Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

September 9, 2026
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

2 Պրոնզ` Արհեստական Բանականութեան Միջազգային Ողիմպիականին

Երկրորդ տարին անընդմէջ հայ դպրոցականները մասնակցեցան Արհեստական բանականութեան միջազգային ողիմպիականին (IOAI)` 2 պրոնզէ մետալով եզրափակելով ելոյթը` օգոստոս 2-8-ին, Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ կայացած միջազգային մրցոյթին:

Յաջորդելով 2025-ին Չինաստանի մէջ արձանագրած յաջողութեան` Հայաստան այս տարի ներկայացաւ չորս հոգինոց երկու խումբերով (առաւելագոյն թոյլատրելին` IOAI մրցոյթին): Խմբային հաշուարկին մէջ Հայաստանի խումբերէն մէկը 5-րդ դիրքը գրաւեց մարդամեքենաներու մրցաշարին, իսկ անհատականի պարագային Արամ Ամիրխանեան եւ Ռազմիկ Եփրեմեան պրոնզէ մետալներ նուաճեցին աշխարհի 131 երկիրներու ներկայացուցիչներու հետ պայքարելով: Նաեւ երեք աշակերտ` Արտիոմ Յովհաննիսեանը, Դաւիթ Ղազարեանը եւ Գուրգէն Բայբուրդեանը, ընդգրկուած են պատուաւոր յիշատակումներու շարքին մէջ:

Ութնեակը ձեւաւորուած է Հայաստանի մէջ IOAI-ի պաշտօնական հաւատարմագրուած ներկայացուցիչի` Հայաստանի Գիտութեան եւ արհեստագիտութեան հիմնադրամին (FAST) կողմէ կայացուած ազգային ընտրական փուլին իբրեւ արդիւնք` բոլոր մարզերէն արձանագրուած 168 աշակերտի հետ պայքարին:

Ողիմպիականը ընթացաւ 3 փուլով` տնային (3 առաջադրանք), խմբային (2 հանգրուանով առաջադրանքներ` նմանակման եւ Galbot ռոպոթով) եւ անհատական (6 առաջադրանք արհեստական բանականութիւն):

Խմբային մրցոյթին յաջող ներկայացում ունեցած է Վանաձորի ուսողութեան եւ բնագիտական առարկաներու խորացուած ուսուցմամբ յատուկ դպրոցը ներկայացնող քառեակը` Ալեն Գէորգեան, Արամ Ամիրխանեան, Սերիոժա Նազարեան եւ Վահէ Պլուզեան, եզրափակեց ներկայացումները լաւագոյն հնգեակին մէջ:

Հանդիսանալով FAST-ի եւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ իրականացուող «Արհեստական բանականութեան (ԱԲ) սերունդ» ծրագրի աշակերտներ` անոնք սկսած են արհեստական բանականութիւն ուսումնասիրել աւագ դպրոցի իրենց եռամեայ ուսումնառութեան ընթացքին:

Անոնցմէ երեքը` Վահէն, Արամը եւ Սերիոժան,  մասնակցեցան նաեւ անցեալ տարի Փեքինի մէջ կայացած ողիմպիականին, ուր Արամը պրոնզէ մետալ նուաճած էր անհատական պայքարին մէջ: Խումբը ղեկավարած էր ֆիզմաթ գիտութիւններու թեկնածու, «Արհեստական բանականութիւն սերունդ» ծրագրի արհեստական բանականութիւն դասաւանդող Տիգրան Իշխանեանը:

Երկրորդ խումբին մէջ ընդգրկուած են` Արտիոմ Յովհաննիսեանը (Գիւմրի «Ֆոթոն» վարժարան), Գուրգէն Բայբուրդեանը (Գիւմրի «Ֆոթոն» վարժարան, «Արհեստական բանականութիւն սերունդ» ծրագրի մասնակից), Դաւիթ Ղազարեանը (Վաղարշապատի թիւ 5 աւագ դպրոց, «Արհեստական բանականութիւն սերունդ» ծրագրի մասնակից) եւ Ռազմիկ Եփրեմեանը (Ֆիզմաթ):

Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան Հռչակման Օրուան Առիթով ՀՕՄ–ի Արցախի Մասնաճիւղի Անդամներ Այցելեցին Եռաբլուր

Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման օրուան առիթով ՀՕՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի անդամներ 2 սեպտեմբերին այցելեցին Եռաբլուր պանդէոն եւ ծաղիկներ զետեղեցին «Արցախի կանչ»-ը յուշակոթողին մօտ:

«Արցախի անկախութեան օրը նշեցինք ֆիզիքապէս Արցախէն դուրս, բայց, հոգեպէս այնտեղ: Կը փափաքինք, որ օր մը վերստին այս օրը լիաժէք կերպով նշելու ականատես ըլլանք` առկայ ամբողջ կացութիւնը ընկալելով իբրեւ վատ երազ», հաստատեցին ՀՕՄ-ականները:

Վերջերս Կայացաւ «Շուշի. Անհերքելի Փաստեր» Գիտական Վաւերագրական Ժապաւէնի Հայալեզու Տարբերակին Անդրանիկ Ներկայացումը

«Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Շուշի. անհերքելի փաստեր» գիտական-վաւերագրական ժապաւէնի հայալեզու տարբերակին անդրանիկ ներկայացումը: Ցուցադրուեցաւ ժապաւէնին առաջին մասը. երկրորդ մասը հանրութեան պիտի ներկայացուի աւելի ուշ:

Վաւերագրող բեմադրիչ Գէորգ Տէր Ղազարեան 2019 թուականէն ի վեր աշխատած է «Շուշի. անհերքելի փաստեր» փաստավաւերագրական ժապաւէնին վրայ եւ ամիսներ անցուցած է Մոսկուայի, Սենթ Փեթերսպուրկի, Թիֆլիսի, Երեւանի արխիւներուն մէջ:

Ժապաւէնին խմբագիրն է Վաչագան Փահլեւանեան: Ժապաւէնը ստեղծուած է ռուսերէն, հայերէն, անգլերէն լեզուներով եւ առաջին անգամ ցուցադրուած է Մոսկուայի մէջ:

Ցուցասրահին մէջ ներկայացուած են «Նարեկացի» արուեստի միութեան «Շուշի» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 20-ամեակին նուիրուած արխիւային լուսանկարներ:

Յիշարժան օրուան առիթով խօսք արտասանեց «Նարեկացի» արուեստի միութեան «Շուշի» մասնաճիւղի տնօրէն Միքայէլ Սարգսեանը:

Ժապաւէնի ստեղծման աշխատանքները տեւած են շուրջ վեց տարի: Ըստ հեղինակներուն, ժապաւէնը քանի մը անգամ վերամշակուած է` 2020 թուականի պատերազմին, համավարակի, Արցախի շրջափակման եւ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանման իրադարձութիւններուն լոյսին տակ:

Արխիւային նիւթերու, շարժապատկերային ժամանակագրութեան եւ պատմական սկզբնաղբիւրներու հիման վրայ ստեղծուած ժապաւէնին մէջ կը ներկայացուին Շուշիի կազմաւորումն ու զարգացումը` իբրեւ մշակութային ու հասարակական-քաղաքական կեդրոն, քաղաքին հոգեւոր ժառանգութիւնը, 1920 թուականի ողբերգական իրադարձութիւններն ու նորագոյն պատմութեան դրուագները: Աշխատանքին մէջ ընդգրկուած են նաեւ հայ եւ ռուս մասնագէտներու ու գիտնականներու մեկնաբանութիւնները:

«Մենք Չենք Ապրում». Անհետ Կորսուածներուն Հարազատները Նոր Միութիւն Ստեղծեցին

Անհետ կորսուածներուն ծնողներն ու հարազատները ստեղծեցին «Անհետ կորսուածներու հարազատներու համահայկական միութիւն» մը, որուն հիմնադիրներէն են Ասիա Դանիէլեանը, որուն որդին` Գոռ Մուրատեանը, անհետացած է 44-օրեայ պատերազմին, եւ որ` վեց տարիէ կը փնտռէ եղբօրորդին: Անոնք այս առիթով տուին մամլոյ ասուլիս մը եւ յոյս յայտնեցին, որ իրենց հիմնադրած միութեան ճամբով աւելի եւս համախմբուելով` աւելի արդիւնաւէտ կերպով պիտի պայքարին, առանձին քայլերու կարելիութիւն պիտի ունենան, նաեւ պիտի կարենան դիմել միջազգային կառոյցներուն:

Անհետ կորսուածներու հարազատներու համահայկական միութիւնը պիտի հետապնդէ բոլոր պատերազմներուն անհետ կորսուածներուն հարցերը` արցախեան առաջին պատերազմէն մինչեւ վերջինը: Հիմնադիր կազմին մէջ է նաեւ 1990-ականներէն հայրը սպասող Արամ Չանախչեանը:

Յիշեցնենք, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք հայկական կողմը շուրջ 200 անհետ կորսուածի մասին կը խօսի, իսկ առաջին պատերազմէն` 900-ի:

Նորաստեղծ կառոյցը անհետ կորսուածներու ընտանիքներուն ընկերային հարցերով ալ կը զբաղի, յատկապէս անոնց, որոնք ամէն ինչ կորսնցուցած են:

Անորոշութենէ տառապող այս մարդիկը յոյս ունին, որ այս կառոյցին մէջ համախմբուելով` պիտի կարենան արդիւնքի մը հասնիլ:

Վերջին անգամ կառավարութեան մօտ այս հարցով ցոյց կատարուեցաւ 20 յուլիսին, հանդիպում կայացաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնին հետ, իրենց խորհուրդ տրուեցաւ սպասել կողմերու բանակցութիւններուն: Վերջին անգամ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի անհետ կորսուածներու հարցերով զբաղող յանձնախումբերու ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցած են նախորդ տարուան յունիսին:

Մեղրիի Մէջ Կայացաւ «ՏԱՐԱԶֆեստ» Տարազի Եւ Արհեստներու Միջազգային Փառատօնը

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան մասնակից պետութիւններու մարդասիրական համագործակցութեան միջպետական հիմնադրամի աջակցութեամբ եւ «Տէրեան մշակութային կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ,  սեպտեմբեր 4-7-ին Սիւնիքի մարզի Մեղրի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «ՏԱՐԱԶֆեստ-Մեղրի 2026» աւանդական տարազի եւ արհեստներու միջազգային փառատօնը:

«ՏԱՐԱԶֆեստ»-ը «Տէրեան մշակութային կեդրոնի» ամէնամեայ առանցքային մշակութային նախագիծներէն է, որուն հիմնական նպատակն է` ազգային տարազի, ազգային գործուածքներու եւ աւանդական արհեստներու պահպանումը, հանրահռչակումն ու միջազգային մշակութային համագործակցութեան ընդլայնումը:

Այս տարի փառատօնը միաւորեց պատուիրակութիւններու, ձեւագէտներ եւ վարպետներ` Անկախ պետութիւններու հասարակապետութենէն եւ գործընկեր երկիրներէ, որոնց շարքին` Ղազախստանէն, Տաճիկիստանէն, Խրղզստանէն, Ռուսիայէն, Պիելառուսիայէն, Թուրքմենիստանէն եւ Ուզպեքստանէն:

Փառատօնին ծրագիրը ներառեց` աւանդական եւ ժամանակակից ազգային-հաւաքածոներու ցուցադրութիւններ, միջազգային եւ հայաստանեան ձեւագէտներու հեղինակային աշխատանքներու ներկայացում, վարպետութեան դասեր եւ ցուցահանդէս-վաճառք-աւանդական արհեստներու,  հիւսուածեղէնի եւ ձեռագործ աշխատանքներու ցուցադրութիւն: «ՏԱՐԱԶֆեստ – Մեղրի 2026»-ը ոչ միայն ազգային ինքնութեան եւ դարաւոր աւանդոյթներու արժեւորման հարթակ է, այլեւ իւրօրինակ մշակութային կամուրջ, որ միաւորեց տարբեր ժողովուրդներ` արուեստի, գոյներու եւ աւանդական զարդանախշերու ընդհանուր լեզուով:

«Վարդապետութիւն Քրիստոնէական» Ամստերթամ, 1667 Ա. Հատոր, 82 Էջ

«Քրիստոնէական վարդապետութիւն»-ը քրիստոնէական քարոզագիրք է, որուն առաջին յայտնի հրատարակութիւնը լոյս տեսաւ 1667 թուականին Ամստերթամի մէջ` առանց տպարանի յիշատակութեան: Գիրքը հայերէնէ եւ լատիներէնէ բաղկացած հրատարակութիւն է, իսկ լատիներէնէ հայերէն թարգմանութիւնը կատարած է Կարապետ Անդրիանացին: Հրատարակութեան տիտղոսաթերթին նշուած է` «Վարդապետութիւն քրիստոնէական. Doctrina christiana armenice…»:

Գիրքը փոքրածաւալ է, ընդամէնը` 82 էջ, որոնցմէ առաջին 10-ը համարակալուած չեն: Ըստ Գարեգին Զարբհանալեանի եւ Թէոդիկի, այն կը համարուի Ոսկանեան տպագրութեան օրինակ:

«Քրիստոնէական վարդապետութիւն»-ի պատմութիւնը, սակայն, չի սահմանափակուիր 1667 թուականի հրատարակութեամբ: Հետագային գիրքը վերահրատարակուած է եւրոպական տարբեր քաղաքներու մէջ` տարբեր հեղինակներու, թարգմանիչներու եւ տպագրիչներու կողմէ:

1670 թուականին` Լիվոռնոյի մէջ, Սուրբ Էջմիածնի եւ Սուրբ Սարգիսի տպարանին մէջ` Ոսկան Երեւանցիի տպագրութեամբ: Հեղինակը Ռոպերթոս Բելարմինոսն է, թարգմանիչը` Բարսեղ Կոստանդնուպոլսեցին: Հրատարակութիւնը ունի 366 էջ:

1680 թուականին` Հռոմի Ուրբանեան տպարանին մէջ: Հեղինակ` Ռոբերտոս Բելարմինոս, թարգմանիչ` Բարսեղ Կոստանդնուպոլսեցի: Գիրքը բաղկացած է 453 էջէ:

1715 թուականին` Վենետիկի Անթոնի Բորտոլիի տպարանին մէջ` Պետրոս եւ Գրիգոր Ջահկեցիներու հեղինակութեամբ, «Համառօտ եւ շահաւէտ քրիստոնէական վարդապետութիւն» խորագրով:

1770 թուականին` Վենետիկի մէջ, Զաքարիա Ալեքսանեանի հեղինակութեամբ:

1776 թուականին` Տրիեստուի մէջ, Մխիթարեան տպարանին մէջ, աշխարհաբար:

1783 թուականին` նոյն տպարանին մէջ` հայատառ թրքերէն:

1788 թուականին` հայերէն եւ գերմաներէն:

1791 եւ 1795 թուականներուն` կրկին հայատառ թրքերէն տարբերակներով:

Հայ հնատիպ գիրքի շրջանին «Քրիստոնէական վարդապետութիւն»-ը խորագրով հրատարակութիւններ լոյս տեսան նաեւ Մխիթար Սեբաստացիի եւ Յակոբ Վիլլոտի անուններով, իսկ հետագայ շրջանին` 1801, 1814, 1823, 1836, 1846 եւ 1847 թուականներուն:

Այս բազմակի հրատարակութիւնները կը վկայեն, որ «Քրիստոնէական վարդապետութիւն»-ը դարերու ընթացքին ունեցած է լայն շրջանառութիւն եւ տարբեր լեզուական ու մշակութային միջավայրերու մէջ շարունակած է ծառայել իբրեւ կրօնական եւ կրթական գրականութեան կարեւոր օրինակ:

Հաղորդենք, որ այս եզակի հրատարակութեան կրնաք ծանօթանալ «Գանձեր Հայաստանի Ազգային գրադարանի. հնատիպ գիրք» երկլեզու (հայերէն-անգլերէն) պատկերագիրքին մէջ, որ հրատարակուած է Հայաստանի Ազգային գրադարանի պետական կարգավիճակ ստանալու 105-ամեակին առիթով: Պատկերագիրքը կ՛ամփոփէ 1512-1800 թուականներուն 592 հնատիպ գիրքերու մատենագիտական նկարագրութիւնները եւ անոնց բարձրորակ գունաւոր լուսանկարները:

Կեչառիսի Վանական Համալիրին Մէջ Վերականգնուած Է 13-րդ Դարու Որմնանկար, Եւ Բացայայտուած Է Վաղմիջնադարեան Եկեղեցին

11-13-րդ դարերուն կառուցուած Կեչառիսի վանական համալիրին մէջ կը շարունակուին «Արմենիա վայն» գինեգործարանի եւ «Նոա» ֆութպոլային ակումբի սեփականատէրեր` Վարդանեան եւ Մկրտչեան ընտանիքներու նախաձեռնած բարեկարգման եւ վերականգնողական աշխատանքները:

Աշխատանքներու ծիրին մէջ վերականգնուած է 13-րդ դարու եզակի որմնանկարը: Վերականգնումը իրականացուցած են «Յուշարձաններու վաւերագրում» ընկերութեան մասնագէտները, որոնք իրականացուցած են նաեւ մայր տաճարի որմնանկարներու վերականգնումը:

Տարածքին իրականացուող հնագիտական պեղումներու ընթացքին բացայայտուած են վաղմիջնադարեան եկեղեցւոյ հիմնապատեր եւ կցակառոյցներ: Յայտնաբերուած են նաեւ աւելի քան 200 տապանաքարեր, որոնց մէկ մասը արձանագիր է:

Մասնագէտներու գնահատումով, գտածոները կարեւոր տեղեկութիւններ հաղորդած են Կեչառիսի վաղ շրջանի, տարածքի հոգեւոր կեանքի եւ պատմական մշակութային զարգացման վերաբերեալ: Պեղումները կը շարունակուին:

Համշէն. Պատմութիւն, Երաժշտութիւն Եւ Պար` «Նարեկացի» Արուեստի Միութեան Մէջ

Ի՞նչ գիտենք Համշէնի մասին: Ի՞նչ ճանապարհ անցած է այս եզակի հայկական գաւառը, ինչպիսի՞ մշակոյթ ձեւաւորուած է հոն, եւ ինչպէ՞ս մինչեւ մեր օրերը պահպանուած են անոր երգերը, նուագարաններն ու պարերը: «Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ մշակութային երեկոյ մը, որուն ընթացքին բացայայտուեցաւ Համշէնի պատմական մշակութային ժառանգութիւնը` պատմութեան, կենդանի երաժշտութեան եւ պարի միջոցով: Պատմաբան Վազգէն Բարսեղեան (Քալիֆորնիոյ պետական համալսարան) ներկայացուց Համշէնի ծագումը, պատմական անցեալը, կենցաղն ու մշակոյթը: Ան կիսուեցաւ Համշէն կատարած իր ճամբորդութեան անձնական փորձառութեամբ` պատմելով հոն անցուցած ուսումնասիրութիւններուն, համշէնցիներուն հետ շփումներուն եւ իր բացայայտումներուն մասին: Վազգէն Բարսեղեան ներկայացուց համշէնական քեմանին (քամանչայի համշէնական տարբերակը) եւ պարկապզուկը, պատմեց անոնց պատմութեան ու առանձնայատկութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ կենդանի կատարումով հնչեցուց համշէնական եղանակներ: Երեկոյի աւարտին ծանօթացուցին համշէնական պարարուեստին: «Ափ ափի» աւանդական երգի-պարի համոյթը` Տիգրան Մկրտչեանի գլխաւորութեամբ, ներկայացուց համշէնական պարերու առանձնայատկութիւնները, այդ կարգին` պարեր, որոնք տակաւին լայնօրէն ծանօթ չեն հանրութեան: Մասնակիցները կարելիութիւն ունեցան ո՛չ միայն դիտելու, այլեւ սորվելու այդ պարերը եւ վերջաւորութեան միասին պարելու` քեմանիի եւ պարկապզուկի կենդանի նուագակցութեամբ: Կազմակերպիչ` «Ափ ափի» աւանդական երգի-պարի համոյթ:

 

 

 

Նախորդը

Ուսումնասիրաց Երկրորդական Բարձրագոյն Վարժարանի Նոր Շէնքի Կառուցում. Տայիի Բեղուն Գործունէութիւնը

Յաջորդը

Ազունիէի Նոր Ծրագիրը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 21, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 14, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.