Այն տեսութիւնը, թէ իրապաշտները զուրկ են զգացմունքներէ, տարածուած թիւրիմացութիւն մըն է: Իրապաշտները բնաւ չեն արհամարհեր կամ մէկ կողմ չեն դներ զգացումները, ընդհակառակը, մեծապէս կը յարգեն զանոնք:
Իրականութեան մէջ տրամաբանողներն են, որոնք յաճախ կը մերժեն զգացական աշխարհը` փորձելով ամբողջութեամբ հեռու մնալ անկէ: Այս իմաստով, տրամաբանողները կապ չունին իրապաշտներուն հետ: Կան բազմաթիւ երեւոյթներ, որոնք տեսականօրէն ամբողջովին տրամաբանական են, սակայն գործնականին մէջ բնաւ իրապաշտական չեն:
Իրապաշտին տաղանդը կը կայանայ տրամաբանութիւնն ու զգացմունքը ճիշդ համեմատութեամբ իրարու խառնելու եւ տուեալ իրավիճակին յարմարցնելու մէջ: Ասիկա մարդկային դժուարագոյն արուեստն է, որովհետեւ կը պահանջէ երկու տարբեր բեւեռներու նրբամիտ միահիւսում:
Եթէ աշխարհը առաջնորդուէր միայն տրամաբանութեամբ, մենք կ՛ապրէինք մեքենական իրականութեան մը մէջ: Բայց կեանքը միայն տրամաբանութիւն չէ: Բանականութիւնը յաճախ չեղեալ կը յայտարարէ այնպիսի նուրբ իրողութիւններ, որոնք թէեւ չեն տեղաւորուիր բանաձեւերու մէջ, բայց կազմն ու հիւթն են մեր կեանքին:
Մարդկային փորձառութիւնը ունի երեք հիմնական գործիքակազմ.
Ա.- Տրամաբանութիւնը. Ան համակարգուած մտածելակերպ մըն է, որ անհրաժեշտ է յստակութիւն եւ կառուցուածք ստեղծելու համար:
Բ.- Զգացականութիւնը. Ան աշխարհը ընկալելու հոգեկան ազդակն է, որ մեզ կը պահէ մարդկային:
Գ.- Իրապաշտութիւնը. Ան իմաստութիւնն է` իւրաքանչիւր գործիք ճիշդ տեղին եւ ճիշդ ժամանակին գործածելու:
Ասոնք իրարմէ անջատել անհնար է: Բոլորն ալ պէտք են` նայած, թէ ի՛նչ է մեր նպատակը, եւ որո՛նք են մեր շահերը: Օրինակ` մարդ արարածը չի կրնար եւ պէտք չէ իր սիրած էակին հետ խօսի միայն տրամաբանական հաշուարկներով, հոն պէտք է տիրէ զգացումը:
Նոյնպէս ալ գործարարութեան մէջ չես կրնար առաջնորդուիլ զգացականութեամբ, քանի որ հոն գործ ունիս թիւերու եւ փաստերու հետ: Սակայն, երբ հարցը կը վերաբերի կեանքի կարեւորագոյն որոշումներուն, մարդ պէտք է միախառնէ զգացումն ու տրամաբանութիւնը` լաւագոյն արդիւնքին հասնելու համար:
Ենթադրենք` դուն հնարած ես կենսական դեղ մը, որ միայն դո՛ւն ունիս աշխարհի վրայ: Մտածողութեան տարբեր ձեւերը այս հարցին կը մօտենան տարբեր ձեւերով:
Բացարձակ տրամաբանութիւնը կ՛ըսէ` քանի որ մենաշնորհ ունիս եւ շուկան քու ձեռքդ է, տրամաբանական է պահանջել առաւելագոյն բարձր գինը` սեփական հարստութիւնդ բազմապատկելու համար:
Բացարձակ զգացականութիւնը կ՛ըսէ` որպէս մարդասէր, խիղճդ կը հրամայէ դեղը ձրի կամ չնչին գինով բաժնել բոլորին, որպէսզի ոչ մէկ հիւանդ տառապի, իսկ նիւթական կորուստները երկրորդական կը դառնան:
Իրապաշտութիւնը կ՛ըսէ` դուն ներդրում ըրած ես, պէտք է ապրիս եւ վարձատրուիս քու տաղանդիդ համար, ուստի դրամ վաստակիլը իրաւունքդ է: Բայց միեւնոյն ատեն պէտք է հաշուի առնես մարդոց տնտեսական վիճակն ու գնողականութիւնը:
Իրապաշտութիւնը այստեղ ցոյց կու տայ, որ եթէ գինը սահմանես ողջամիտ մակարդակի վրայ, աւելի մեծ թիւով մարդիկ կրնան գնել զայն: Արդիւնքը կ՛ըլլայ այն, որ դուն թէ՛ աւելի շատ մարդ կը փրկես (զգացական շահ) եւ թէ՛ ընդհանուր հաշուարկով աւելի շատ դրամ կը վաստակիս (տրամաբանական շահ):
Ի վերջոյ, իրապաշտութիւնը լաւագոյնս կը ծառայէ քու երկարատեւ անձնական շահերուդ:
Այս բոլորէն ետք, վերջնական որոշումը միշտ կախեալ է անհատի հայեցողութենէն: Մարդ արարածը ունի ազատ կամք եւ ընտրութեան իրաւունք:
Ո՞ր գաղափարախօսութիւնը կամ մտածողութեան դպրոցը քեզի համար հոգեհարազատ է, ո՞ր մէկուն մէջ կը զգաս քու ներքին խաղաղութիւնդ, հոն է, որ դուն կրնաս յառաջդիմել, ստեղծագործել եւ ինքնադրսեւորուիլ:
Այս է արդի ժամանակներու ազատականութիւնը եւ ընտրութեան իրաւունքը` գնա՛, ընտրէ՛ քու ուղիդ, ապրէ՛ հոն, ուր կը փափաքիս: Ճիշդն ու բնականը, ըստ իս, ահա այս ազատութիւնն է:
Հալէպ



