Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիմադրութեան Շուքին Տակ Մեծցած Մանուկներ

September 19, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱԼԻ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ

1915 թուականի ամրան, երբ Մուսա Լերան շրջանի վեց գիւղերու հայութիւնը ստացաւ բռնագաղթի հրամանագիրի լուրը, որոշեց չհնազանդիլ: Փոխանակ Տէր Զօր ուղարկուելու մահուան կարաւաններով` բնակիչները բարձրացան լեռ ու հոն կազմակերպեցին իրենց դիմադրութիւնը: Այդ որոշումը բաւական ծանր էր գիւղերու մանուկներուն համար, որոնց մանկութիւնը յանկարծ շաղախուեցաւ անգութ թշնամիին ստեղծած անապահով եւ սպառնացող միջավայրին հետ:

Քառասունհինգ օրերու ընթացքին այդ փոքրիկները ապրեցան այն, ինչ որ ոչ մէկ մանուկ պէտք է ապրի` սով, վախ, անորոշութիւն ու շարունակական սպառնալիք: Սակայն նոյն այդ դժուար պայմաններուն մէջ անոնք ականատես եղան մեծերու անսակարկ զոհողութեան` համայն մուսալեռցիներուն  փրկութեան նպաստելու:

Մանուկները իրենք ալ իրենց բաժինը բերին: Աղջնակներ ու տղաներ, հազիւ քանի մը տարեկան, ջուր կը կրէին պաշարուած դիրքերուն, կ՛օգնէին վիրաւորներուն խնամքին, կը հաւաքէին վառելափայտ եւ ուտելիք, ուր որ կարելի էր գտնել: Աւելի մեծ պատանիները հսկողութեան գործերուն մասնակցեցան, լուր կը փոխանցէին դիրքէ դիրք, ուշադիր`  հեռու մնալու թշնամիին աչքէն: Փոքրերն անգամ, որոնք դիրքի մարտերուն մասնակցելու տարիքի չէին, կը սորվէին լռութեան արժէքը, երբ գիշերուան մէջ ամէն ձայն կրնար մատնութիւն դառնալ:

Այս գործնական մասնակցութեան միջոցով մանուկները սորվեցան, թէ ի՛նչ կը նշանակէ միասնականութիւն. ամէն ոք  դեր մը ունէր կատարելիք ընդհանուր փրկութեան ճամբուն վրայ: Անոնք տեսան, թէ իրենց ծնողները, հօրեղբայրները, դրացիները ինչպէ՛ս կ՛աշխատէին միասնաբար, առանց խտրութեան, միայն մէկ նպատակի համար` գոյատեւում:

Այդ պայմաններուն մէջ մեծցող մանուկները իրենց մորթին վրայ զգացին, թէ ի՛նչ արժէք ունի հայրենասիրութիւնը, երբ տեսան մեծերը` հրաժարելով անձնական հանգիստէն ու վտանգէն, կռուելով ոչ միայն իրենց, այլ նաեւ յաջորդ սերունդներուն ազատութեան համար: Անոնք սորվեցան զոհողութեան իմաստը` տեսնելով, թէ ինչպէ՛ս ամէն ընտանիք իր ունեցածէն կու տար հասարակաց գործին, ուր ոչ ոք մինակ կը մնար իր տառապանքին մէջ:

Մուսա Լերան դիմադրութիւնը աւարտեցաւ ֆրանսական նաւատորմի փրկարար միջամտութեամբ: Յոյսի եւ փրկութեան սպասումը միացաւ ժողովուրդի մը անսասան կամքին, եւ այն մանուկները, որոնք բարձրացած էին լեռը վախով, անորոշութեամբ, իջան իբրեւ աննկուն սերունդ մը, որ իր մորթին վրայ ապրած էր հայրենասիրութեան, զոհողութեան եւ միասնականութեան իսկական իմաստը: Այս փորձառութիւնը դարձաւ անոնց ապագային հիմքը` արժէքներու ժառանգութիւն մը, զոր անոնք փոխանցեցին յաջորդ սերունդներուն:

 

 

 

 

Նախորդը

Ինքնուս Ստեղծագործող Մը Եւս` Պետրոս Թաշճեան

RelatedPosts

Ինքնուս Ստեղծագործող Մը Եւս` Պետրոս Թաշճեան
Անդրադարձ

Ինքնուս Ստեղծագործող Մը Եւս` Պետրոս Թաշճեան

September 19, 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը`  Անցեալէն Դէպի Մերօրեայ Ապրումներ
Անդրադարձ

Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի Մերօրեայ Ապրումներ

September 19, 2026
ԼՕԽ-ական Արսինէ Մելքիսէթեանի Յիշատակին
Անդրադարձ

ԼՕԽ-ական Արսինէ Մելքիսէթեանի Յիշատակին

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.