. ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ Սիթիի պաշտօնական կայքը տարածեց յայտարարութիւն մը, ըստ որուն, ակումբը բողոք ներկայացուցած է Անգլիոյ «փրեմիեր լիկ»-ի յանձնախումբին որոշումի դէմ, որ ակումբը մեղաւոր ճանչցած էր նիւթական կանոնագիրի բազմաթիւ խախտումներու մէջ:
. ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Քլաուտիօ Թափիա կը ցանկար Արժանթինի ազգային խումբին թիւ 10 շապիկը «հանգստեան կոչել» Լիոնել Մեսսիի ազգային խումբը լքելէ ետք, սակայն ՖԻՖԱ-ն յայտնեց, որ ատիկա կարելի չէ, եւ թիւ 10-ն այլ մարզիկ մը պէտք է հագուի:
. ՓԵՔԻՆԻ թենիսի մրցաշարքի քառորդ աւարտական հասաւ ռուսահայ թենիսմեն Կարէն Խաչանով, որ 7-5 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց սլովաքիացի Ալեքս Մոլքանին:
Խաչանով պիտի մրցի լեհ Հուպերթ Հուրքաչի դէմ: Իր կարգին, Նովաք Ճոքովիչ 4-6, 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց չինացի թենիսմեն Եունչաուքեթէ Պուի եւ հասաւ քառորդ աւարտական:
. ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ իր երկրի` Զուիցերիոյ կողմէ թեկնածու չէ նկատուած ՖԻՖԱ-ի յաջորդ ընտրութիւններուն` անոր դէմ կասկածներու ստեղծումէն ետք: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն արդէն իսկ Ինֆանթինոյի բազմաթիւ կասկածելի որոշումներու դէմ էր եւ, ըստ երեւոյթին, ան պիտի կորսնցնէ նախագահի իր դիրքը յաջորդ ընտրութիւններուն:
. ՊԱՅԵՐՆ Միւնիխ ակումբը կը պատրաստուի բանակցութիւններ սկսելու ֆրանսացի ծայրի յառաջապահ Մայքըլ Օլիսէի հետ` իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելու նպատակով: Անոր գործող պայմանագրութիւնը կ՛երկարի մինչեւ 2029, բայց Պայերն կ՛ուզէ երկար ժամանակ մնալ Օլիսէի հետ: Անոր այժմու աշխատավարձքը 14 միլիոն եւրօ է (տարեկան), բայց Պայերն նոր պայմանագրութեամբ զայն պիտի բարձրացնէ 25 միլիոնի: Օլիսէ ըստ երեւոյթին հարց չունի մնալու Պայերնի հետ, սակայն կ՛ուզէ անպայման հրաժարագինի համաձայնութեան յանգիլ: Կը կարծուի, որ անոր հրաժարագին պիտի որոշուի 200 միլոն եւրօ:
. ԼՈՆՏՈՆԻ Արսենալ ակումբի սպանացի միջնապահ Մարթին Սուպիմենտի մտադիր է իր ասպարէզը շարունակել Ռէալ Մատրիտի հետ, ըստ «Էլ Նասիոնալ»-ի:
. ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ գերմանացի մարզիչ Հանզի Ֆլիք ըստ երեւոյթին կ՛ուզէ միջնապահ Ֆրենքի Տէ Եոնկի մեկնիլը: 29 տարեկան միջնապահը, որ վիրաւոր է, բայց կը մօտենայ վերադառնալու, Պարսելոնայի համար այդքան ալ կարեւոր չէ, մանաւանդ որ խումբը շատ լաւ ելոյթներ կ՛ունենայ: Ռոտրի եւ Փետրի հիմնական միջնապահներն են, իսկ Մարք Պեռնալ եւ Կաւի կը վայելեն Ֆլիքի լիակատար վստահութիւնը: Տէ Եոնկ կրնայ փոխանցուիլ Մանչեսթըր Եունայթըտ, Պայերն Միւնիխ, Լիվըրփուլ, Չելսի, կամ Փարիզ Սեն Ժերմեն, որոնք միշտ ալ հետաքրքրուած էին իրմով:


