Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրական Զրոյց Բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեանին Հետ

August 18, 2026
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի «Դիմապատկեր» խորագիրով զրոյցներու շարքի հիւրը բանաստեղծ, հասարակական գործիչ Յարութիւն Պէրպէրեանն էր, որուն հետ հետեւեալ զրոյցը ունեցած է Հերմինէ Աւագեանը: 2021 թուականին Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Պէրպէրեանին «Առաձգական» վերնագիրով բանաստեղծութիւններու հատորը:

ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Տարիներու հետ բառերը կը թեթեւնա՞ն, թէ՞ կը ծանրանան: Երբ այսօր նոր քերթուած մը կը սկսիք, առաջին բառը գտնելը աւելի դիւրի՞ն է, թէ՞ աւելի պատասխանատու ու դժուար, քան` անցեալ տարիներուն:

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.-  Գրողական արարքը միշտ ալ գիտակցական աշխատանք է, որ յա՛տկապէս քսաներորդ դարու կէսերէն ետք աւելի կը շեշտուի: Բնականաբար բանաստեղծութիւն գրելու առաջին տարիներուն, երբ փնտռտուքի մէջ ես, երբեմն ալ մեծերու հետքերով տարբեր ոճեր կը փորձես, կամ անմիջական ձեւով տաղեր կը ծնին, աշխատանքին մէջ անմիջականութիւն մը կայ, յաճախ դժուար է խուսափիլ բառային խաղերէ կամ պատկերային գեղեցկութիւններէ, նոյնքան գիտակից չես բառի ծնունդին:

Արդէն «Առաձգական»-ի առաջին բաժնի բանաստեղծութիւնները գրողական արարքին եւ հայերէնով, մասնաւորաբար` արեւմտահայերէնով, գրուող բանաստեղծի կացութեան եւ լեզուին կը վերաբերին: Հոն տեղ մը կ՛ըսեմ.

«Փնտռէ բառը կորսուած, / փնտռէ տողը կորսուած: / Եթէ մէջդ կը ծաղկի / բառը թմրած, քնացած, / սպասելով ժայթքումի` / պեղէ միտքդ ծուլացած»:

Այլուր պիտի արձանագրէի.

«Տաղը տակաւ կ՛արթննայ / ընձառիւծի պէս անգութ /… Կը փնտռես զինք / անհանդարտ, / լուռ քայլերով: Տակաւին / կը փորձես զայն դուրս մղել` / դէպի բացատը ազատ» («Եւ տաղը կ՛ըլլայ»):

Հ. Ա.- Ձեր գիրքին «Առաձգական» խորագիրը ինքնին շատ պատկերաւոր է եւ բազմաշերտ: Ի՞նչն է ձեր քերթողութեան մէջ ձգուողը կամ դիմադրողը` լեզո՞ւն, յիշողութի՞ւնը, թէ՞ սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ եղած տարածութիւնը:

Յ. Պ.-  Բանաստեղծական հատորներուս բոլոր խորագիրներն ալ յատուկ իմաստ կը խտացնեն, մեկնակէտ ունին: Նախ կայ շրջան մը, երբ մամուլին մէջ կան ցրուած բանաստեղծութիւններ, որոնք հատորի մէջ չեմ անցուցած: Կը կարծեմ, թէ յստակ դիմագիծ կազմելէ ետք միայն պէտք է հատորի անցնիլ: Գիրքով հրապարակ գալը արդէն յստակ յանձնառութիւն է:

«Կորիզ»-ը (1979) լոյս տեսաւ, ճիշդ է,  գլխաւորաբար քաղաքացիական պատերազմին արձագանգելով, սակայն քերթողական մտածողութեանս կորիզը կը ներկայացնէր:

«Ոսպնեակ»-ը (1984) արդէն իր խորագիրով իսկ բանաստեղծութիւնը կը վերածէր լուսանկարչական ոսպնեակի` որոշ փորձառութիւններու եւ ճշգրիտ պատկերներու վրայ կեդրոնանալով, անոնց հոգեբանական խորքը պեղելով, երբեմն ալ` ազատ առնչութիւններ ստեղծելով, իսկ իր նախաբանով կը փորձէր կարգ մը կէտեր յստակացնել այս նկարագրի քերթողութեան մասին:

«Անցման եղանակը» (1993) ոչ միայն Լիբանանէն Քանատա, արեւելքէն արեւմուտք, նոր աշխարհ անցումի մասին էր, այլ նաեւ` նոր փորձառութիւններու, օրինակ` լիբանանեաններուն մէջ սկիզբը քաղքենիացող ընկերութեան խնդիրներէն, քաղաքի կորսուող դիմագիծի մտահոգութիւններէն մինչեւ աճող բրտութիւնը տեղ կը գտնէր, մինչ քանատականին մէջ բնութեան եւ լեզուի վտանգումին հետ առնչուած տագնապներ կը սկսէին դրսեւորուիլ, եւ երբեմն ալ այս երկուքը կը հանդիպէին իրարու. երբ կ’ըսեմ. «Իսկ ազգս ձուկ է / ապականող ջուրերու / հոսանքին մէջ շնչահատ … / եւ անտառ է մասնատուած, / ճենճերած` / այս գորշ դարու / մթնոլորտէն թունաւոր … / Մեր գործածած / իւրաքանչիւր բառը` թռչուն / տագնապահար, / վտանգուած թառը փնտռող / եւ շատ յաճախ կորսնցուցած` / անվերադարձ …»:

«Սահմանները» (2007) կեանքի ու մահուան սահմաններէն սկսեալ, մինչեւ բանաստեղծութեան սահմանները կը հետախուզէր, հոն կայ «Ցաւազերծում» խորագիրով բաժին մը, որ հօրս հիւանդութեան-մահուան վերջին տարուան ընթացքին գրուած է, ուր իր կեանքի կարգ մը փուլերուն վրայ կեդրոնանալէ ետք, մինչեւ ընտանիքիս անցեալը եւ Ցեղասպանութիւն կը հասնի:

«Առաձգական»-ը (2021) մէկ կողմէ նախորդ հատորներու բնաբանները կը խմբէ, միւս կողմէ` նախորդող տասնամեակի փորձառութիւնները կը բերէ:

Լեզուն միշտ առանցքն է քերթողութեան, յիշողութիւնը անձնական եւ հաւաքական փորձառութիւններուն հետ առնչուած է, իսկ հայութեան կամ սփիւռքին կապուած փորձառութիւնները կամ մտածումները բարդ եւ բազմաշերտ ծալքեր ունին, սակայն պէտք է զանոնք հեռու պահել հռետորական ճառերու վերածուելէ:

Հ. Ա.- Ժամանակի ընթացքին կը փոխուի բանաստեղծութեան կշռոյթը. երիտասարդ տարիքին անիկա աւելի ընդվզող է, ետքը կը դառնայ աւելի խոհական: Ինչպէ՞ս փոխուած է ձեր եւ բանաստեղծական տողին յարաբերութիւնը տարիներու ընթացքին:

Յ. Պ.- Երիտասարդական ընդվզումը կամ հակադարձութիւնը սեփական լեզուն, բանաստեղծական նկարագիրը եւ ոճը գտնելու աշխատանքին մաս կը կազմեն: Մեզմէ առաջ Նիկողոս Սարաֆեանը եւ մասնաւորաբար Վահէ Օշականը այդ հոլովոյթին սկսած էին, առաջինը շրջապատի աշխարհին բացուելով եւ նոր անջրպետներ գրաւելով, իսկ երկրորդը` բանաստեղծութիւնը խնդրականացնելով:

Ըմբոստութիւնը յա՛տկապէս իմաստային եւ կարգ մը ժխտական կացութիւններու դիմաց կը շարունակէ դրսեւորուիլ ամէն տարիքի, լաւագոյն օրինակը 44-օրեայ պատերազմին եւ անոր յաջորդող կացութիւններուն հակադարձումն է, Հայաստանի իշխանութեանց պարտուողական կեցուածքին դիմաց ընդվզումով գրուած բանաստեղծութիւններն են, որոնք մասնաւոր բաժին մը կը կազմեն «Ձգողական» կամ «Պարուրաձեւ անցումներ» խորագրով հրատարակելի հատորիս:

Խոհական կամ նոյնիսկ քնարական նկարագրի տողերը, յաճախ այս բոլորին հետ կը միաձուլուին կամ կը համադրուին: Հոս կարեւոր կը նկատեմ բանաստեղծին յանձնառութիւնը` իր հաւաքականութեան նկատմամբ: Ան չի կրնար լուռ մնալ անարդարութեան, բռնատիրութեան կամ վայրագութեան դիմաց: Արեւմտահայ գրականութեան մէջ այդ կեցուածքը ճշդած են` Վարուժանը, Սիամանթօն, Ռուբէն Սեւակը եւ ուրիշներ: Նոյնը կրնանք տեսնել առաջին շրջանին այնքան գեղեցիկ սիրային բանաստեղծութիւններ գրած Փապլօ Ներուտայի քով:

Հ. Ա.- Առաձգականութիւնը ենթադրել կու տայ նաեւ արտաքին ճնշում, որուն կը դիմադրէ մարմինը կամ նիւթը: Ի՞նչ եղած է ձեր կեանքին մէջ այն արտաքին ճնշումը (սփիւռքեան իրականութիւնը, օտար միջավայրը, լեզուական մեկուսացումը), որ ստիպած է ձեր քերթողութեան դառնալ «առաձգական» ու չկոտրիլ:

Յ. Պ.-  «Առաձգական» խորագիրը սկիզբ կ՛առնէր բանաստեղծութենէ մը, որ կրկէսի մէջ մարդկային մարմնի ճկունութենէն եւ անհաւատալի կարելիութիւններէն կը մեկնէր, բան մը, որ ժամանակի ընթացքին կը կորսնցնենք: Վերջն է, որ զայն աւելի լայն ու բազմաշերտ իմաստներով սկսայ գործածել: Մեր մարմինը, մտածումներու եւ երեւակայութեան աշխարհը, կենցաղը, շրջապատի քաղաքական, տնտեսական, պատմական ու ընկերային իրականութիւններու ազդեցութիւնը մեր փորձառութիւններուն վրայ: Ասոր վրայ պէտք է աւելցնել օտարումը, անհեթեթի դէմ բախումը, որ ուրիշ տարածքներ կը բանայ:

Այդ բոլորին դիմաց որոշ առաձգականութիւն պէտք է, սակայն` առանց կորսնցնելու մեր պարկեշտութիւնը եւ առանց հրաժարելու մեր սկզբունքներէն եւ համոզումներէն: Իսկ դուրսի իրականութեան, այլին հետ մեր յարաբերութիւնները համակեցութեան եւ առողջ յարաբերութեան մակարդակի վրայ պէտք է ըլլան` մշակութային թէ ընկերային առումով, այլապէս կը վերածուինք կեթոյի, կը մատնուինք լճացման: Հինգերորդ դարէն սկսեալ մինչեւ 19-րդ դարու վերջը եւ քսաներորդ դարուն, ամէն անգամ որ բացուած ենք օտար մշակոյթներու, մեր գրականութիւնն ու արուեստը շահած են: Բնականաբար խօսքս կ՛երթայ հասուն ընկալումին եւ ոչ թէ` մակերեսային ընդօրինակութիւններու:

Իսկ լեզուի վտանգումը կամ կենդանի կերպով պահպանումը նաեւ կախեալ է մեզմէ: Արեւմտեան սփիւռքի մէջ, հաւաքական իմաստով, լեզուի պահպանման, գործածութե՛ան տագնապը գոյութիւն ունի, չենք կրնար անտեսել զայն, որուն դիմաց պէտք է պայքարիլ, յաճախ` նոր միջոցներ փնտռելով, ինչպէս ներկայիս կը կատարէ Կիւլպէնկեան հաստատութիւնը, իսկ բանաստեղծին համար այդ լեզուն կենդանի, այսինքն շնչող, ապրող, ստեղծող եւ առօրեային հետ քայլ պահելը կենսական է:

 Հ. Ա.-  Երբ բանաստեղծութիւնը մտնէ «առաձգական» վիճակի մէջ, արդեօք մի՞շտ կը վերադառնայ իր նախնական ելման կէտին, թէ՞ ամէն լարումէ ետք կը ձեւախախտուի եւ կը դառնայ նոր բան:

Յ. Պ.-  Բանաստեղծութիւնը, բնականաբար, նոյն տեղը չի կրնար մնալ, ուժական ու կենդանի ծնունդ է, որ միշտ իր առանձին նկարագիրը կը փնտռէ: «Առաձգական»-ի վերջին բաժնին մէջ ունիմ բանաստեղծութիւն մը, որ կը կոչուի «Ղատ», որ ճիշդ է, «ղ» տառի հնչիւնն է, սակայն նոյն ատեն` «տաղ»-ի շրջումը, որ կը փորձէ գտնել չկաղապարուած, իսկական քերթողութեան բնոյթը: Այս մէկը շարունակական փնտռտուքի դրսեւորումը չէ՞:

Իսկ երբ աւելի երկար, ժամանակակից բանաստեղծութիւններ կը գրենք (longer contemporary poems), որոնք պէտք չունին դիւցազներգական ըլլալու, կամ երբեմն ալ` աւելի կարճ բանաստեղծական պատկերներ կամ հայքուներ, բնականաբար տարբեր կառուցային եւ այլ լուծումներու կը դիմենք:

Հ. Ա.- Ձեր երիտասարդութեան տարիներուն «Բագին»-ին թղթակցիլը յիրաւի գրական մկրտութիւն էր: «Բագին»-ի շուրջ հաւաքուած սերունդն ունէր լեզուի եւ գրականութեան իր տեսլականը: Եթէ համեմատէք այդ տարիներու ձեր գրական որոնումները այսօրուան ձեր գրածին հետ, ի՞նչը անփոփոխ մնացած է ձեր ներսը, եւ ի՞նչը «լքած» է ձեզ:

Յ. Պ.- Այո՛, «Բագին»-ը իսկական դպրոց էր, ուր մեզմէ առաջ Յակոբ Մանուկեանի եւ Փանոս Ճերանեանի նման երիտասարդ տղոց խումբ մը հաւաքուած էր, իսկ վաթսունականներու աւարտին Պօղոս Սնապեանի աշակերտներէն եւ ուրիշ դպրոցներէ տղաք գրական խմբակ մը կազմեցին, ինչպէս` Սարգիս Կիրակոսեանը, Խոսրով Ասոյեանը, Վահան Զանոյեանը, Յարութ Սասունեանը, Նազ Տէր Սարգիսեանը եւ ուրիշներ: Ասոնցմէ ոմանք գրականութեան մէջ մնացին, ուրիշներ ուսուցչութեան կամ մամուլի մարզը որդեգրեցին եւ այլն: Փաստօրէն, 1978-էն սկսեալ, ես ու Սարգիս Կիրակոսեանը փոխ խմբագիրները դարձած էինք «Բագին» ամսագրի:

Այդ կազմաւորման տարիներուն մեր ընթերցումներուն մասին կը խօսէինք, իւրաքանչիւր շաբաթ մեզմէ մէկն ու մէկը իր գրութիւնը կը բերէր եւ քննարկումի կ՛ենթարկէինք, յաճախ` խիստ կերպով, եւ այս մէկը իսկապէս օգտակար էր մեր գրականութեան զարգացման համար, որովհետեւ անկեղծ մթնոլորտի մէջ կը կատարուէր: Այսօր, ցաւ ի սիրտ, սփիւռքի մէջ գրաքննադատութիւնը գրեթէ բացակայ է, ինչ որ պատճառ կ՛ըլլայ, որ կարգ մը անհատներ մէկ հատորով, անկենդան բառերու շարք մը շարադրեն, կենաց արտասանելու խօսքեր կամ ազգային ճառեր բանաստեղծութեան հետ շփոթեն:

Ինչ կը վերաբերի այդ օրերու եւ ներկայի աշխատանքներուս, առաջին շրջանին բանաստեղծութիւնները յաճախ լռութիւններով կը զարգանային, կամ` Թ. Ս. Էլիոթի մօտեցումով, երբեմն յղումներ կը կատարուէին հայ թէ օտար գրողներու, իսկ պատերազմի, բրտութեան եւ քայքայուող քաղաքի թեման շեշտուած ներկայութիւն էր: Ներկայիս, թերեւս խոհական եւ չըսեմ` «զգացական», աւելի փորձառութեանց անմիջական փոխանցումը աւելի հաւասարակշռուած են: Ամէն պարագայի, բանաստեղծութիւնը բարդ ստեղծագործութիւն է, դժուար է խօսիլ անոր մասին, թերեւս նոյնիսկ ճիշդ է չխօսիլ:

Նախորդը

Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Միքայէլ Եկեղեցւոյ 100-Ամեակ

Յաջորդը

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները

RelatedPosts

«Այս Ժապաւէնին Մէջ Դրել Եմ Իմ Ամբողջ  Զգացական Աշխարհս, Ապրումներս, Ցաւս Եւ Յոյսս», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան
Հարցազրոյց

«Այս Ժապաւէնին Մէջ Դրել Եմ Իմ Ամբողջ Զգացական Աշխարհս, Ապրումներս, Ցաւս Եւ Յոյսս», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան

September 26, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
«Գաղափարական Պայքարի Դրօշը Դեռ Պէտք Է Երկար Փողփողայ Իր Բարձունքին Վրայ»
Հարցազրոյց

«Գաղափարական Պայքարի Դրօշը Դեռ Պէտք Է Երկար Փողփողայ Իր Բարձունքին Վրայ»

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.