Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, Հայաստանի պետական սենեկային  նուագախումբը 21-30 սեպտեմբերին հիւրախաղերով ելոյթ պիտի ունենայ Հնդկաստանի եւ Չինաստանի մէջ` ներկայացնելով Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-րդ տարեդարձին նուիրուած համերգային ծրագիր: Յիշեալ համերգներուն իբրեւ մենակատար ելոյթ պիտի ունեայ լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան:

Հնդկաստանի մէջ համերգները պիտի հովանաւորէ Հնդկաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը:

Համերգաշարի մեկնարկը պիտի տրուի18 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ կայանալիք համերգով: Երեկոյի ընթացքին պիտի հնչեն Էդուարդ Միրզոյեանի, Ալեքսանդր Սպենդիարեանի, Խաչատուր Աւետիսեանի, Առնօ Բաբաջանեանի, Վաղարշակ Կոտոյեանի, Արամ Խաչատուրեանի եւ Էդուարդ Գրիգի ստեղծագործութիւնները:

Հնդկաստանի մէջ ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան 21 սեպտեմբերին` Կալկաթայի «Վիքթորիա Մեմորիալ» համերգասրահին մէջ, 23 սեպտեմբերին` Նիու Տելհիի Լոտոսի տաճարին մէջ եւ 24 սեպտեմբերին` Չեննայի երաժշտական ակադեմիայի սրահին մէջ, իսկ Չինաստանի մէջ, 27 սեպտեմբերին` Չժունշանի մշակոյթի եւ արուեստի կեդրոնի Մեծ թատրոնին մէջ, 29 սեպտեմբերին` Փեքինի համալսարանի հարիւրամեակի յուշահամալիրի «Լի Ին» համերգասրահին մէջ եւ 30 սեպտեմբերին` Շանկհայի միջազգային երաժշտական փառատօնի շրջագիծին մէջ` բացօթեայ համերգով:

Այս առիթով Շողիկ Թորոսեան դիտել տուաւ, որ իրեն համար մեծ հպարտութիւն եւ ուրախութիւն է մասնակցիլ այս հսկայական եւ կարեւոր ծրագիրին` իբրեւ լիբանանահայ արուեստագէտ եւ սփիւռքի ներկայացուցիչ, աւելցնելով, որ այս հրաւէրը իրեն համար ոչ միայն մեծ պատիւ է, այլ նաեւ` մեծ պատասխանատուութիւն:

Ան ըսաւ, որ այս համերգները շատ կարեւոր են իրեն համար, որովհետեւ անոնք միայն երաժշտական ելոյթներ չեն, այլ մշակութային կամուրջներ, որոնք կը միացնեն Հայաստանը, սփիւռքը եւ տարբեր ժողովուրդներու մշակոյթները: Ան կարեւոր նկատեց, որ այսպիսի միջազգային բեմերու վրայ հնչէ հայկական ձայնը եւ ներկայացուի հայկական մշակոյթը` իր գեղեցկութեամբ, միաժամանակ աւելցնելով, որ այս ծրագիրը առիթ է շարունակելու Հայաստան-սփիւռք այն ամուր եւ անբաժան կապը, որուն պահպանման ու ամրապնդման մէջ արուեստը մեծ դեր ունի:

Թորոսեան նաեւ մեծ պատիւ համարեց ներկայացնել լիբանանահայութիւնը եւ այն երկիրը` Լիբանանը, ուր ծնած եւ մեծցած է, յոյս յայտնելով, որ այս ելոյթներով կարենայ արժանավայել կերպով ներկայացնել թէ՛ հայ մշակոյթը, թէ՛ լիբանանահայ համայնքը, նաեւ Լիբանանը` արժանանալով իր հայրենակիցներուն հպարտութեան:

Նախորդը

Վերամուտ

RelatedPosts

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.