Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Միքայէլ Եկեղեցւոյ 100-Ամեակ

August 18, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՃՈՒՐԵԱՆ

Քեսապի Հայ կաթողիկէ Ս. Միքայէլ եկեղեցին, վանքն ու վարժարանը, կառուցուած 1925-ին

2025-ը  նշանակալի տարի մը հանդիսացաւ Քեսապի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար եւ յատկապէս` Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ, որուն առաջին դարադարձն էր նախորդ տարի: Արդարեւ, քեսապահայութեան Հայոց ցեղասպանութեան վերադարձին` ֆրանսիսկեան հայրերը, որոնք հաստատուած էին Քեսապի մէջ 20ր-դ դարուն սկիզբը, կը ձեռնարկեն կառուցման եկեղեցական գեղակերտ համալիրի մը, որ պիտի ընդգրկէր Ս. Միքայէլ եկեղեցին,վանքն ու վարժարան մը եւ պիտի հայթայթէր երկար տարիներու համար գործ եւ ապրելու հասոյթ բազմաթիւ քեսապահայերու:

Այս առիթով կը փորձեմ տալ պատմականը Քեսապի կաթողիկէ հայոց, որոնք ինքնուրոյն համայնք կը կազմէին 1850-ականներէն ասդին եւ կարողացած էին կառուցել հայ կաթողիկէ առաջին եկեղեցին` Անարատ Յղութիւն անունով:

Հակիրճ Ակնարկ` Քեսապի Հայ Կաթողիկէ
Եկեղեցւոյ Պատմութեան

Ա.- Հասարակութեան կազմաւորման նախաքայլերը

Քեսապի մէջ առաջին անգամ կը յիշուի հայ կաթողիկէ հասարակութեան մը մասին` 1852 տարուան վերջաւորութեան, երբ 16  ընտանիքներ, ընդամէնը` 110 հոգի,    Զմմառէն 1840-ին նախ Անտիոք  հասած, ապա Քեսապ, ազդուած Անտոնեան վարդապետներու քարոզչութենէն եւ յուսալով եւրոպական հիւպատոսարաններէն եւ յատկապէս Ֆրանսայի իշխանութենէն նպաստաւորուելու եւ տուրքերէ զերծ մնալու դիտումէն, կը դաւանին կաթողիկէութիւնը  եւ կը դիմեն Գրիգոր-Պետրոս Ը. Աստուածատուրեան կաթողիկոս-պատրիարքին, որ իրենց համար վարդապետ մը ղրկէ Քեսապ:

Ընդառաջելով անոնց փափաքին` կաթողիկոսը 1853-ին Քեսապ կը ղրկէ Յովհաննէս վրդ. Բեռնարդոսեան Զմմառու միաբանը, որ քննէ տեղւոյն հաւատացեալներուն վիճակը:

Հակառակ Բեռնարդոսեան վարդապետի աննպաստ առաջին տեղեկագիրին, որուն մէջ կը գրէր ժողովուրդին խստապահանջութեան մասին, իբրեւ անոր օգնական` Քեսապ կը ղրկուի Գաբրիէլ վրդ. Շաղագաթեան:

Վարդապետները կը բնակին այդ 16 ընտանիքներու բանբեր Գէորգ Պալապանին տունը, Քեսապի հրապարակին վրայ:

1854 հոկտեմբեր ամսուան  23-ին Քեսապի նորաբաց առաքելութեան պատասխանատու կը կարգուի Միքայէլ վրդ. Աբրահամեանը: Նոյն տարին Յարութիւն քհնյ. Տէր Յարութիւնեան իր հետեւորդներով կը դառնայ կաթողիկէութեան, եւ այսպիսով  Քեսապի հայ կաթողիկէ համայնքի ընտանիքներու թիւը կը բարձրանայ 60-ի` բաղկացած 402  հոգիէ: Պէտքը կը զգան օգնական ուժերու եւ կը դիմեն պատրիարք հօր:

Անհրաժեշտ կը տեսնուի եկեղեցւոյ մը կառուցումը: Տէր Միքայէլ Գասպարեանի` ներկայացուցիչ ի Հռոմ Գրիգոր-Պետրոս Ը. Աստուածատուրեան կաթողիկոսի, «Հաւատոյ տարածման» ժողովին ներկայացուցած իր  7 փետրուար 1854-ի տեղեկագիրին մէջ կը կարդանք. «Քեսապի նորադարձները ոչ միայն հաստատ կը մնան իրենց ընդգրկած կաթողիկէ հաւատքին մէջ, այլեւ օրէ օր կը բազմանան, եւ 334-էն 410-ի կը բարձրանայ իրենց թիւը, եւ թէ իրենց ծխատէրն ալ` Յարութիւն քհնյ. Տէր Յարութիւնեան դարձի կու գայ եւ մեծ ջերմեռանդութիւն ցոյց կու տայ. առտու իրիկուն ժամերգութիւն եւ յետ երեկոյեան ժամերգութիւն, մինչեւ ուշ գիշեր ուսուցում»:

Ի տես այս հաստատակամութեան` Տէր Աստուածատուրեան պատրիարք անհրաժեշտ կը տեսնէ Քեսապի նորակազմ կաթողիկէ համայնքը օժտել եկեղեցիով մը: Լիոնի Կեդրոնական խորհուրդը խոստացած էր օգտակար ըլլալ այս նոր գաղութին, բայց մոռացութեան տուած էր իր այդ մէկ խոստումը: Ուստի Քեսապը կը յանձնուի Հռոմի «Հաւատոյ տարածման սուրբ ժողով»-ի հոգածութեան:

Փետրուար 1855 թուակիր նամակէ մը ի յայտ կու գայ, թէ Քեսապ կը գտնուի Պօղոս վրդ. Ունճեան. նոյն տարին անոր օգնութեան կը հասնի Յովհաննէս վրդ. Քիւբելեանը:

Այս թուականին Գարատուրանի ծովու թաղին կաթողիկէները իրենց թաղի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին կը նորոգեն, եւ այլեւս հոն կը մատուցուի ս. պատարագները:

Պատրիարք հայրը Քեսապ կը ղրկէ Զմմառու վանքի մեծաւոր` Աղեքսանդրեան գերապայծառը` մօտէն տեղեկանալու կացութեան մասին եւ եկեղեցւոյ շինարարութեան հսկելու: 8 յուլիս, 1855 թուակիր նամակէ մը կ՛իմանանք, որ արդէն Քեսապի եկեղեցւոյ շինութիւնը սկսած է: Հիմնաքարը կը դնէ նոյնինքն Աղեքսանդրեան գերապայծառը:

1857-ին կու գայ կաթողիկէներուն ներկայութիւնը պաշտօնականացնող արտօնութիւնը, երբ Հալէպի կուսակալին հրամանով Օրտուի կառավարիչը պաշտօնապէս գործելու հրամանը կու տայ կաթողիկէ միլլէթին, իսկոյն համայնքը կը կապուի Անտիոքի թեմին:

Եկեղեցւոյ շինութիւնը դիւրին չ՛ըլլար: Հռոմի  «Հաւատոյ տարածման ժողով»-ը, որ խոստացած էր եկեղեցւոյ կառուցման նիւթապէս նպաստել, խուլ ականջ կը ձեւացնէ, հետեւաբար միակ յոյսը կը մնար սրբազան քահանայապետը: Մերթ ընդ մերթ շինարարական գործերը կ՛աշխուժանան ժողովուրդին եռանդով կամ կը կասեցուին դրամի չգոյութեան պատճառով: Այդ նոյն նեղութեան օրերուն է, որ աստուածային նախախնամութիւնը եկեղեցւոյ շինութեան համար կը յարուցէ մեծ բարերար մը յանձին` Միսիրլեան պէյի, որուն կը տրուի  Մեծն Գրիգոր կարգի խաչ, ս. պապին կողմէ: Քեսապի ժողովուրդէն կը հանգանակուի 1545 դահեկան` ծախսին 1/3-ը. Պէյրութէն կը ղրկուի  1431 դահեկան:

1860 տարին ենք: Քեսապ կը ղրկուի Կղեմէս վրդ. Ճիւարճեանը, որ հսկէ եկեղեցւոյ շինութեան ծրագիրին եւ անոր գործադրութեան: 19 մայիս 1860-ին Քեսապ կը հասնի նաեւ Կեսարիոյ եպիսկոպոսը Յովհաննէս վրդ. Նաճեանի ընկերակցութեամբ` այցելելու հաւատացեալ ժողովուրդին եւ վերջնական պատրաստութիւնները տեսնելու եկեղեցւոյ շինութեան վերսկսելու համար: Այս անգամ վճռական քայլը կ՛առնուի, եւ գործի կը լծուին 1 յուլիս 1860-ին: Եկեղեցւոյ շինարարական գործերը կ՛աւարտին 1861-ին:

Եկեղեցւոյ ճակատին կը զետեղուի մարմարեայ քարի վրայ հետեւեալ գրութիւնը`

Կառուցաւ Եկեղեցիս Անարատ Յղութեան
Յամի Տեառն 1861 Յամսեանս Սեպտեմբերի

 Կղեմէս վրդ. չորս տարի Քեսապ կը մնայ:

1862-ի հոկտեմբերին Քեսապի  առաքելութիւնը Զմմառեան միաբանութեան ձեռքէն կ՛անցնի Անտոնեան միաբանութեան ձեռքը. հայր Մարկոս Մանասեան կ՛ըլլայ Քեսապ ծառայող առաջին Անտոնեան միաբանը:

Նիկողայոս վրդ.

1875-1908  հայր Նիկիղայոս Պէօճեքեանն է, որ յանձն կ՛առնէ Քեսապի առաքելութիւնը եւ կը դառնայ Քեսապի համայնքապետ ու ազգապետ եւ յեղափոխական շարժումի կազմակերպիչ ու աջ բազուկ Աղասիին:

1907-ին Պօղոս-Պետրոս ԺԲ. Սապպաղեան կաթողիկոսը-պատրիարք տեսնելով հայր Նիկողայոսին իր կրօնական վիճակին անյարիր այս գործունէութիւնը` զինք պաշտօնէ յետս կը կոչէ եւ առաքելութիւնն ալ Անտոնեան միաբանութեան ձեռքէն ետ կ՛առնուի եւ վերստին կը յանձնուի Զմմառու միաբանութեան, եւ Քեսապ կը ղրկուի տէր Կղեմէս Ասատուրեան, մարաշցի, գեղաձայն ու պերճախօս վարդապետը: Հայր Նիկողայոս կը մերժէ ենթարկուիլ եւ եկեղեցին յանձնել հայր Կղեմէսին, որ հարկադրուած` կը մեկնի Քեսապէն, մինչ հայր Նիկողայոս  կը շարունակէ վարել առաքելութիւնը մինչեւ 1910:

Բ.- Լատին առաքելութիւնը Քեսապի մէջ

Վերոնշեալ դէպքերուն զուգահեռ, Քեսապի մէջ լատին քարոզչութիւնն ալ մուտք կը գործէ 20-րդ դարու սկիզբը, մարաշցի հայր Լ. Ագիլեանի կողմէ: Հակառակ բուռն ընդիմութեան` կը կազմուի նաեւ փոքրաթիւ լատին համայնք մը Քեսապի մէջ, եւ այդպիսով կը գոյանան կաթողիկէ երկու համայնքներ` հայածէս եւ լատինածէս:

Հայր Սապաթիանօ

1904-ին Քեսապ կը հասնին ֆրանսիսկեան Թերա Սանթա միաբանութեան հայրերը: 1908-ին լատինաց առաքելութիւնը յանձն կ՛առնէ մեծանուն հայր Սապաթինօ Տել Կայծօ, որ իր շինարարական, մարդասիրական եւ փրկարար գործունէութեամբ մեծ անուն կը շահի բոլոր քեսապահայերուն մօտ, մանաւանդ 1909-ի կոտորածներուն եւ 1915-ի տեղահանութեան եւ ջարդերու ատեն եւ յատկապէս` գաղթէն վերադարձին: Անոնք կը հիմնեն երկու վանք` Վարի Պաղճաղասի եւ Քեսապի մէջ: Իրենց բարեսիրական եւ շինարարական գործունէութեան կողքին, կը ստանձնեն նաեւ կաթողիկէ համայնքներուն կրթական գործը մինչեւ 1946: 1909-ի աղէտէն ետք հայր Սապաթինօ կը կառուցէ դպրոցական շէնք մը, որ կը ծառայէ միեւնոյն ատեն իբրեւ վանք եւ եկեղեցի, ան կը բանայ նաեւ որբանոց մը, ուր առանց խտրութեան յանձն կ՛առնէ խնամել բոլոր որբացած մանուկները:

1925-ին հայր Սապաթինօ կ՛ամբողջացնէ լատինաց վանքի նոր համալիրը, որ կ՛ընդգրկէ Ս. Միքայէլ եկեղեցին, վանքն ու երկյարկանի վարժարանը: Այդ համալիրին կառուցման 100- ամեակն էր 2025-ին:

Քեսապի լատինաց դպրոցը եղած է հինգամեայ նախակրթարան: Ունեցած է ընտիր ուսուցչակազմ մը: Ֆրանսերէնի կողքին, մեծ կարեւորութիւն տրուած է արաբերէնին եւ հայերէնին: Հայր Սապաթինօ կարեւոր տեղ կը յատկացնէր հայերէնի ուսուցման:

Արտադասարանային գործունէութիւնները ուշագրաւ եղած են: Հայերէնի ուսուցիչ Արտաշէս Մեծատուրեան կազմած է աշակերտական թատերախումբ մը եւ տարին մէկ-երկու ներկայացում կը տրուէր ժողովուրդին: Հայր Սապաթինոյի ղեկավարութեամբ գործած է նաեւ աշակերտական  Քեսապի առաջին փողերախումբը: 1924-ի Լենինականի երկրաշարժի աղէտեալներուն ղրկուած գումարը գոյացած է աշակերտական ձեռնարկներէ:

45 տարուան վրայ երկարած լատին առաքելութիւնը եւ անոր հայրերը եւ յատկապէս հայր Սապաթինօ մեծ ժառանգութիւն թողուցին Քեսապի մէջ: Համեմատաբար կարճ համարուած այդ  ժամանակաշրջանին զգալի է անոնց հետքը մանաւանդ կրթական, շինարարական եւ մարդասիրական մարզերէն ներս: Անոնք հասան ու օգտակար դարձան բոլոր հայերուն` առանց յարանուանական խտրութեան: Հայր Սապաթինօ, որ իր ամբողջ կղերականի կեանքը անցուցած է հայերու հետ, նախ Այնթապ, ապա` Քեսապ, ունեցած է նաեւ հաշտարարի ազդու դեր` երբեմն իրարու դէմ լարուած քեսապցիներու մօտ իր միջնորդութիւններով եւ սրամիտ հնարքներով:

Լատին առաքելութիւնը Քեսապ կը մնայ մինչեւ 1946:

Դեկտեմբեր 2025

(Շար. 1)

Նախորդը

Ինճիրլիքը` ՕԹԱՆ-ի Ամրացող Բերդը

Յաջորդը

Գրական Զրոյց Բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեանին Հետ

RelatedPosts

Յիշելով Արշակ Ֆեթվաճեանը
Անդրադարձ

Յիշելով Արշակ Ֆեթվաճեանը

October 3, 2026
Քաղաքացիութեան Դպրոց (School Of Citizenship)
Անդրադարձ

Քաղաքացիութեան Դպրոց (School Of Citizenship)

October 3, 2026
Ուսանողութիւնը Եւ Մենք
Անդրադարձ

Սլաք. Ըսեմ-Չըսեմ

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.