ՍՕՍԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ-ՊԱԼԵԱՆ
Շողիկ Թուզճեան-Հաժար իր յաւիտենական հանգիստը գտաւ առողջական լուրջ բարդութիւններու պատճառով. երկու օր հիւանդանոց մնալէ ետք, ան իր աչքերը փակեց այս աշխարհէն 11 յուլիս 2026-ին, Մոնրէալի մէջ: Իր զաւակներուն ուղղուած անոր վերջին խօսքը կ՛ըլլայ. «Մի՛ մոռնաք Սօսի թանթիկը տեղեակ պահելու»:
Շողիկ Թուզճեան-Հաժար ծնած է Պէյրութ, Թորոս եւ Ալիս Թուզճեաններու անդրանիկ զաւակն էր, ընտանիքը ապա հարստացաւ եղբայրով մը` Մանուէլ, ու քրոջմով մը` Վերժինիա:
Ան հասակ առաւ աստուածավախ ընտանիքի մը մէջ` ներկայութեան մեծ մօր, երկու հօրաքոյրներուն եւ երկու զարմուհիներուն, որոնք աւելի մեծ էին իրմէ, հոգատար իրեն նկատմամբ եւ բարի օրինակ:
Յաճախած է Հայ աւետարանական բարձրագոյն վարժարան` մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական, շրջանաւարտ եղած է յունիս 1959-ին` գերազանց յիշատակութեամբ: Անկէ ետք բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ, ուրկէ ստացած է իր հիւանդապահութեան վկայականը` պատուոյ յիշատակութեամբ, եւ արժանացած է «Ֆլորենս Նայթինկէյլ» մրցանակին, որ կը տրուի այն աշակերտին, որ ունի բարձրագոյն նիշերը, նուիրում ասպարէզին նկատմամբ եւ սէր` ծառայութեան:
Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք անմիջապէս կը սկսի գործել Ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոցին մէջ, ապա քանի մը տարի ալ Հայ աւետարանական քոլեճի մանկապարտէզին մէջ` իբրեւ ուսուցչուհի:
Շողիկ Թուզճեան-Հաժար փոքր տարիքին հետեւած է դաշնակի դասերու` հօրաքրոջ Ալիսին հետ, ապա վկայուած է լիբանանեան պետական երաժշտանոցէն` բարձր յիշատակութեամբ: Ան եղած է դպրոցին դաշնակահարուհին` երկրորդականի տարիներէն մինչեւ աւարտելը:
Ան անզուգական էր իբրեւ կին ու մայր: Ժոզէֆ Հաժարի հետ կազմած բոյնը աճեցաւ, եւ անոնք ձեռք ձեռքի տալով իրենց ճակտի քրտինքով գնեցին կոկիկ յարկաբաժին մը Տորայի շրջանին մէջ: Շատ չանցած, 1975-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը զիրենք պարտադրեց գաղթել երկու զաւակներով եւ հաստատուիլ Մոնրէալ հայաշատ շրջանին մէջ, Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մօտ: Այս ձեւով զաւակները կրցան հայկական վարժարան յաճախել, ինքն ալ սկսաւ հոն պաշտօնավարել: Շուտով անոնք ծանօթացան քանի մը հայ ընտանիքներու, որոնք շատ օգտակար եղան միջավայրին անոնց ընտելանալուն:
Շատ չանցած, անոնք ունեցան իրենց երրորդ զաւակը` Արմէնը, որ ծննդաբերութեան ընթացքին թթուածինի պակաս կ՛ունենայ եւ կ՛աճի ֆիզիքական ու հոգեկան կարգ մը դժուարութիւններով, հասակ կը նետէ յատուկ դաստիարակութեամբ: Այս մանչը կ՛ապրի մօրը հետ, եւ կարծէք, Տիրոջը կամքն էր, որ Շողիկին ունեցած առողջապահական դժուարութիւններուն Արմէնը եղաւ անոր պահապան հրեշտակը` փոխադարձելով մօրը կատարած զոհողութիւնները: Իսկ աննման դուստրը` Անին, որ կ՛ապրի Միացեալ Նահանգներ, միշտ պատրաստ էր օգնութեան հասնելու մօրը:
Այս ընտանիքը որոշ շրջան մը բարօր կեանք ապրելէ, երկու զաւակներուն համալսարանական ուսում պարգեւելէ ետք, կ՛ունենայ դժուարութիւններ, երբ ընտանիքին հայրը` Ժոզէֆ, իր ուսանած համակարգչային գիտութիւններու ասպարէզին մէջ խոչընդոտներու կը հանդիպի, ինչ որ կ՛ազդէ անոր առողջութեան վրայ եւ ալզհայմըրի պատճառով եօթը տարի հիւանդանոցային խնամքի կարիք կ՛ունենայ: Այս մէկը մեծապէս կ՛ազդէ Շողիկին վրայ, որ կը սկսի մկանային եւ յօդացաւէ տառապիլ: Շատ չանցած Ժոզէֆ կը մահանայ, անկէ ետք իր մահկանացուն կը կնքէ նաեւ Շողիկին հայրը, իսկ ինք կեանքը կը շարունակէ իր որդիին` Արմէնին հետ, որովհետեւ միւս երկու զաւակները` Անին եւ Արան, ամուսնացած էին:
Սիրելի ընկերուհիս պիտի յիշուի իր երկաթեայ կամքով, արդարեւ, ան մատղաշ տարիքէն` 13 տարեկանին, դիմագրաւեց մօր մահը, յետոյ կորուստը իր զարմուհիին` Լուսին Քիւրքճեանին (դպրոցին փոխտնօրէնը), որ զոհ գնաց 1960-ին դպրոցի աղէտի, անկէ ետք երրորդ զաւակին ծննդեան բարդութիւնները, ամուսնոյն հիւանդութիւնը: Այս բոլորին վրայ կու գան աւելնալու նաեւ մօտիկ այլ անձերու առյաւէտ բաժանումները, որոնք ծանր ազդեցին Շողիկ Թուզճեան-Հաժարի վրայ: Բայց եւ այնպէս ան այս բոլորը դիմագրաւեց իր զօրաւոր կամքով, Տիրոջ վստահելով` ան փորձեց շարունակել կեանքը միշտ երախտապարտ ոգիով:
1990-էն ի վեր հոգին յօժար էր, բայց մարմինը տկարացաւ տարուէ տարի` նորանոր բարդութիւններով, սկսաւ երիկամները լուալ, սրտի զանազան հարցեր ունենալ, բայց եւ այնպէս ան միշտ երախտապարտ մնաց Տիրոջ նկատմամբ եւ լաւատես` կեանքին հանդէպ: Իր մէջ արմատացած հաւատքը յստակ կերպով կը դրսեւորուէր իր կեանքին մէջ, արդարեւ, ան չէր գանգատեր, երբ հեռաձայնով խօսէինք, հազիւ թէ անդրադառնար իր առողջական խնդիրներուն, տիրական կ՛ըլլային անոր օրհնութիւնները` երախտաշատ ոգիէն բխող:
Շողիկ Թուզճեան-Հաժար նուիրում ունէր արուեստի, նուագի, գրականութեան, ձեռային աշխատանքներու, պարտիզպանութեան նկատմամբ, յատկապէս մեծ ու անսահման էր սէրը հայրենիքին հանդէպ: Ան կ՛ապրէր Պէյրութի յիշատակներով, իր դպրոցին զարգացումներով, «Ջանասէր»-ներով եւ «Պատանեկան արձագանգ»-ներով, Քրիստոնեայ ընտանիքին օրացոյցով եւ մանաւանդ Լիբանանի վերաբերող տեսերիզներով` սկսելով Այնճարէն:
Ան ծառայասէր էր, հիւրասէր եւ ընկերասէր: Նոյնիսկ օտար քաղաքի մէջ, երբ լիբանանեան կամ հայկական ճաշ կամ անուշեղէն պատրաստէր, կը բաժնէր իր բարեկամներուն եւ օտար դրացիներուն: Նաեւ տաղանդ ունէր ձեռային աշխատանքներ, զարդեր պատրաստելու եւ զանոնք եւս բաժնելու բարեկամներու, հիւանդանոցի պաշտօնէութեան, որոնք անհամբեր կը սպասէին Շողիկին տօնական պարգեւներուն: Ան մեծ գոհունակութեամբ կը խօսէր իր թոռնուհիին մասին, որ մեծ մամայէն շատ բան սորված էր: Կապուածութիւն ունէր իր դասընկերներուն, որոնց տօնական օրերուն ոչ միայն մաղթանքներ կը յղէր, այլ տկարացած մատներով իսկ տուեալ անձին սիրած եղանակը կը նուագէր դաշնակի վրայ` հայերէն կամ մեր օրերուն ընդհանրացած երաժշտական կտորներ: Դասընկերներն ալ իրենց կարելին կ՛ընէին այս մտերիմ կապը պահպանելու` անոր տրուած այցելութիւններով թէ տարբեր միջոցներով:
Շողիկ Թուզճեան-Հաժար անսահման սէր ունէր նաեւ բնութեան նկատմամբ, Մոնրէալի իր տան պարտէզին մէջ ամուսնոյն հետ ցանած են պտղատու ծառեր, տարբեր գոյներով վարդենիներ, կանաչեղէն եւ այլն:
Մեր մտերմութիւնը հաստատուեցաւ Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ, ուր սկսայ յաճախել 7-րդ դասարանիս, Հայաշէնի Թորգոմեան վարժարանը աւարտելէս ետք: Թէեւ 44 հոգի էինք` երկու բաժինով, բայց բախտաւոր էի Շողիկին հետ ըլլալուս համար, իսկ մեր մտերմութիւնը զարգացաւ, եւ կեանքի տարբեր փուլերու միշտ ալ մնացինք կողք կողքի` բաժնեկցելով մեր ուրախ ու տխուր պահերը, մինչեւ անոր մահը: Մեր զաւակներն ալ, հակառակ իրարմէ հեռու ըլլալնուն, ամէն միջոցի կը դիմեն իրարու հետ կապը պահպանելու: Մեր զաւակները նաեւ մեր առողջական կացութեան մասին լուրեր կը փոխանցէին, երբ մենք անկարող ըլլայինք ուղղակի հաղորդակցելու: Իր առյաւէտ հեռացումէն ամիսներ առաջ երկուքս ալ լաւ էինք եւ կապ հաստատեցինք ե-նամակներով:
Շողիկ Թուզճեան-Հաժարի բացակայութիւնը շատ ծանր կերպով կը զգանք բոլորս, կ՛ապրինք անոր ձգած յիշատակներով, կը մխիթարուինք մեր սրտերուն ու մտքերուն մէջ անոր կերտած բարի օրինակով, մարտնչող նկարագիրով, խոր հաւատքով, անկոտրում կամքով եւ իւրայատուկ կորովով, որոնց շնորհիւ ալ անոր պայքարի ճամբան երկարեցաւ:
Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի Շողիկ, յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ: Հոգիդ խաղաղութեամբ թող հանգչի, եւ հողը թեթեւ գայ վրադ սիրելի՛ս: Թող Աստուած յիշատակդ օրհնէ եւ Սուրբ հոգիով մխիթարէ զաւակներդ եւ բազում բարեկամներդ:


