Այսօր կը շարունակուին Եւրոպայի Ազգերու լիկայի մրցումները, եւ երրորդ կարգի Բ. խմբակին մէջ Հայաստանի հաւաքականը պիտի մրցի Նիկոսիոյ մէջ` Կիպրոսի դէմ:
Այս տարեշրջանի Ազգերու լիկայի 3-րդ հանգրուանին գծով այս մրցումը շատ կարեւոր պիտի ըլլայ Հայաստանի համար, որ տարբեր ոճի ֆութպոլ կը կիրարկէ: Կարծէք մոռցած ենք, որ 9 վիրաւոր մարզիկներ ունինք, աւելի՛ն այսօրուան մրցումէն պիտի բացակային 3 այլ մարզիկներ:
Գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան այսօրուան եւ երկուշաբթի օրուան մրցումներուն համար նկատի չառաւ բերդապահ Օգնյեն Չանչարեւիչը եւ աջ ծայրի յառաջապահ Ժիրայր Շաղոյեանը, որոնք բնաւ չտպաւորեցին վերջին մրցումին, մինչ յառաջապահ Արայիկ Էլոյեան լքած է ազգային խումբին ճամբարը եւ միացած երիտասարդներու ազգային խումբին, որ պիտի մրցի Իտալիոյ եւ Մոնթենեկրոյի դէմ: Միւս կողմէ, Արթուր Սերոբեան իր կարգին պիտի չմեկնի Կիպրոս, որովհետեւ ան դեղին քարտ ստացած ըլլալով 1 մրցումով կախակայուած է:
Ինչպէս նշեցինք, այսօր ժամը 19:00-ին Հայաստան պիտի մրցի Կիպրոսի դէմ եւ յառաջիկայ երկուշաբթի պիտի մեկնի Մոնթենեկրօ` կատարելու համար իր 4-րդ մրցումը: Ազգերու լիկայի իր առաջին մրցումին, Հայաստան 2-0 արդիւնքով յաղթած էր Լաթվիոյ, ապա 3 օր ետք վերջին վայրկեանին կոլ ստացած եւ պարտուած էր Մոնթենեկրոյէն` 3-2 արդիւնքով:
Ա. կարգի մրցումներուն, Ֆրանսա Փարիզի (Սեն Տենի) «Սթատ տը Ֆրանս»-ի մէջ պիտի հիւրընկալէ Իտալիան:
ՖԻՖԱ-ն ընդհանուր դասաւորման 3-րդ դիրքը գրաւող Ֆրանսա խմբակին առաջին դիրքը կը գրաւէ, մինչ Իտալիա կ՛ուզէ Թուրքիոյ դէմ իր մրցումին մակարդակին նման ելոյթ ունենալ դրական արդինք ձեռք ձգելու համար:
Իր նոր մարզիչ Զինետին Զիտանի հետ 2 յաջորդական մրցումներ յաղթելէ ետք, Ֆրանսա տակաւին կոլ չէ ստացած եւ վերջին 6 մրցումներուն իր դաշտին վրայ պարտութիւն չէ կրած:
Ռոպերթօ Մանչինի, որ երկրորդ ժամանակաշրջանը կը բոլորէ իբրեւ Իտալիոյ ազգային խումբի մարզիչ, բաւական համոզիչ ելոյթ ունեցաւ իր երկրորդ մրցումին` Թուրքիոյ մէջ 4-1 արդիւնքով յաղթելով: Իր առաջին մրցումին Իտալիա բնաւ համոզիչ չէր եւ 2-0 արդիւնքով պարտուած էր Հռոմի մէջ` Պելճիքայէն:
Վերջին անգամ 2024-ի երկու խումբերը իրար դէմ մրցած էին երկու անգամ, ուր անակնկալ արդիւնքներ արձանագրուած էին: Իտալիա Ֆրանսայի մէջ 3-1 արդիւնքով կրցած էր յաղթել, մինչ Ֆրանսա 2 ամիս ետք կրցած էր նոյն արդիւնքով յաղթել Իտալիոյ դէմ:
Նոյն խմբակին մէջ, Պելճիքա պիտի հիւրընկալէ Թուրքիան:


