Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Կարելի՞ է խաղաղութիւն հաստատել` աստիճանաբար նահանջելով այն ազգային եւ պետական սկզբունքներէն, որոնց վրայ կառուցուած է Հայաստանի անկախութիւնը:

Խաղաղութիւնը ժողովուրդի մը բաղձանքն է, պետութեան մը կարեւորագոյն նպատակներէն մէկը եւ ապագայի նկատմամբ վստահութիւն ներշնչող պայման: Սակայն խաղաղութեան արժէքը կը չափուի ո՛չ միայն պատերազմներու բացակայութեամբ, այլ նաեւ այն պայմաններով, որոնց մէջ ան կը հաստատուի: Երբ խաղաղութեան ճանապարհը կը սկսի ազգային յիշողութեան վերանայման, պետական սկզբունքներու նահանջի եւ գերիշխանութեան դրոյթներու վերասահմանման պահանջներով, բնականաբար հարց կը ծագի` ի՞նչ խաղաղութիւն կը կառուցենք եւ ի՞նչ գնով:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւնը, թէ 1990-ի Անկախութեան հռչակագիրը «հակապետական» է, եւ անոր դրոյթներով անկախ պետութիւն ունենալը անկարելի կը դառնայ, քաղաքական լուրջ հարցադրումի մը դէմ յանդիման կը կանգնեցնէ հայ հասարակութիւնը: Փաստաթուղթ մը, որ ծնունդ առած է երկրաշարժի աւերներուն, շրջափակման, Խորհրդային Միութեան փլուզման, Արցախի ազատագրական պայքարին եւ պատերազմի սպառնալիքի պայմաններուն մէջ, այսօր կը ներկայացուի իբրեւ անկախ պետականութեան խոչընդոտ:

Սակայն տարօրինակ տրամաբանութիւն մը կը յայտնուի այս պնդումին մէջ: Այդ հռչակագիրով Հայաստանը վերականգնեց իր անկախ պետականութիւնը, միջազգային ճանաչում ձեռք բերաւ, անդամակցեցաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան եւ տասնամեակներ շարունակ գոյատեւեց` անցնելով պատերազմներու, ճգնաժամերու եւ քաղաքական ցնցումներու ընդմէջէն: Հիմա, կարծես, կը պարզուի, թէ այդ ամբողջ ընթացքին պետութիւնը գոյութիւն ունեցած է իր իսկ գոյութեան համար անյարմար փաստաթուղթի մը հովանիին տակ: Պետականութեան պատմութեան այս նոր մեկնաբանութիւնը, մեղմ ըսած, ուշագրաւ է:

Անկախութեան հռչակագիրը կրնայ քննարկուիլ, անոր որոշ դրոյթներ կրնան վերամեկնաբանուիլ, իսկ ժամանակի պահանջները կրնան նոր քաղաքական լուծումներ պարտադրել: Սակայն պետականութեան հիմնադիր փաստաթուղթը հակապետական որակելը բոլորովին տարբեր հարց է: Առաւել եւս, երբ այդ վերագնահատումը կը զուգադիպի Ազրպէյճանի այն պահանջներուն, որոնք ուղղուած են Հայաստանի սահմանադրական եւ քաղաքական հիմքերու փոփոխութեան:

Վարչապետը կը պնդէ, որ հռչակագիրի գաղափարախօսութենէն հրաժարիլը որեւէ կապ չունի Պաքուի կողմէ հնչող մնայուն ու բացայայտ պահանջներուն կամ արտաքին ուժերու հետ եւ ամբողջութեամբ կը բխի Հայաստանի շահերէն: Սակայն քաղաքականութեան մէջ զուգադիպութիւնները կրնան հարցերու առիթ տալ: Երբ արտաքին հակառակորդը որոշ պահանջներ կը ներկայացնէ, իսկ երկրի իշխանութիւնը կը սկսի նոյն ուղղութեամբ վերանայիլ իր պետական հիմնադրոյթները, հասարակութիւնը իրաւունք ունի հարցնելու` ո՞ւր կը վերջանայ ինքնուրոյն որոշումը, եւ ո՞ւր կը սկսի արտաքին պայմաններուն յարմարելու ընթացքը:

Արցախի հարցը այս ամբողջ գործընթացին ամէնէն ցաւոտ հանգոյցն է: Տարիներ շարունակ հայ ժողովուրդը Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը նկատած է ազգային պայքարի կարեւորագոյն սկզբունքներէն մէկը: Այսօր, երբ Արցախը բռնի հայաթափած է, իսկ վերադարձի իրաւունքը, գերիներու եւ անյայտ կորսուածներու հարցերը տակաւին կը սպասեն արդար լուծման, պատմական յիշողութիւնը քաղաքական անյարմարութիւն նկատելու որեւէ փորձ կրնայ նոր զիջումի վերածուիլ: Պատմութեան ուրացումը սեփական անցեալէն հրաժարելու եւ ուրիշներուն կողմէ գրուած պատմութեան մէջ սեփական հետքը կորսնցնելու վտանգաւոր ճամբան է:

Նոյնքան մտահոգիչ է Սիւնիքի ճանապարհի եւ «Թրամփի ուղի»-ի շուրջ ստեղծուած անորոշութիւնը: Տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը կրնայ տնտեսական նոր կարելիութիւններ ստեղծել, սակայն` Հայաստանի ինքնիշխանութեան, սահմանային եւ մաքսային վերահսկողութեան, անվտանգութեան ու տարածքային ամբողջականութեան լիարժէք պահպանման պայմանով: Սիւնիքը Հայաստանի հարաւային դարպասն է` աշխարհագրական ու ռազմավարական հանգոյց մը, որ կ’ապահովէ Հայաստանի ցամաքային կապը Իրանի հետ եւ կենսական նշանակութիւն ունի երկրի տարածքային ամբողջականութեան ու անվտանգութեան համար:

Ընդդիմադիր շրջանակներու վերջին պնդումները, թէ Սիւնիքի ճանապարհը արդէն իսկ տրուած է Ալիեւին, եւ իշխանական պատասխաններուն մէջ յայտնուած տարածքային ու վերահսկողական մանրամասնութիւնները կը յառաջացնեն նոր հարցումներ: Այդ պնդումները տակաւին կը կարօտին փաստաթղթային հաստատման: Սակայն իշխանութեան պարտականութիւնն է հրապարակաւ յստակեցնել, թէ ո՛վ պիտի վերահսկէ ճանապարհը, ի՞նչ պիտի ըլլան մաքսային եւ սահմանային լիազօրութիւնները, ինչպիսի՞ դեր պիտի ունենան օտար ուժերը: Ժողովուրդը պարտաւոր չէ պետական որոշումներու բովանդակութիւնը գուշակել` պաշտօնական յայտարարութիւններու տողատակը կարդալով:

Այս ամբողջին վրայ կու գայ նաեւ աւելնալու նոր Սահմանադրութեան հարցը: Վարչապետին յայտարարութիւնը, թէ ընդդիմութեան կարելի է ներկայացնել այնպիսի առաջարկ մը, որմէ ան չի կրնար հրաժարիլ, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային, հանրային ճնշում բանեցնել` հանրաքուէի ուղին հարթելու համար, ժողովրդավարական մշակոյթի մտահոգիչ պատկեր մը կը ներկայացնէ: Սահմանադրութիւնը իշխանութեան քաղաքական ծրագիրին յարմարեցուած հագուստ մը չէ, զոր ամէն ընտրութենէ առաջ կարելի է ձեւափոխել: Անիկա պետութեան հիմնարար համաձայնութիւնն է իր քաղաքացիներուն հետ:

Ընդդիմութեան առաքելութիւնը իշխանութեան առաջարկները քննադատաբար ուսումնասիրելն է, վիճարկելն ու անոնց դիմաց քաղաքական այլընտրանքներ առաջադրելը` ի պաշտպանութիւն հանրային շահին: Իսկ իշխանութեան պարտականութիւնն է հանրութիւնը համոզել փաստարկներով, ոչ` ճնշումներով: Երբ քաղաքական համաձայնութիւնը կը փնտռուի այնպիսի առաջարկով, որմէ դիմացինը «չի կրնար հրաժարիլ», ժողովրդավարութիւնը կը սկսի նմանիլ այն վաճառականին, որ իբր թէ ընտրութեան ազատութիւն կու տայ գնորդին, բայց վերջնականապէս կը պարտադրէ իր նախընտրած ապրանքը գնել տալ:

Հայաստանի առջեւ այսօր կան Արցախի կորուստին հետեւանքները, գաղթականութեան հարցը, սահմանային անվտանգութիւնը, Ազրպէյճանի շարունակական պահանջները եւ մեծ տէրութիւններու տարածաշրջանային մրցակցութիւնը: Այս պայմաններուն մէջ պետութեան առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ իր պետական հաստատութիւններու ամրապնդումը, ազգային միասնութեան վերականգնումը եւ ինքնիշխանութեան պաշտպանութիւնը:

Խաղաղութիւնը բաղձալի նպատակ է, սակայն անոր հասնելու ճամբուն վրայ ամէն զիջում չէ, որ կրնայ ընդունելի համարուիլ: Խաղաղութիւնը արժէք կը դառնայ, երբ կը պահպանէ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը, պետութեան անկախութիւնը եւ գալիք սերունդներուն անվտանգութիւնը: Պետութիւնը կրնայ վերանայիլ իր քաղաքականութիւնը, բարեփոխել իր հաստատութիւնները եւ յարմարիլ նոր իրողութիւններու` առանց իր պատմական յիշողութիւնը ուրանալու եւ անկախութեան հիմքերը վարկաբեկելու:

Ի վերջոյ, խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելը դիւանագիտական գործողութիւն մըն է, իսկ ինքնիշխան պետութիւն պահելը` պատմական պատասխանատուութիւն:

Եւ եթէ այդ խաղաղութեան համար անհրաժեշտ է, որ Հայաստան աստիճանաբար հրաժարի իր հռչակագիրէն, իր պատմական յիշողութենէն, իր ազգային պահանջներէն եւ իր տարածքային անվտանգութեան երաշխիքներէն, ապա պէտք է հարցնել` ո՞վ կը խաղաղի, ո՞վ կը զիջի եւ ո՞վ կը շահի:

Խաղաղութիւնը պէտք է հաստատուի Հայաստանի մէջ, ոչ` Հայաստանի հաշուոյն:

 

 

Նախորդը

Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է
Անդրադարձ

Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է

November 3, 2026
Այլեւս Նոյնը Չէ…
Անդրադարձ

Այլեւս Նոյնը Չէ…

November 3, 2026
Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.)  – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն
Անդրադարձ

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.) – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.