռքի նոր ձեւաւորման մէջ համախմբելու, համադրելու եւ կազմակերպելու նախաձեռնութեան դիմելու առումով:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը մինչեւ 1991-ի Հայաստանի անկախութեան հռչակումը սփիւռքի բոլոր գաղութներու կրօնական, քաղաքական, ազգային, կրթական, բարեսիրական, ընկերային հարցերու լուծման յառաջամարտիկն էր: Այսօր ալ բնականաբար նոր ձեւաւորուող գաղութներուն նոր աշխատելաոճ եւ հանդուրժողական մթնոլորտ հաղորդելու, գաղութները հզօր պահելու, հայ մնալու եւ Հայաստանին օգտակար ըլլալու սկզբունքով պէտք է գործենք:

Այս բոլորը կ՛իրականանան հաւաքական ղեկավարութեան աշխատելաոճով:

Դաշնակցութիւնը ապակեդրոնացեալ կուսակցութիւն է, եւ այդ մէկը մեզի կը շնորհէ կարելիութիւն առաւել ճկուն ըլլալու, առաւել յարմարելու տուեալ համայնքի պայմաններուն եւ գործելու ի նպաստ հայապահպանութեան եւ Հայաստանին:

 

 

 

 

Նախորդը

Ցայգալոյս. ՀՅ Դաշնակցութիւնը Յեղափոխութիւնն Է

RelatedPosts

Ցայգալոյս.   ՀՅ Դաշնակցութիւնը Յեղափոխութիւնն Է
Անդրադարձ

Ցայգալոյս. ՀՅ Դաշնակցութիւնը Յեղափոխութիւնն Է

November 27, 2026
ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը Պատմական Փառքէն Անդին
Անդրադարձ

ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը Պատմական Փառքէն Անդին

November 27, 2026
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Կերտումի Եւ Նուիրումի 136 Տարիներ
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Կերտումի Եւ Նուիրումի 136 Տարիներ

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։