Հայաստանի իշխանութեան եւ Հայ-առաքելական եկեղեցւոյ միջեւ արդէն աւելի քան տարիէ մը ի վեր շարունակուող առճակատման նիւթը չվրիպեցաւ նաեւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նստաշրջանէն:
Սթրազպուրկի մէջ հարցը բարձրացուց բրիտանացի պատգամաւոր, ԵԽԽՎ-ի պահպանողականներու խմբակցութեան անդամ Էտուըրտ Լէյ` Հայաստանի իշխանութիւնները մեղադրելով կրօնական ինքնավարութեան դէմ ոտնձգութիւն կատարելու մէջ: Անոր հակադարձեց «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի պատգամաւոր Հռիփսիմէ Գրիգորեան` վստահեցնելով, որ Հայաստանի կառավարութեան նպատակը եկեղեցին պաշտպանելն է:
Մինչ պատուիրակները կը քննարկէին հայաստանեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ ԵԽԽՎ-ի վերջնական տեղեկագիրը, որուն մէջ ծաւալուն անդրադարձ կար Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին եւ Ռուսիոյ արտաքին միջամտութեան, բրիտանացի պատգամաւորը միջամտութեան ծիրին մէջ խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նկատմամբ եղած «սպառնալիքներուն», բարձրաստիճան հոգեւորականներու, որոնց կարգին` Ամենայն հայոց կաթողիկոսին նկատմամբ քրէական հետապնդումներուն եւ երկրէն դուրս ելլելու արգելքին մասին:
«Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ գործող վարչակազմը ջնջած է պետութեան եւ եկեղեցւոյ միջեւ եղած որեւէ սահման եւ աննախադէպ արշաւի սկսած է եկեղեցւոյ ազատութեան դէմ: Եւրոպական խորհուրդը, ամէն բանէ առաջ, պէտք է մտահոգուած ըլլայ մեր եկեղեցիներու ազատութեամբ: Մենք ականատես կ՛ըլլանք ոչ թէ սովորական քաղաքական տարակարծութեան, այլ եղածը ծրագրուած յարձակում է կրօնական ինքնավարութեան վրայ», յայտարարեց պատգամաւորը` պնդելով, որ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը «ահաւոր ճնշման տակ է», եւ յիշատակեց Փաշինեանի կառավարութեան հնգամեայ ծրագիրը, որուն մէջ ամրագրուած է նաեւ կաթողիկոսը գահէն հեռացնելու նպատակը:
Բրիտանացի պահպանողական պատգամաւորը խօսեցաւ նաեւ «եկեղեցւոյ ճգնաժամին» վերաբերեալ Հայաստանի կառավարութեան վերջերս հրապարակած տեղեկագիրին մասին, որ խիստ քննադատութեան արժանացած է հայաստանեան շարք մը իրաւապաշտպաններու կողմէ:
Լէյ այս տեղեկագիրին հրապարակումը նկատեց յարձակում եկեղեցւոյ կանոնագրական կառուցուածքին վրայ` «բռնի ուժով» փոխելու համար եկեղեցւոյ կանոնադրութիւնը. «Պետական գործիքակազմերու կիրարկումը` հնագոյն եկեղեցական օրէնքները վերստին գրելու նպատակով, մարդկային իրաւունքներու եւ կրօնական ազատութեան կոպիտ խախտում է: Ուրեմն, այս ընտրութիւնները (նկատի ունի 7 յունիսի Ազգային ժողովի ընտրութիւնները.- Խմբ.) լոկ քաղաքական իշխանութեան չեն վերաբերիր, եւ կը կրկնեմ` ես լիովին չէզոք եմ այն գծով, թէ ո՛վ կը ներկայացնէ Հայաստանի կառավարութիւնը: Այդ ընտրութիւնները օգտագործուեցան իբրեւ արհեստականօրէն ստեղծուած լիազօրութիւն` նուիրական հաստատութիւնը ամբողջովին պետութեան հպատակեցնելու համար: Եւ այս մարմինը` Եւրոպական խորհուրդը, ամէն բանէ առաջ, պէտք է պաշտպանէ կրօնական ազատութիւնը եւ դատապարտէ Հայաստանի կառավարութիւնը»:
Բրիտանացի պատգամաւորին պնդումներուն արձագանգեց Գրիգորեան` նշելով, որ Լէյ իրազեկ չէ, եւ աւելցուց. «Իրականում այն, ինչ անում է Հայաստանի կառավարութիւնը եւ հայկական պետութիւնը, եկեղեցին պաշտպանելն է, իսկ պատճառն այն է, որ այն անձը, ով այս պահին զբաղեցնում է Ամենայն հայոց կաթողիկոսի աթոռը, անմիջականօրէն ներգրաւուած է Հայաստանի պետութիւնը տապալելուն ուղղուած ապօրինի գործողութիւններում: Նրա եղբայրը գործակալ է, միջազգային գործակալ` հաստատուած ապացոյցներով ու փաստաթղթերով, այն երկրի, որը ձեռնածութեան է ենթարկել…»:
Անդրադառնալով բարձրաստիճան հոգեւորականներուն դէմ քրէական գործերուն` Գրիգորեան ընդգծեց. «Եպիսկոպոսները ձերբակալուած չեն եպիսկոպոս լինելու համար: Նրանց դէմ կան քրէական գործեր: Մենք չէ, որ պէտք է որոշենք, այլ դատարանը պէտք է կայացնի վերջնական որոշումը: Այնուամենայնիւ, այս քրէական գործերը վերաբերում են Հայաստանի ժողովրդի դէմ ենթադրեալ ահաբեկչական գործողութիւններին»:


