Լիբանանի եւ Ուասլի վերջին երկու տարիներու ախոյեան Ռիատի տակաւին կը շարունակէ իր յաղթարշաւը: Ան հակառակ բացականերուն եւ 16 կէտերով ետ մնալուն կրցաւ 11 կէտերու առաւելութեամբ յաղթել Սէուտական Արաբիոյ Իթթիհատին` 87-76 արդիւնքով:
Տոնավըն Ուիլիամս 33 կէտ նշանակեց 2 պլոքներու կողքին, մինչ Ալի Մանսուր 15 կէտ եւ 10 էսիսթ ձեռք ձգեց` 4 սթիլ ալ կատարելով: Նիք Ուեսթ 14 կէտ եւ 3 սթիլ կատարեց, մինչ Հայկ Կէօքճեան 13 կէտ եւ 6 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Քարմի Զէյնուն 8 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Առանց Զաք Լոֆթընի եւ Ամիր Սէուտի Ռիատի կրցաւ մթնոլորտին վերադառնալ եւ նոյնիսկ օգտագործեց վեթերաններ Իսմայիլ Ահմետն ու Ալի Մահմուտը: Իթթիհատի լաւագոյն մարզիկն էր Տեվոն Չիզմ, որ 21 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Ռիատի իր 3-րդ յաջորդական մրցումը յաղթեց, մինչ Իթթիհատ իր յաջորդական 3-րդ պարտութիւնը կրեց:
Բ. դիրքը գրաւեց Քուէյթի Քուէյթ ակումբը, որ 106-101 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հնդկաստանի Ինտիըն Ռէյլուէյզ խումբը:
Տեվոն Կրենթ 36 կէտ եւ 9 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Քրիսթիան Պրաուն 35 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Կիսաւարտականին Քուէյթ պիտի մրցի Սաժեսի դէմ (վաղը): Նշենք, որ աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի օր:


