Խնդիրը այն է, որ երբ ի վերուստ օժտուած մանուկներ աննպաստ եւ կամ սխալ միջավայրի մէջ մեծնան, իրենց տաղանդը ո՛չ կը դրսեւորուի եւ ո՛չ ալ կ’աճի: Այդպէս եղած է Այնճարի հիմնադրութեան (1939-ին) առաջին տարիներուն ծնած երեխաներու ճակատագիրը: Սակայն, որովհետեւ մուսալեռցին, խիստ մարտունակ ըլլալով հանդերձ, ունէր նաեւ ստեղծագործ միտք եւ կը հաւատար ազգային մշակոյթի առաքելութեան, անմիջապէս եկեղեցւոյ կողքին կը հիմնադրուի դպրոց, որուն զուգահեռ հոն կարճ ժամանակի ընթացքին կը կազմակերպուին արուեստի առանձին միաւորներ, ինչպէս նաեւ` թատերախումբ, պարախումբ, երգչախումբ: Նոյնիսկ կը հրատարակուի «Մուսա Լեռ» անունով պարբերաթերթ (խմորատիպ), որուն առաջին խմբագրութեան մաս կը կազմեն Եդուարդ Պօյաճեանն ու Թովմաս Հապեշեանը:
Այս բոլորով հանդերձ, կերպարուեստը կը մնար լուսանցքի վրայ, որովհետեւ Մուսա Լերան մէջ կերպարուեստի ո՛չ դպրոց գոյութիւն ունէր, եւ ո՛չ ալ ոեւէ կերպարուեստագէտ ապրած եւ ստեղծագործած էր հոն: Սակայն քանդակելու տաղանդը կը դրսեւորուէր կիրառական արուեստներու մէջ, յատկապէս` փայտամշակութեան, մետաղագործութեան եւ կամ ասեղնագործութեան մէջ: Մասնաւորապէս խնամքով կը դրուագազարդէին օժիտի սնտուկներն ու դաշոյններու բռնակները: Իսկ մուսալեռցի աղջիկներն ու կիները նուրբ ու գեղեցիկ ծածկոցներ, սփռոցներ եւ կամ` կենցաղային այլ առարկաներ (յաճախ` մետաքսեայ) կը հիւսէին ու կը զադարէին բրդեայ եւ մետաքսեայ գունաւոր թելերով: Հակառակ տիրող աննպաստ պայմաններուն` այս բոլորը շարունակուեցան նորաստեղծ Այնճար հայաւանին մէջ:
Գրողներն ու բանաստեղծները համեմատաբար թէ՛ շատ են եւ թէ՛ յայտնի են բոլորին: Այո՛, ի հեճուկս տիրող անձուկ եւ աննպաստ պայմաններուն` մուսալեռցիք ունեցան գրեթէ նոյն թուականներուն (1938-39) ծնած շարք մը կերպարուեստագէտներ, որոնցմէ ոմանք յայտնի անուններ դարձան: Գեղանկարիչ Ժան Գազանճեան (Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ), քանդակագործ եւ գեղանկարիչ Գեղամ Թազեան (Միացեալ Նահանգներ), գեղանկարիչ հայր Յարութիւն Պզտիկեան (Իտալիա), ջրանկարիչ Վրէժ Թասլաքեան եւ տոքթ. Յարութիւն Նաքուլեան (Հայաստան), փայտարուեստագէտ քանդակագործ Վարուժան Մարտիրեան (Լիբանան) եւ գծանկարիչ Սամուէլ Մարգարեան (Լիբանան) եւ այլն: Յաջորդ սերունդէն անոնք, որոնք կրցած են դուրս գալ Այնճարէն եւ մասնագիտական կրթութիւն ստանալ, անոնցմէ շատեր արդէն իսկ կայացած արուեստագէտներ են, ինչպէս` Աղասի (Պօղոս Թասլաքեան), Օվսէ (Յովսէփ Աշգարեան), Գրիգոր Սգայեան, Ժիրայր Փանոսեան, Մարալ Փանոսեան, Նարեկ Այնթապլեան, Յակոբ Ճանպազեան, Տաթեւ Գասամանեան-Գույումճեան եւ այլն: Նոյն սերունդին պատկանող ունինք երկու խմբավար երաժիշտներ` Պարգեւ Թասլաքեան եւ Զաքար Քէշիշեան, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր տեսակին մէջ գագաթներ կը համարուին: Մուսալեռցիներու ստեղծագործելու տաղանդը դրսեւորուած է նաեւ ոսկերչութեան մէջ: Ունինք ձեւաւորող եւ իրագործող ոսկերիչներու փաղանգ մը, որոնցմէ ինծի ծանօթ են միայն հետեւեալներուն գործերը` Սեւակ Տումանեան, Սարհատ Աբրահամեան, Սարգիս Նաշալեան, Միսաք Անտոնեան, Գաբրիէլ Գէօհիւլեան… եւ այլն:
Այսօր Այնճարի մէջ գոյութիւն ունի «Anjar Art Gallery» ցուցասրահը, ուր կը ներկայացուին երեսունէ աւելի մուսալեռցի կերպարուեստագէտներ, որոնց մեծամասնութիւնը գիւղաբնակներ են: «Գիւղաբնակ» բառը կ՛ուզենք յստակացնել, որովհետեւ անոնք կա՛մ միայն թերի մասնագիտական կրթութիւն ունին եւ կամ ալ բոլորովին ինքնուս են: Թէ՛ ցուցասրահի գործունէութեան եւ թէ՛ հոն ցուցադրուող անուններուն ծանօթ են մեր ընթերցողները: Ցուցասրահը ստեղծուած, կազմակերպուած է եւ կը գործէ Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեաններու նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ եւ գործակցութեամբ «Նոա՛զ արք» ցուցասրահի հետ: Այս ցուցասրահէն գոյացած եկամուտը հաւասարապէս կը տրամադրուի գիւղի երկու դպրոցներուն:
Ցուցասրահի մնայուն անդամներէն քանդակագործ Վարդան Գապագեանի վերջերս պատահած անժամանակ եւ անակնկալ մահը սուգի մատնեց ոչ միայն ցուցասրահի անձնակազմն ու իր ընկերները, այլ նաեւ` ողջ գիւղը: Վարդան Գապագեանը մեծապէս սիրուած ու գնահատուած էր թէ՛ իբրեւ ստեղծագործող եւ թէ՛ իբրեւ Այնճարի արժանաւոր զաւակ:
Արդէն իսկ աւանդութեան վերածուած` ամէն տարի սեպտեմբերին` Մուսա Լերան տօնին առիթով, Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղը կերպարուեստի ցուցահանդէս մը կը կազմակերպէ: Այս տարի հերթը այնճարաբնակ Կարպիս Քենտիրճեանին է, որուն անհատական գեղանկարչական ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 17 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ: Այնճարի գեղատեսիլ վայրերն ու կենցաղը բնութագրող անոր գործերը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին արուեստասէրներու մէջ, որոնց մասին հարկաւոր է անդրադառնալ առանձին… Ի դէպ, Այնճար ծնած եւ մեծցած գեղանկարիչներէն ուրիշներ եւս ունին կենցաղային բնոյթի ստեղծագործութիւններ, ինչպէս` Րաֆֆի Անտոնեանն ու Նշան Տէր Գալուստեանը:
Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի պարբերաբար ներկայացուցած եւ կամ «Anjar Art Gallery» ցուցասրահին մէջ ցուցադրուած կերպարուեստագէտներուն անուններուն քիչ թէ շատ ծանօթ են «Ազդակ»-ի ընթերցողները: Սակայն շուքի մէջ մնացած է արուեստագէտի խառնուածք ունեցող քարտաշ վարպետ մը` Պետրոս Թաշճեանը, որ անսալով ստեղծագործելու իր ներքին մղումին, պարզապէս սիրողական գետնի վրայ կը շարունակէ ստեղծագործել ամենանախնական (primitive) կերպով: Ան խճանկարի արհեստագիտութեամբ գունաւոր քարեր կը տաշէ, կը յղկէ ու կը շարէ զանոնք` ստեղծելով պատկերներ, ինչպէս` դրօշակներ, Արարատը, ՀՅԴ-ի զինանշանը, Մուսա Լերան յուշարձանը եւ այլն: Վերջին տարիներուն սկսած է նաեւ իրագործել մանրակերտներ, որոնք կը ներկայացնեն Այնճարի կենցաղային բնոյթի յուշարձաններն ու այլ կառոյցներ (թոնիրը, հնձանը (պաթոզ), ջրամբարը, աղբիւրը (գասդալ), առաջին բնակարանային նմուշը եւ այլն): Այս առումով ան նկարազարդած է Այնճարի Ակի մեծածաւալ պատը, (յիսուն մեթրէ աւելի երկարութեամբ եւ երեք մեթր բարձրութեամբ):
Պետրոսը նմանօրինակ բազմաթիւ զարդարանքներ ունի` ագուցուած այլ կառոյցներու, ինչպէս` իր կամ իր եղբօրը` Լեւոն Թաշճեանի բնակարանները: Լեւոնը նոյնպէս արուեստագէտի հակումներ ունի, այս անգամ` լուսանկարչական թեքումով:
Պետրոսը իր քարտաշութեան արուեստը ժառանգած է իր մեծ հօրմէն` Լեւոն Թաշճեանէն: Ի դէպ, Աղասիին մեծ հայրը եւս եղած է քարտաշ վարպետ, իսկ Վարուժան Մարտիրեանի մեծ հայրը նշանաւոր փայտարուեստագէտ էր: Մուսա Լերան մէջ ունեցած ենք նաեւ այլ բազմաթիւ քարտաշներ կամ փայտարուեստագէտներ, որոնցմէ կրնամ յիշել միայն Սրըգեան Պապուկն ու Յովսէփ Թասլաքեանը:
Փակելէ առաջ այս ակնարկը` հարկաւոր է նշել, որ մուսալեռցիք ունեցած են բազմաթիւ կին ստեղծագործողներ, որոնց մասին եւս արժէ անդրադառնալ առանձին:
Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ մուսալեռցին մարտունակ եւ քաջարի ժողովուրդ է, սակայն ռազմատենչ չէ, այլ իր մարտունակութիւնը պայմանաւորուած է ինքնապաշտպանութեամբ, եւ առաջին հերթին` ազգային մշակոյթն ու անոր գոյատեւումը ապահովելու վճռակամութեամբ:
Այնճար, 2026









