Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆլիք Կը Խօսի Պարսելոնայի Մասին

August 11, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պարսելոնայի գլխաւոր մարզիչ Հանս-Տիթեր Ֆլիք վերջերս զրոյցի մը ընթացքին խօսած է խումբին վերջին փորձ-մրցումներուն մասին, ինչպէս նաեւ մարզիկներուն վիճակին եւ փոփոխութիւններուն մասին:

Շաբաթ օր, քաթալոնները մէկ երեկոյի ընթացքին երկու մրցում ունեցած էին, բայց մէկ մրցումի ժամանակով: Արդարեւ, Իտալիոյ մէջ, Ուտինեզէ ակումբին հրաւէրով Պարսելոնա 45 վայրկեաններու ընթացքին մրցած է Նոթինկհամ Ֆորեսթի դէմ եւ յաղթած 1-0 արդիւնքով, ապա Ուտինեզէէն պարտուած նոյն արդիւնքով` կորսնցնելով այս փոքր մրցաշարքի տիտղոսը:

«Լաւ հանդիպումներ էին զօրաւոր մրցակիցներու դէմ: Մենք կրնանք շատ աւելի լաւ խաղալ, բայց արդիւնքէն գոհ եմ: Երէկուան փորձին շատ համոզուած չէի խումբին վիճակէն, բայց այսօր ամէն ինչ շատ աւելի լաւ անցաւ», ըսաւ Ֆլիք:

Քաթալոնացիներու յաջորդ հանդիպումը պիտի ըլլայ Պազելի դէմ 16 օգոստոսին: Անդրադառնալով Ռոնալտ Արաուխոյի փոխ տրուելուն` Անգլիոյ Լիվըրփուլին, Ֆլիք ըսաւ. «Արաուխօ շատ լաւ անձ մըն է եւ լաւ ֆութպոլիստ մը: Ան շատ արագ է եւ ֆիզիքապէս զօրաւոր յետսապահ: Դժբախտաբար, մեզի յարմար չեղաւ իր լաւ կէտերէն օգտուիլը` մեր խաղաձեւին համակերպելու միջոցով»:

Խօսելով ապաքինած խաղցողներու մասին` ան ըսաւ, որ երկու ֆութպոլիստներ չկրցան բնական ձեւով Մոնտիալին մասնակցիլ, ինչպէս էր պարագան Ռաֆինիայի եւ Ֆերմին Լոփէսի:

«Ռաֆինիան ինծի համար ամէնէն կարեւոր մարզիկներէն մէկն է: Ան մեր մրցումին աշխուժութիւն եւ պայքար կու տայ, բան մը, որուն շատ պէտք ունինք:

Ֆերմինի հետ պէտք է զգուշ ըլլանք: Եթէ Ռաֆինիա 10-12 օրէ ի վեր մեզի հետ կը մարզուի, ապա Ֆերմինը մէկ օր առաջ միացաւ մեզի: Ամէն ինչ լաւ անցաւ: Մենք արդէն որոշած էինք, որ ան 45 վայրկեան կրնայ խաղալ միայն առաջին հանգրուանին»:

Ֆեռան Թորեսի հաւանական հեռանալուն մասին Ֆլիք ըսաւ. «Ֆեռա՞նը: Այս պահուն ես կեդրոնացած եմ խումբին վրայ: Ես կը յարգեմ արձակուրդի մէջ գտնուող ֆութպոլիստները: Ոչինչ գիտեմ Ֆեռանի փոխանցումին մասին, ոչ մէկ տեղեկութիւն ունիմ», ըսաւ Ֆլիք:

Նշենք որ Թորես շատ հաւանաբար լքէ Պարսելոնան, եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն կրնայ ըլլալ անոր յաջորդ խումբը:

 

Նախորդը

Դիտարկումներ` Մեքքայի Դաշինքին Մասին

Յաջորդը

ՖԻՖԱ Հաւատարիմ Կը Մնայ Ինֆանթինոյին

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Սաքաֆի Հերի
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Սաքաֆի Հերի

September 25, 2026
Ազգերու Լիկա.  Այսօր` Հայաստան – Լաթվիա
Մարզական

Ազգերու Լիկա. Այսօր` Հայաստան – Լաթվիա

September 25, 2026
Ըմբշամարտ.  Արսէն Ջուլֆալակեան Ոսկի Մետալ Նուաճեց… Արժանթինի Հետ
Մարզական

Ըմբշամարտ. Արսէն Ջուլֆալակեան Ոսկի Մետալ Նուաճեց… Արժանթինի Հետ

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.