ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ
Մեր յօդուածագիրին մտածումներուն տեղ կու տանք` միաժամանակ նշելով, որ Դաշնակցութիւնը չէր կրնար անտարբեր մնալ հակասահմանադրական եւ եկեղեցական կանոնները ոտնակոխող իշխանութիւններու միջամտող քաղաքականութեան: Նաեւ` քաղաքական կուսակցութիւն մը խորհրդարանական ընտրապայքարներուն կը համագործակցի ազգային հիմնախնդիրներուն շուրջ` Ցեղասպանութիւն, Արցախ, սփիւռք, յստակ դիրքորոշում ունեցած եւ իր գաղափարները բաժնած քաղաքական գործիչներու եւ ուժերու հետ:
ԽՄԲ.
Զանգը հնչեց: Կարդացած գիրքը բազմոցին ձգեց, «Ո՛վ կրնայ ըլլալ», մտածեց ու գնաց դուռը բանալու:
Սեմին կեցած էր միջահասակ, երեսունին դեռ չհասած, սեւ, գանգուր մազերով երիտասարդ մը:
– Բարե՛ւ,- ըսաւ ան,- դուք զիս չէք ճանչնար, բայց ես այսօր որոշած եմ հայերու տուները այցելել եւ հարցումներ ուղղել: Կ՛ընդունի՞ք կէս ժամ տրամադրել ինծի:
– Ձեր անո՞ւնը,- հարցուց տիկինը` քիչ մը շուարած, քիչ մը հետաքրքիր, քիչ մըն ալ խանդավառ` արտասովոր այս յայտարարութենէն:
– Գաղափա՛ր,- եղաւ պատասխանը:
Տիկինը ժպտեցաւ.
– Գաղափա՞ր, հը՜մ… հրամեցէ՛ք, նստեցէ՛ք:
«Մարդ տղուն անունը «Գաղափար» կը դնէ՞», հարցուց ինքնիրեն. «Լենին» անունով աշակերտ ունեցած էր, բայց… Գաղափա՞ր. խնդալը եկաւ, փորձեց ինքզինքը զսպել ու անցաւ գործի: Հիւրին համար թէյ պատրաստէր` գէշ չէր ըլլար. քովն ալ` քանի մը կրկնեփ:
Երբ թէյի բաժակներով ծանրաբեռնուած ափսէն ներս բերաւ, Գաղափարը հիւրասենեակի դարաններուն վրայ շարուած գիրքերը աչքէ կ՛անցընէր. երբեմն գիրք մը կ՛առնէր, կը թերթատէր, տեղը կը դնէր:
– Հրամեցէ՛ք,- ըսաւ,- թէյը պատրաստ է:
Տղան անմիջապէս եկաւ, նստաւ դիմացի բազկաթոռին վրայ:
Աղուոր, խոշո՜ր, սրճագոյն աչքեր ունէր ու խորունկ նայուածք: Թարթիչներն ալ` երկա՜ր, «սահնակի պէս», մտածեց:
– Տիկի՛ն,- ըսաւ Գաղափարը,- հարցումով մը սկսիմ մեր խօսակցութիւնը: Ուրա՞խ էք մեր ազգին վիճակէն:
Տիկինը ցնցուեցաւ: Ճի՛շդ սրտին դպած էր «նետը»: Մտածելու պէտք ալ չունէր պատասխանելու համար:
– Ո՛չ, բացարձակապէս` ո՛չ,- ըսաւ:
– Ինչո՞ւ,- հարցաքննութիւնը շարունակեց դիմացինը:
***
Ինչո՞ւ յանկարծ տարօրինակ բան մը զգաց: Նայուածքը պղտորած էր. դիմացը նստող տղան լաւ չէր տեսներ. գիտաերեւակայական պատմուածքի մը մէ՞ջ էր, ի՛նչ էր:
Կ՛ուզէր պատասխանել, բայց խօսելու փոխարէն` կը մտածէր: Որքա՜ն ատեն էր` կը տուայտէր իր ազգի ներկայ վիճակով. ուրկէ՞ սկսէր. իրեն կը թուէր, թէ ի՛նչ ալ ըսէր, ամբողջական պիտի չըլլար. այս վերջին տարիներուն դէպքերը այնքա՜ն արագ յաջորդեր էին իրարու. ամէն օր բան մը պատահեր էր թէ՛ աշխարհին, թէ՛ հայրենիքին: Մարդիկն ալ փոխուեր էին: Անոնց մասին այսօրուան ըսածդ վաղը կրնար ճիշդ չըլլալ. չարացեր էին, ամբարտաւան դարձեր, ինկեր էին անկրթութեան խորունկ փոսը:
Ինչո՛ւ…
Մտածումները աջէն ձախ, ձախէն աջ կ՛երթեւեկէին, մինչ Գաղափարը հանգի՜ստ ընկողմանած էր ուղեղի բազկաթոռներէն մէկուն մէջ:
***
Առաջին եւ զինք ամէնէն աւելի խոցող մտածումը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կը վերաբերէր: Ամէն կողմէն, ո՛վ ուզես, չուզես, աջ ու ահեակ Դաշնակցութիւն հարուածելու ելած էր: Ամիսներ առաջ Ազգային ժողովի բեմէն լսած էր, թէ ՀՅԴ-ին արժէքը միա՛յն հին օրերու ազատագրական պայքարին մէջ կայացած էր, թէ` այս օրերուն անոր հոգեհանգիստն էր, թէ` ան իր ձեռքով գրած էր մահախօսականը: Պատգամաւորներէն մէկը զբաղած էր ՀՅԴ-ի ծրագրով, դաշնակցականի երդումով, «Մահ կամ ազատութիւն» կարգախօսով…
Ուրիշ մը բաւական խնդացուցած էր զինք, երբ բան մը լա՜ւ գիտցողի ոճով, բառերու շարքին գիւտը ըրած էր. ըստ անոր, ՀՅԴ-ի կարգախօսին «Մահ» բառը «ազատութիւն» բառէն առաջ դրուած էր, որովհետեւ ՀՅԴ-ն նախ մա՛հը կ՛ուզէր. հետեւաբար, զգուշ, մահաբեր կուսակցութիւն էր…
Հապա այդ մի՞ւս դրուագը… երբ Երեւանի Դաշնակցութեան գրասենեակին պատին զետեղուած եռագոյնի ձողը կքած էր քամիէն… ինքզինք խելացի կարծող անձ մը «վիզուալ-սոցիոլոկիա» (հիանալի հայերէն…) տեսութիւնը կիրարկելով` «փաստած էր», որ ահա՛, կը տեսնէ՞ք` ՀՅԴ-ի նպատակը, իրօ՛ք հայ պետականութիւն չունենալն է…
«Իմաստակ», «անլուրջ», «խակ» ածականները անցան մտքէն. «երիտասարդ են. ի՞նչ գիտնան»: Նոյն ատեն ուրիշ մտածում մը յայտնուեցաւ ուղեղին. «Երիտասարդ են, այո՛, բայց ինչո՞ւ այսքան ամբարտաւան ու գոռոզ դարձած են. ութ տարեկան են տակաւին. ի՛նչ իրաւունքով այսպէս կը խօսին կուսակցութեան մը մասին, որ իրենց տուածին հազարապատիկը նուիրած է իր ժողովուրդին… Արդեօք ի՞նչ ըրած են իրենք…»:
Սկսաւ մտովի հակաճառել. սիրտը կը տրոփէր. ա, բ, գ, դ եկան շարուեցան իրարու ետեւ ու հարուածեցին… կարծես ձեռքի մատները մէկ-մէկ կը բանար ու թափ կու տար Դաշնակցութեան եւ սփիւռքի տկարացումը ծրագրած ուժերուն:
Ա.- Ոչ միայն հայ ազատագրական պայքարի, կամ` Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումի օրերուն, այլ նաեւ` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, սուրիահայութեան ապրած ծա՛նր օրերուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խաղացած դերը եղած է հիմնական: Հետեւաբար ըսել, որ իր արժէքը ազատագրական պայքարին մէջ կը կայանայ միայն, իրականութեան չի համապատասխաներ:
Բ.- Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն դաշնակցական երիտասարդներ հետեւած են «Մահ կամ ազատութիւն» կարգախօսին եւ իրենց կեանքը վտանգի ենթարկելով` պաշտպանած են հայ ընտանիքներ եւ հաց ու կերակուր հասցուցած անոնց:
Եւ, այո՛, ընտի՛ր տղաք զոհուած են, որպէսզի իրենց հայրենակիցները ապրին ազատ ու հանգիստ:
Գ.- Տգիտութիւնը մեղք չէ, բայց ամէն բան գիտցողի դերը ստանձնելը կամ իրականութենէն գիտակցաբար փախչիլը եւ խեղկատակութեան մօտենալը, այո՛, յանցանք է:
Դ.- Սփիւռքը հայրենի հողէն կտրուած է: Սփիւռքի մէջ դիմանալը, կազմակերպուիլը, մայրենի լեզու եւ ոգի պահելը անհաւատալիօրէն դժուար է, եւ սփիւռքի բոլո՛ր կուսակցութիւնները հոսանքն ի վեր թիավարելով` յաջողած են ազգային կառոյցներու շուրջ հաւաքել Ցեղասպանութենէն ետք հասած սերունդները, անոնց փոխանցելով ազգային ինքնութիւն, լեզու եւ հայրենիքի ամո՛ւր սէր: Զօրութենական հայրենիք մը ստեղծելով` այդ կուսակցութիւնները, որոնց շարքին` ՀՅԴ-ը, տարաբնոյթ հաւաքականութիւններ հայրենիքին կապուած պահած են: Յարգա՛նք` իրենց:
***
Յուզուած էր: Նայուածքը պատուհանէն դուրս ուղղեց. ծառերուն կանաչն ու երկնքին կապոյտը հանդա՜րտ կը ծփային մթնոլորտին մէջ: Անաչա՞ռ էր արդեօք. առարկայակա՞ն էր: Աչքերը դարձուց դէպի Գաղափարը, որ շատո՜նց լուծուած էր էութեանը մէջ: Հարցերը երկու կողմէն պէտք էր դիտէր:
Շարունակեց.
Ե.- Նոյն սփիւռքը ազդեցութիւններ կրած է տուեալ երկրի կենցաղային մշակոյթէն եւ դժբախտաբար ընկալած է նաեւ յոռի գիծեր, որոնցմէ զերծ չէ մնացած ՀՅԴ-ը: Տակաւի՛ն, Դաշնակցութիւնը, Հայաստանի ներկա՛յ հանրապետութիւնը ենթակայ եղած են ճնշումներու, թափանցուած եղած են մեծ երկիրներու գործակալներով ու օրուան աշխարհաքաղաքական վիճակին հետ տարուբերուած են աջ ու ձախ` միշտ հաւատալով, որ կը ծառայէ հայութեան եւ հայրենիքի շահերուն:
Զ.- Այդ ծիրէն ներս պէտք է դիտել Պաղ պատերազմի օրերուն ՀՅԴ-ի բռնած դիրքը Էջմիածնի դէմ եւ այս օրերու «փարումը» Գարեգին Բ. վեհափառին, 1958-ի եղբայրասպան կռիւները դաշնակցականներու եւ հնչակեաններու միջեւ, ու 2026-ի միասնականութեան ճիգերը` ռուսամէտ կուսակցութիւններու հետ… Սակայն նոյնանման բան մը չի՞ պատահիր արդեօք Հայաստանի ներկայ ղեկավարութեան, որ անկախութիւն կը գովերգէ, «տիւերսիքացիա» կը կրկնէ ու կը կրկնէ, բայց այլ լծակներէ կախեալ է, զինանշան ու խորհրդանիշ կ՛արժեզրկէ` կամակատար ըլլալով այլո՛ց պահանջներուն:
Կեցաւ: Ինք տակաւին կը հաւատար, որ սխալ եղած էր պարոն վարչապետը եւ իր խումբը «թուրք» կամ «դաւաճան» կոչելը. ճիշդ չէր եղած ծեծի կամ գնդակահարման թատերական ներկայացումներ կազմակերպելը, դեղին ու կարմիր քարտեր ցոյց տալը… Սխալ եղած էր անգամ մը եւս Ռոպերթ Քոչարեանի խումբին միանալը:
Վերոյիշեալ արարքները սրած էին կիրքերը ու պառակտած` ժողովուրդը: Երանի ՀՅԴ-ն ժողովուրդին ծառայած ըլլար լուռ ու մունջ, առանց իշխանութեան մաս կազմելու նպատակի: Երանի որեւէ դաշինքի միացած չըլլար ու հաւատարիմ մնացած ըլլար իր սկզբունքներուն…
Միւս կողմէ` որքա՜ն տխուր էր ի տես Հայաստանի ներկայ քաղաքական կեանքի պատկերին. ո՛չ որակ կար, ո՛չ խորք… դիմացինը արհամարհական խօսքերով վարկաբեկելը դարձած էր նոր չափանիշ: Դարուն հիւանդութիւնը վարակած էր պետութեան գրեթէ բոլո՛ր պատասխանատուները. Դիմատետրի էջերէն մինչեւ Ազգային ժողովի բեմ` հայհոյախառն լեզուն էր տիրապետողը. հայերէնն ալ հայերէն չէր… օպյեկտիւօրէն դիտուած` սիլլոժիզմէ պարպուած մէսէճներ կը ղրկէր խաղաղութեան, ինքնիշխանութեան, իրա՛ւ պետութեան մասին… Վերջին նորոյթն ալ սփիւռքի դերին սահմանումն էր Հայաստանի նկատմամբ. հարիւր տարի՜ արիւն-քրտինք թափած, կազմակերպուած կառոյցները պէտք էր հրաժարէին եղեր բոլո՜ր դպրոցներէն, ճամպրուկի մը մէջ դնէին արեւմտահայերէնն ու մեսրոպեան ուղղագրութիւնը եւ զինուորի պէս` «պատրա՛ստ» ըսէին Հայաստանին: Հայաստանի՞ն, թէ՞ այն երկրին, որ գլխու ցաւ կը համարէր «աւանդական» կուսակցութիւնները, Ցեղասպանութեան յիշեցումը, Արեւմտահայաստանէն մնացած լեզուն:
Ո՞վ կար Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ սփիւռքը տկարացնելու ճիգերուն ետեւ. Թուրքիա՞ն, Ազրպէյճա՞նը, Եւրոպա՞ն, Իսրայէ՞լը, Ռուսիա՞ն, Ամերիկա՞ն: Այս օրերուն ամէն ուժ ամէն բան կրնար ընել:
Ափսո՜ս, որ «իրական» Հայաստանի ղեկավարները չէին անդրադառնար իրականութեան եւ զօրաւոր սփիւռք ու զօրաւոր Հայաստան կերտելու փոխարէն, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, հայ ժողովուրդի գոյութենական պայքարի ողնասիւնը կը հարուածէին:
***
Թէյը պաղած էր, կրկնեփները մնացեր էին պնակին մէջ:
Ո՞ւր էր Գաղափարը: Ո՛չ երեւակայածին հայ երիտասարդը, որ ամէն հայու դուռ կը թակէր, այլ` այն, որ պէտք էր միացնէր մեզ բոլորս, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռք: Այն, որ ծնած էր Հայոց պատմութեան ակունքէն ու մեր մէջն էր սկիզբէն:


