. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սելիմ Աուն «Սաութ Քուլ Լուպնան»-ին. «Չկայ ոեւէ լիբանանցի, որ կրնայ տարակարծիք ըլլալ հանրապետութեան նախագահի նպատակին եւ Լիբանանէն իսրայէլեան հեռացման իրագործման համար թափած ջանքերուն, սակայն մեր մտավախութիւնը այն է, որ ատիկա այս ձեւով չիրագործուի, մանաւանդ որ Իսրայէլի դիմաց կանգնած ենք»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Ամերիկեան թափը քաղաքական հաղորդակցութիւններով պիտի չսահմանափակուի, որովհետեւ կը նախատեսուի, որ ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութեան պետը այս շաբթուան ընթացքին զարգացումներուն մօտէն հետեւելու համար Լիբանան պիտի այցելէ, եթէ ժամանակացոյցի փոփոխութիւն մը տեղի չունենայ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Ամերիկեան զինուորական պատուիրակութեան Լիբանան այցելութեան թուականը տակաւին չէ ճշդուած, որովհետեւ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարները զբաղած են իրանեան թղթածրարով եւ անոր առնչուած զարգացումներով, ինչ որ պատճառ դարձաւ շրջագծային բանաձեւի գործադրութեան հետապնդման վերաբերեալ շարք մը թղթածրարներու վերաբերեալ որոշումներու յետաձգման»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ամերիկեան վարչակազմը այսօր, նախագահ Աունի պետութեան իր որոշումին վերատիրանալուն եւ սահմաններուն վրայ վաղեմի լարուածութեան պատճառներուն վերջ տալու վրայ հիմնուած մօտեցումը ուղղակի կերպով լսելէն ետք, լիբանանեան թղթածրարը կը դիտէ անցեալ տարիներէն տարբեր դիտանկիւնով մը»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Հռոմի մէջ սպասուող ժողովը հիմնական փուլ մը պիտի ըլլայ` գնահատումը կատարելու բնորդային շրջաններուն մէջ առաջին փորձի արդիւնքներուն, եւ զայն դէպի նոր շրջաններ ընդլայնելու կարելիութիւնը սերտելու»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Բանակին հաղորդագրութեան հրապարակման համար ընտրուած ժամանակը ինքնաբուխ չէր, այլ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ Հռոմի մէջ սպասուող հանդիպումէն անմիջապէս առաջ տեղի ունեցաւ` յստակ ուղերձ յղելու եւ հարցերը պարզաբանելու նպատակով` հիմնուելով այն համոզումին վրայ, թէ այսպէս շարունակելը այլեւս ընդունելի չէ»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Բանակի հրամանատարութեան մագլցողական հաղորդագրութիւնը, որ իսրայէլեան խախտումները կը թուէ եւ կը զգուշացնէ, թէ անոնք առաքելութեան գործադրութիւնը կը խոչընդոտեն, հրապարակուեցաւ սպառումէն ետք հաղորդակցութեան կապերուն, որոնք ջանացին Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի յարգէ իր խոստումները»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Հարաւային Լիբանանի մէջ դաշտային կացութիւնը տակաւին որոշ սահմաններու ծիրին մէջ վերահսկողութեան տակ է, եւ իսրայէլեան զինուորական ներկայ շարժումները աւելի ճնշումի եւ դաշտային պատգամներու գործողութիւններու ծիրին մէջ են, քան համապարփակ պատերազմի մը նախաբան»:
. ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Պետութիւնը մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի շրջանային զարգացումներուն` լարուածութեան սրման ենթահողին վրայ, հակառակ միջազգային հաղորդակցութիւններու եւ միջնորդական ջանքերու շարունակման, որոնք ուղղուած են որեւէ լայնածաւալ սրում զսպելուն»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լարուած մթնոլորտ կը տիրէ հարաւային Լիբանանի մէջ, ուր Իսրայէլի ճնշումները կը միահիւսուին դիւանագիտական պարտաւորութիւններու հետ: Մինչ սպասումը կեդրոնացած էր Աուն-Թրամփ վեհաժողովի արդիւնքին վրայ, այժմ ուշադրութիւնը կը տեղափոխուի վաղը տեղի ունենալիք Թրամփ-Նեթանիահու վեհաժողովին վրայ»:


