Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերաթարմացուող Պատգամ

(Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակ Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակ)

September 19, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին եթէ տեղի չունենար Մուսա Լերան քառասուն օրերու հերոսամարտը, վստահաբար մեր նախահայրերու օրրանը` չքնաղ Մուսա Լեռը, պատմականօրէն պիտի մնար շուքի մէջ, եւ հաւանաբար մուսալեռցիները պիտի ջարդուէին Տէր Զօրի անապատներուն մէջ, կամ, վերջին հաշուով, պիտի դառնային գաղթական բեկորներ… ցիրուցան ու անտէր:

Հապա՞ եթէ պատմական Հայաստանի ողջ տարածքին այդ օրերուն ապստամբութիւնները համատարած բնոյթ ունենային` Վանի, Շապին Գարահիսարի, Ուրֆայի, Զէյթունի եւ այլն կողքին, ի՞նչ կրնար ըլլալ մեր ժողովուրդին ճակատագիրը եւ Հայկական Լեռնաշխարհի ապագան…

Բայց ազգային խորք ունեցող հերոսական պատմութիւնները «եթէ»-ներով չեն արձանագրուիր, այլ կը կերտուին` հեռատեսութեամբ, դիւանագիտական հմտութեամբ, քաջութեամբ, համախոհութեամբ եւ մանաւանդ` միասնակամութեամբ:

– Մուսալեռցի մեր նախահայրերը հեռատե՞ս էին. այո՛, հեռատես էին…

– Անոնք դիւանագէ՞տ էին. վստահաբա՛ր…

– Ժողովուրդը համախոհ ու միասնակա՞մ էր. անկասկա՛ծ…

– Քաջասի՞րտ էին. այո՛, պատմութիւնը փաստեց այդ մէկը եւս…

Բայց նաեւ անոնց առաջնորդները «խենթեր» էին, եւ ամէնէն կարեւորը` ժողովուրդը կը հաւատար այդ «խենթ»-երուն:

Հետագային Մուսա Լերան հերոսամարտի երիտասարդ առաջնորդ Մովսէս Տէր Գալուստեան իր յուշերուն մէջ պիտի գրէր. «Սուէտիոյ հայ ժողովուրդը հետեւած էր հուսկ ուրեմն ընդվզումի եւ ըմբոստութեան կարմիր աւետարանը քարոզող «խելագար»-ներու խմբակին. ասպետական հպարտութեամբ մերժած էր հնազանդիլ գաղթի անողոք հրամանին, պատուաւոր մահը գերադասած էր տարագրութեան ստրկային կեանքէն` արհամարհելով թուրք բարբարոս կառավարութեան բոլոր սպառնալիքներն ու Մուսա Լերան սիգապանծ սարերուն վրայ էր արդէն երեք օրերէ ի վեր…»:

Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել քանի մը պատերազմական զէնքերով ու ընդհանրապէս որսի հրացաններով ապստամբութեան դրօշ պարզելը հսկայ կայսրութեան մը հզօր բանակներուն դէմ:

Բայց նաեւ կար մետալին միւս երեսը, որ կ՛արտացոլացնէր մուսալեռցիին անկոտրում հաւատքը առ Աստուած, անոր անբեկանելի կամքը եւ Հայոց ցեղասպանութեան` թուրքին երեսն ի վեր ո՛չ ըսելու, անոր առջեւ չխոնարհելու հաստատամտութիւնն ու վճռակամութիւնը:

Արդարեւ, Մուսա Լեռը պարզապէս սարերով ու ձորերով լեռնաշխարհ մը չէր, այլ` անառիկ բերդ մը. հոն կոփուած էր մուսալեռցիի իւրայատուկ նկարագիրը. ան որքան խաղաղասէր էր, նոյնքան ալ` ըմբոստ. որքան` ազնիւ ու միամիտ, նոյնքան ալ` գոռոզ ու սրամիտ. հաւատարիմ` քրիստոնէական ամենասուրբ եւ խորախորհուրդ սկզբունքներուն: Անընկճելի էր անոր հոգին, իսկ սէրը ազատութեան հանդէպ` գերազանց:

1915-ին Համաշխարհային Ա. պատերազմի թոհուբոհին մէջ, երբ հայկական համատարած ցեղասպանութեան տարիներուն հետզհետէ սկսած էին մոխրանալ պատմական մեր գիւղերն ու քաղաքները, ահաւասիկ այդ մոխիրներուն տակէն կայծկլտող կրակն էր, որ սկսաւ առկայծել ու վերածուիլ Մուսա Լերան քառասուն օրերու հերոսական սխրանքին: Արդարեւ, պատմական ո՞ր դէպքերը ամէնէն շատ կը յիշատակուին, կ՛արծարծուին, կը քննարկուին, օրինակ կը ծառայեն. բնականաբար` անոնք, որոնք մեծ տպաւորութիւն կը ձգեն շրջապատին վրայ: Մուսա Լերան պարագային ու նամանաւանդ Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան քառասուն օրերը» գիրքի աւելի քան 50 լեզուներու թարգմանութեամբ ան վերածուեցաւ համաշխարհային իւրօրինակ դրուագի: Աւելի ուշ Անգլիոյ վարչապետ Տէյվիտ Լորտ Ճորճ հետեւեալ արտայայտութիւնը պիտի ունենար. «Հայրենիքի համար պէտք է կռուիլ  այնպէս, ինչպէս մուսալեռցիները կռուեցան 1915-ին Մուսա Լերան 40 օրերու հերոսամարտին ընթացքին…»:

Ուրեմն իսկական հայու կերպարին պատկերացումը ունենալու համար հարկաւոր է կարդալ Վերֆելի «Մուսա Լերան քառասուն օրերը» գիրքը. հոն մենք կը տեսնենք անզիջող հայը` իր ոգիին, բարոյականին, գաղափարներուն, աւանդութեանց, ձգտումներուն եւ ազգային հայրենասիրական հաւաքական ապրումներու թարգմանը հանդիսացող մարդու տեսակը:

Մեր նախահայրերուն մղած երկրորդ հերոսական ճակատամարտը 1939-1940 տարիներուն Այնճարի մէջ էր այս անգամ:

Պատմութիւնը յաճախ դաժան եղած է մեր ժողովուրդին նկատմամբ, երբեմն, սակայն, մենք ալ նոյնքան դաժան եղած ենք մեր հայրենիքի նկատմամբ:

Արդեօք այդպէս չէ՞ր պարագան, երբ 1939-ին որոշում կայացուեցաւ թողուլ մեր պատմական օրրանը` կանաչապատ ու հրաշագեղ Մուսա Լեռը, ու գալ հաստատուիլ բոլորովին չոր ու անապատային, աղտոտ ու անմարդաբնակ այս տարածքին մէջ:

Առանց խորանալու պատմական ու քաղաքական վերլուծութիւններու մէջ` անմիջապէս ըսեմ, որ մեր հայրերուն երկրորդ «խենթութիւնն» էր Այնճար հաստատուիլը:

Այնճարի հիմնադրութեան պատմութիւնը շատերու ծանօթ է, այս անգամ պատերազմը կեանքի ամէնէն տարրական պայմանները ստեղծելու համար կը մղուէր: Բնութեան, հիւանդութիւններու, անօթութեան, անգործութեան եւ այլնի յաղթահարումը այդ օրերուն արժեց աւելի քան հազար մարդու կեանք: Բարեբախտաբար անխախտ  հաւատքով, անկոտրում կամքով, ժրաջան աշխատանքով ու անսակարկ նուիրումով մեր նախահայրերը հոս եւս յաղթանակ արձանագրեցին ու հետագայ սերունդներուն համար ստեղծեցին հոյակապ ու հրաշալի միջավայր մը, որ խորհրդանիշ դարձաւ կեանքի նոր որակի ու յատուկ կենսակերպի: Երեւի յաճախ պիտի մատնանշուի, որ Այնճարը կեանքի խորհրդանիշ է ամէն բանէ առաջ: Ան ցցուն օրինակ է, թէ ինչպէ՛ս կարճ ժամանակի ընթացքին անմարդաբնակ անապատը կարելի է վերածել կանաչազարդ կեցավայրի` դալարագեղ ու չքնաղ գիւղաւանի, զայն դարձնելով տնտեսական լայն կարելիութիւններով օժտուած հողատարածքի:

Այնճարի ջուրը, բնութիւնը, երկրագործական կարելիութիւնները, զբօսաշրջային բնագաւառը, միջազգային մայրուղին եղած են ու կը մնան գիւղին տնտեսական բարգաւաճման հիմնական գրաւականները: Ասոնք մետալին մէկ երեսն են. կայ միւս կողմը, ուր ադամադեայ տառերով փորագրուած են մուսալեռցիներու բարոյահոգեբանական արժանիքները:

Փորձեմ ներկայացնել.

– Պահպանուած է մուսալեռցիներու լեզուամտածողութեան միջնաբերդը` մեր բարբառը: Հայ ժողովուրդի բազմատասնեակ կորսուող բարբառներու դիմաց տակաւին կանգուն է եւ իբրեւ ամէնօրեայ խօսակցական լեզու` կը մնայ համահայկական գանձ:

– Այնճարի մէջ առ այսօր պահպանուած են համազգային թէ համագիւղական բոլոր աւանդութիւններն ու սովորութիւնները, որոնք տարուան բոլոր թուականներուն կը նշուին պատշաճ ձեւով:

Մետալին այս երեսը կ՛ընդգրկէ նաեւ գիւղի երեք համայնքները` իրենց եկեղեցիներով եւ կրթական օճախներով, մեր միութիւններն ու հաստատութիւնները, ամբողջ ժողովուրդը ու անոնց գլխուն Այնճարի քաղաքապետութիւնն ու ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն: Կ՛արժէ յիշել ու շեշտել, որ ասիկա այնպիսի համակարգ մըն է, որ կը գործէ փոխադարձ յարգանքի ու սիրոյ սկզբունքով, իրար հասկացողութեամբ ու ընդհանրապէս ընդհանուրի շահը անձնականէն բարձր դասելու գիտակցութեամբ ու պատասխանատուութեամբ: Մետալի այս երեսի սրտին երեւի իւրայատուկ կշիռ ունի Մուսա Լերան տհոլ` զուռնան, որ մեր ազգի տխրութեան թէ ուրախութեան, յաղթանակներու թէ նոյնիսկ պարտութեան ժամանակ ընկերակցած է մեր ժողովուրդին եւ մարդոց սրտերը թունդ հանելով` վճռորոշ դեր ունեցած է մուսալեռցիներու ճակատագիրին մէջ:

Մետալին երկու երեսներու կապը այն հզօր ու անխորտակելի ոգին է, որուն արմատները կ՛երթան մինչեւ պատմական Մուսա Լեռ ու կը միախառնուին Խըտըրպէկի ժայռարմատ սօսիի ճիւղերուն թէ լերան գագաթին աւերակուած յուշարձանի անմահ խորհուրդին: Այնճարը էական արժէք է մանաւանդ աշխարհով մէկ տարածուած մուսալեռցիներու համար եւ հիմնական կապը` անոնց ու պատմական Մուսա Լերան միջեւ:

Քեմպրիճի, Ֆրեզնոյի, Լոս Անճելըսի, Մելպուռնի, Տիթրոյիթի, Եւրոպայի եւ այլ բնակավայրերու մուսալեռցիներու նկարագիրի կազմաւորման կիզակէտը պատմական Մուսա Լեռն է ու քառասնօրեայ հերոսամարտը. բայց այդ ազգային ոգիի բորբոքման մղիչ ուժը փաստօրէն Այնճարն է: Արդարեւ, երբ որ հարցը վերաբերած է ազգային արժանապատուութեան, անոնք բարձրաձայն գոչած են. «Մենք լեռն ենք տակաւին, թող ետ գայ թշնամին…»:

Մեր գիւղի` Այնճարի պատմութիւնը դեռ օր մը հանգամանօրէն կը գրուի, բայց որ Այնճարը եւ այնճարցի մուսալեռցիները համահայկական արժէք են, կասկածէ վեր է:

Առնուազն տարին մէկ անգամ անոնք համայն հայութեան կը յիշեցնեն, որ հայը ի վիճակի է տէր կանգնելու իր ազատութեան` չխոնարհելով թուրքին. յաղթանակները կը կերտուին` միասնակամութեամբ, հզօր կամքով, անգին զոհողութիւններով, քաջութեամբ եւ անբեկանելի հաւատքով:

Այո՛, այսօր մուսալեռցիները պատմական Մուսա Լերան Վագըֆ գիւղէն մինչեւ Հայաստան` Մուսա Լեռ գիւղ, Այնճարէն մինչեւ Ֆրեզնօ, Քեմպրիճ, Լոս Անճելըս, Տիթրոյիթ, Մելպուռն` աշխարհի տարբեր ցամաքամասերու մէջ թարգմանը կը հանդիսանան Մուսա Լերան քառասուն օրերու հերոսական պատմութեան եւ մանաւանդ անոր ոգեղինացած խորհուրդին ու զիրենք շրջապատած բազմահազար հայերուն կը նուիրեն հայրենասիրութեան ու ազգասիրութեան անբացատրելի զգացումներ ունենալու հպարտութիւնը:

Այնճարը թէեւ իւրայատոկ դիմագիծով գիւղաքաղաք մըն է այսօր, բայց նաեւ անմասն չէ աշխարհով մէկ տարածուած բազմամիլիոնաւոր  գիւղերու ճակատագիրէն:

Գիւղերը միշտ պիտի պարպուին, մանաւանդ` իրենց երիտասարդներէն: Անոնք պիտի երթան դէպի քաղաք աշխատելու, շատ յաճախ ուսանելու, բնականաբար շատերը պիտի չվերադառնան գիւղ: Այնճարը եւս այս իմաստով կատարուած իրողութեան դէմ յանդիման կը գտնուի. կան նաեւ Լիբանանի մէջ երկար ժամանակէ ի վեր յամեցող քաղաքական, տնտեսական եւ այլ ճգնաժամերը, որոնք ունին իրենց ժխտական անդրադարձը:

Հակառակ վերոնշեալ նշումներուս` սակայն գիւղը կանգուն է շնորհիւ գիւղաբնակ մեր հայրենակիցներուն. այն երիտասարդներուն, որոնք փարած են` հողին, մեր դպրոցներուն եւ եկեղեցիներուն, մեր միութիւններուն եւ ակումբներուն: Գնահատանքի արժանի են բոլորը` կրտսեր պատանիներէն մինչեւ պատասխանատուները, աշակերտներէն մինչեւ ուսուցչական կազմերն ու տնօրէնութիւնները. մեր հոգեւոր հայրերը, բոլորը բոլորը, որոնք կ՛ապրեցնեն գիւղը` հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու:

Կ՛արժէ աչքէ անցընել տարուան ընթացքին գիւղին մէջ կատարուած մշակութային, կրթական, առողջապահական, մարզական, ընկերային թէ այլեւայլ ձեռնարկներու կազմակերպումը, եւ մենք պիտի նկատենք, որ թէ՛ քանակական, բայց մանաւանդ որակական առումներով բարձր չափանիշներու վրայ ենք:

Տակաւին չենք խօսիր օրական քսանչորս ժամ գիւղի ապահովութիւնը ստանձնած տղոց մասին. առանց անոնց ներկայութեան` կարելի պիտի չըլլար հանգիստ քնանալ գիւղին մէջ:

Հոս եւս կայ մետալին միւս երեսը, ուր կը փայլին աշխարհի տարբեր համալսարաններու մէջ բարձրագոյն կրթութիւն եւ վկայական ստացած մուսալեռցի-այնճարցի մեր ուսանողները` մեր մարդուժը:

Անոնք եւս հպարտութեան արժանի մեր գիւղի զաւակներն են. առանց անոնց նիւթաբարոյական հզօր ու հետեւողական աջակցութեան` գիւղին դիմագիծը կը մնար այլայլած: «Այնճարը փոքրիկ Հայաստան մըն է». այս բանաձեւումը յաճախ լսուած է զանազան պատասխանատու ղեկավարներու կողմէ: Այս փոքրիկ Հայաստանով հպարտացած է ողջ հայութիւնը` Հայաստան թէ ի սփիւռս աշխարհի:

Այս փոքրիկ Հայաստանն ու մանաւանդ անկէ ճառագայթող հպարտութիւնը անխափան պահելու նախապայմանը հողը պահելն է, որ բաւական դժուարացած է վերջին տասնամեակներուն:

Առանց խորանալու հողավաճառքի տրամաբանութեան մէջ` կը մէջբերեմ կարճ նախադասութիւն մը, որ շատ կանուխ հնչած էր նահատակ ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի բերնէն. «Հողավաճառքը գիտակցութեան հարց է…»:

Կը կարծեմ, թէ մուսալեռցին կամքը ունի այդ գիտակցութիւնը արթուն պահելու:

Այնճարը նաեւ կարելի է նկատել «մոտել», որուն օրինակով կարելի է վերակառուցել Հայաստանի մեր անմխիթար գիւղերը: Այս մասին եւս շատ խօսուած է, երբ գիւղը այցելուներ ունեցած է մայր հայրենիքէն:

Ի վերջոյ, եթէ կը հաւատանք համահայկական մեր գերագոյն նպատակի իրագործման ու անկախ Հայաստանի ապահովութիւնն ու բարգաւաճումը կը նկատենք անժամանցելի, Այնճարը եւ մուսալեռցիները կը կանգնին, պէ՛տք է կանգնին առաջին գիծին վրայ:

Այս օրերուն աշխարհի տարբեր շրջաններէն դարձեալ կ՛արձագանգէ Մուսա Լերան տհոլ-զուռնայի մարմնասարսուռ ձայնը իբրեւ մարտակոչ:

Պատմական Մուսա Լեռ` Վագըֆ, Հայաստան` Մուսա Լեռ, Լիբանան` Այնճար, Ամերիկաներ` Ֆրեզնօ, Լոս Անճելըս, Տիթրոյիթ, Քանատա, Քեմպրիճ, Աւստրալիա` Մելպուռն եւ այլ բնակավայրերէ մուսալեռցիները բարձրաղաղակ կը գոչեն`

«Մենք լե՛ռն ենք տակաւին…»:

 

 

Նախորդը

Դիմադրութեան Շուքին Տակ Մեծցած Մանուկներ

RelatedPosts

Դիմադրութեան Շուքին Տակ Մեծցած Մանուկներ
Անդրադարձ

Դիմադրութեան Շուքին Տակ Մեծցած Մանուկներ

September 19, 2026
Ինքնուս Ստեղծագործող Մը Եւս` Պետրոս Թաշճեան
Անդրադարձ

Ինքնուս Ստեղծագործող Մը Եւս` Պետրոս Թաշճեան

September 19, 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը`  Անցեալէն Դէպի Մերօրեայ Ապրումներ
Անդրադարձ

Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի Մերօրեայ Ապրումներ

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.