Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կայունութիւնը Երաշխիք Է Հեղինակութեան

September 24, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Մեր օրերուն ամէն բան հեղինակազրկելու, վարկաբեկելու, արժէքներու եւ կառոյցներու հանդէպ ժխտական վերաբերում ցուցաբերելու լուրջ մթնոլորտ գոյութիւն ունի:

Ամէն մարդ ամէն բանի մասին ըսելիք ունի: Ընկերային ցանցերը եւ ընդհանրապէս «ազատութեան» խորագիրին տակ գրառումները, կեցուածքները եւ մանաւանդ պատասխանատու մարդոց կողմէ արտայայտութիւնները խորքին մէջ ոչ մէկ շահեկան կամ կառուցողական ընթացք կու տան:

Ընդհակառակն, ամէն բանի մասին խօսիլը, ամէն ինչի մասին կարծիք յայտնելը, ամէն նիւթի մէջ անպայման կեցուածք ունենալը ո՛չ հարցը ճիշդ ընթացքի մէջ կը դնէ, ո՛չ ալ իր մտահոգութիւնները արծարծել փորձող անձը կ՛արդարացնէ:

Պէտք է` աւելի հեռու մտածել, ըլլալ աւելի շրջահայեաց, աւելի հանդուրժողական, աւելի հաւաքող, լաւապէս խորհելու եւ գործելու սկզբունքներով առաջնորդուող:

Հակազդեցութիւնը գլխաւոր թշնամիդ է, պէտք է այս մէկը լաւ գիտնալ: Այս իմաստով պէտք է կայունութիւնը պահել եւ պահպանել, որպէսզի աւելի կառուցողական եւ հեռանկարային աշխատանք տարուի: Կրնայ ըլլալ, որ իւրաքանչիւրը իր աշխատելու ոճը եւ ձեւը ունի: Կրնայ ըլլալ, որ այդ ձեւը անոր կամ ասոր շատ հաճելի չթուի: Բայց երկու հիմնական բան պէտք է գիտնալ` այլընտրանքը եւ հեղինակութիւնը:

Պէտք է լաւ մտածել, թէ այլընտրանքը ի՛նչ կրնայ ըլլալը, իսկ կառոյցի մը հեղինակազրկումը ի՛նչ շահ կրնայ բերել: Ճիշդ այս երկու հիմնական պատճառներով պէտք է կայունութիւնը ապահովենք եւ պահպանենք, որպէսզի ո՛չ անձերը եւ ո՛չ ալ կառոյցները հեղինակազրկենք:

Դժբախտաբար ժխտական ալիքը շատ աւելի արագ կը բարձրանայ, քան` դրականը: Փորձենք միասնաբար խնայել ամէն բան եւ շարունակականութիւն ապահովենք, որպէսզի կարելի ըլլայ ամէն բան իր ճիշդ տեղը դնել:

Դարձեալ կը կրկնեմ` բոլորս միասնաբար, ձեռք ձեռքի տուած, տակաւին քիչ ենք հսկայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու, ա՛լ ուր մնաց անտարբերութեամբ, բամբասանքով, հեղինակազրկումով եւ դժուարութիւններ յառաջացնելով` յառաջ երթանք:

Կայունութեան հասնելու եւ զայն պահպանելու համար միասին աշխատելու կամքն ու հաւատքը ունենանք:

Մեր դպրոցները, միութիւնները, եկեղեցիները, հաստատութիւնները` բոլորն ալ ժողովուրդին ծառայելու սկզբունքով հիմնուած են եւ տասնեակ տարիներով այս գաղութին մէջ վաստակ կերտած ու ներդրում ունեցած են:

Պահենք ու պահպանենք զանոնք` նաեւ այս օրերուն:

 

 

 

 

Նախորդը

Գաղափարը

Յաջորդը

Գաղութէ-Գաղութ

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.