Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախութիւն

September 21, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

Խորհրդային Միութեան, որուն մաս կը կազմէր Հայաստանը, Համայնավար կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար Լէոնիտ Պրեժնեւի մահէն ետք (1982-ին), Համայնավար կուսակցութեան ղեկին անցան ծերացած եւ հսկայ երկիրը կառավարելու անկարող ղեկավարներ: 1985-ի մարտին Խորհրդային Միութեան կոմունիստական կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար ընտրուեցաւ Միխայիլ Գորբաչովը: Երկիրը կը գտնուէր տնտեսական ու քաղաքական ծանր վիճակի մէջ: Ճգնաժամային վիճակէն դուրս գալու նպատակով, նոր գլխաւոր քարտուղարը փորձեց կատարել տնտեսական եւ քաղաքական բարեփոխումներ:

Համայնավար կուսակցութեան 27-րդ համագումարը (1986 թուական) որոշեց արմատապէս վերակառուցել երկրի տնտեսութիւնը, քննադատաբար վերանայիլ նախկին սխալները եւ… հասարակութեան մէջ մտցնել ժողովրդավարութեան տարրեր: Այս քաղաքականութիւնը յայտնի դարձաւ իբրեւ հրապարակայնութիւն եւ վերակառուցում:

Հրապարակայնութիւնը ջուրի երես հանեց անթեղուած ու մոռցուած կարծուած ազգամիջեան բազմաթիւ տագնապներ, որոնց առաջիններէն մէկը հանդիսացաւ Ղարաբաղեան պահանջատիրութիւնը: Սկսած 1988 փետրուարին Արցախի ինքնավար մարզին մէջ, պահանջատիրութիւնը ոտքի հանեց Խորհրդային Հայաստանի եւ սփիւռքի ողջ հայութիւնը:

Առանց մտնելու մանրամասնութիւններու մէջ, արձանագրենք, որ ստեղծուած Ղարաբաղ կոմիտէն ծնունդ տուաւ Հայոց համազգային շարժման: ՀՀՇ-ի կողքին, սկսան սաղմնաւորուիլ զանազան խմբաւորումներ եւ հասարակական շարժումներ, որոնց կարգին արտասահմանի մէջ գործող հայկական կուսակցութիւնները` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը:

Ազատ ընտրութիւնները արտօնուած ըլլալով, 20 մայիս 1990-ի Հայաստանի խորհրդային սոցիալիստական հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի ընտրութիւններուն մասնակցեցան, Համայնավար կուսակցութեան կողքին ՀՀՇ-ն եւ այլազան խմբաւորումներ: Այս ընտրութիւններուն, որոնց մասնակցեցան նաեւ Ղարաբաղի Ինքնավար մարզի հայերը, ՀՀՇ-ն ապահովեց համեմատական մեծամասնութիւն (մեծագոյն թիւով խմբաւորում): Գերագոյն խորհուրդի նախագահ ընտրուեցաւ ՀՀՇ-ի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեանը: Բազմաթիւ պատգամաւորներ անդամագրուեցան նորաստեղծ կուսակցութիւններու:

Բազմակուսակցական Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը իր առաջին նստաշրջանին ձեռնարկեց Հայաստանի անկախութեան գործընթացին: Երկարատեւ եւ բուռն վիճաբանութիւններէ ետք, 23 օգոստոս 1990-ին Գերագոյն խորհուրդը որդեգրեց «Հռչակագիր Հայաստանի անկախութեան մասին» փաստաթուղթը, որով պաշտօնապէս յայտարարեց անկախութեան հռչակման մեկնարկը: Հռչակագիրը, որ երկիրը կը վերակոչէր «Հայաստանի Հանրապետութիւն» կամ պարզապէս Հայաստան, բաղկացած էր 12  կէտերէ: Հայաստանի եւ Ղարաբաղի վերամիացման պահանջը կը գտնենք նախաբանին մէջ, իսկ 11-րդ նախավերջին յօդուածը կ՛ըսէ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը սատար է կանգնում 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիայում եւ Արեւմտեան Հայաստանում Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին»: Հռչակագիրը ամփոփ կերպով կը յիշատակէ` «Զարգացնելով 1918 թուականի մայիսի 28-ին ստեղծուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները», պետութեան ազգային, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու պաշտպանական հիմնական սկզբունքները: Գերագոյն խորհուրդը որդեգրեց առաջին անկախութեան հիմներգը, եռագոյն դրօշը եւ զինանշանը:

Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի որոշումով, 21 սեպտեմբեր 1991-ին կազմակերպուեցաւ հանրաքուէ, Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս գալու եւ անկախանալու հարցով: Քուէարկութեան իրաւունք ունեցողներու 94,39 տոկոսը (2 միլիոն 43 հազար մարդ) այո՛ ըսաւ անկախութեան: Հանրաքուէի արդիւնքներու վերջնական հրապարակումէն ետք, 23 սեպտեմբեր 1991-ին Գերագոյն խորհուրդը Հայաստանը հռչակեց անկախ պետութիւն: Իբրեւ անկախութեան օր հռչակուեցաւ հանրաքուէի օրը` 21 սեպտեմբերը:

Անկախութեան հռչակումէն առաջ, Գերագոյն խորհուրդը որդեգրած էր նախագահական կառավարման վարչաձեւը: Սահմանադրական հանրաքուէով որդեգրուած առաջին սահմանադրութիւնը 1995-ին նախագահական շեշտուած կառավարման նկարագիր ունէր: 2005-ին հանրաքուէով հաստատուած երկրորդ սահմանադրութիւնը կը հաստատէր կիսանախագահական վարչաձեւ, իսկ 2017-ին որդեգրուած եւ 2018-ին գործադրուած սահմանադրութիւնը հաստատեց խորհրդարանական կառավարման վարչաձեւ: Երեք սահմանադրութիւնները իրենց նախաբանին մէջ կը յիշատակեն Անկախութեան հռչակագիրը: Ընդունուած է, որ սահմանադրութիւններուն նախաբանները մաս կը կազմեն անոնց: Անկախութեան հռչակագիրը ուրեմն մաս կը կազմէ գործող սահմանադրութեան:

Հայաստանի կառավարութիւնը ձեռնարկած է նոր, չորրորդ սահմանադրութեան մը մշակման Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ նախաստորագրուած (համաձայնեցուած) խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար Ազրպէյճան պայման կը դնէ Ղարաբաղի Հայաստանի միացման պահանջը վերցնել սահմանադրութենէն, իսկ Թուրքիա կը պահանջէ անկէ հանել Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման մասին նշումը: Երկու կէտերն ալ մաս կը կազմեն անկախութեան հռչակագիրին: Հայաստանի իշխանութիւնները կը յայտարարեն, որ տուրք տալով ազրպէյճանական եւ թրքական պահանջներուն, կ՛ուզեն անկախութեան հռչակագիրը դուրս հանել նոր սահմանադրութենէն: Հանրաքուէ կազմակերպելու համար իշխանութիւնը կարիք ունի Ազգային ժողովի երկու երրորդի ձայներուն, որ չունի: Թէժ պայքար կը սպասուի եւ տագնապալի վիճակ Ազգային ժողովին մէջ:

Պետութեան մը անկախութիւնը ազգային նպատակներու իրագործման համար կը հռչակուի: Այդ նպատակները վկայակոչուած են Անկախութեան հռչակագրին մէջ: Հռչակագիրը փոփոխելի չէ, վերանայելի չէ, Հայաստան անկախացած է Հռչակագրի գործադրութեամբ: Ան պիտի մնայ, զերթ բոլոր նպատակներուն իրագործումը:

 

 

 

Նախորդը

35 Տարի Առաջ. Հայաստանի Անկախութեան Յայտարարութեան «Ազդակ» Կ՛անդրադառնար Առանձին Խմբագրականով Եւ Լրատուութեամբ

RelatedPosts

35 Տարի Առաջ.  Հայաստանի Անկախութեան Յայտարարութեան «Ազդակ» Կ՛անդրադառնար Առանձին Խմբագրականով Եւ Լրատուութեամբ
Անդրադարձ

35 Տարի Առաջ. Հայաստանի Անկախութեան Յայտարարութեան «Ազդակ» Կ՛անդրադառնար Առանձին Խմբագրականով Եւ Լրատուութեամբ

September 21, 2026
Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Ժ. Դասարանի Հայաստանագնացութիւնը
Անդրադարձ

Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Ժ. Դասարանի Հայաստանագնացութիւնը

September 21, 2026
Ի Զուր Կը Հնչեն Արեւելումներ, Եթէ Ազգը Պատրաստ Չէ Զանոնք Ընկալելու   (Անկախութեան 35-Ամեակ)
Անդրադարձ

Ի Զուր Կը Հնչեն Արեւելումներ, Եթէ Ազգը Պատրաստ Չէ Զանոնք Ընկալելու (Անկախութեան 35-Ամեակ)

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.