Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Յարձակում Եւ Սպառնալիք Քեսապի Վրայ. Քեսապ Ալեքսանտրէթի Սանճագի Կազմէն Ներս

Քեսապի Գիւղերը` Կիլիկեան Աշխարհի Վերապրող Վկաները

July 22, 2026
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Քեսապի ինքնապաշտպանութեան մարտիկներ. նստած` Յովսէփ Սաղտըճեան, ոտքի աջին` Տայի, ձախին` Լաւի Սաղտըճեան

Թուրք հազարաւոր զինուած չեթէներ, պաշիպոզուքներ եւ կանոնաւոր զօրք համախմբուած էին Քեսապէն հարաւ եւ յարձակման ազդանշանի կը  սպասէին:

Քեսապի վրայ յարձակումը որոշուեցաւ սկսիլ 1920 օգոստոսին: Այդ ժամանակ քեմալականներ արդէն Կիլիկիոյ հայաբնակ բնակավայրերուն մեծ մասը նուաճած եւ կամ պաշարած էին: Հաճընի մէջ կենաց-մահու գօտեմարտեր կը մղուէին: Պաշարուած Այնթապի մէջ ռմբակոծումները սաստկացած էին: Կը մնային Ատանան (ուր տեղահանուած մեծաթիւ հայեր համախմբուած էին, իսկ քաղաքին թուրք բնակչութիւնը հեռացած էր` հետեւելով քեմալական իշխանութեան հրահանգին),  Զէյթունը (որ ամբողջովին մեկուսացած էր), ինչպէս նաեւ Անտիոքի շրջանի հայաբնակ Մուսա Լեռն ու Քեսապը:

Նոյն ժամանակ, 2 օգոստոս 1920-ին, խմբապետ Մինաս Վերածին Կիլիկիոյ ժողովուրդին անունով Ռուբինեան հանրապետութիւնը հռչակեց: Երկու օր ետք, օգոստոս 4-ին Ատանայի մէջ ֆրանսացի կառավարիչ գնդապետ Էտուարտ Պրեմոնի յանձնուեցաւ Կիլիկեան հանրապետութեան հռչակման յայտարարագիրը: Կազմուեցաւ նաեւ կառավարութիւն, որ մէկ օրուան կեանք ունեցաւ:

Երկու շաբաթ ետք, 19 օգոստոս 1920-ին ֆրանսական կառավարութիւնը պաշտօնապէս լուծարքի ենթարկեց Հայկական լեգէոնը:

* * *

Թուրքերուն համար ճիշդ ժամանակը եկած էր Քեսապը նուաճելու: Անհամար զինուած ամբոխը, հետեւակ եւ ձիաւոր, Սարըաղաճէն, Քեշիշէն եւ Թուրքմէնլիէն յառաջանալով հասաւ Ֆագ Հասան:

Վարի Պաղճաղազի դիրքերուն վրայ հսկող մարտական տղաքը նկատեցին ամբոխին յառաջխաղացքը:

Թուրքեր Ֆագ Հասանէն խուժեցին դէպի Վարի Պաղճաղազի հարաւային կողմը գտնուող Չաթալլէք թաղը: Չաթալլէքէն քիչ վեր լատիններուն Մանասթըրն է:

Ծառախիտ եւ ժայռոտ ամուր դիրքերու մէջ կեդրոնացած հայ կռուող տղաքը դարանակալ կրակ բացին թուրքերուն վրայ: Հայ կռուող տղոց օգնութեան հասան ալեւի քանի մը երիտասարդներ:

Քեսապի ինքնապաշտպանութեան Թռուցիկ խումբերէն մէկը

Թուրքեր անակնկալի եկան: Անոնք չէին ակնկալեր որ հայեր այդքան յառաջացած դիրքերու վրայ կեդրոնացած են: Հայ կռուող տղոց արձակած շեշտակի գնդակներէն քանի մը ձիաւորներ դիտապաստ գլտորուեցան:

Թուրքեր խուճապի մատնուելով կանգ առին: Քիչ ետք անոնք շարժեցան դէպի արեւելք` Կունկուրայի ձորը:

Մինչ այդ Վարի Պաղճաղազէն փութով ձիաւոր ղրկուեցաւ Քեսապ, զինուորական իշխանութենէն խնդրելով անյապաղ օգնական ուժ հասցնել:

Թուրքեր Կունկուրայի ձորէն սկսան բարձրանալ դէպի հիւսիս-արեւմուտք: Ծառախիտ տեղերէ յառաջանալով անոնք մօտեցան Մանասթըրի: Բարձրահայեաց դիրքի վրայ գտնուող վանքին մօտ դիրք բռնած երկու հայ տղաք կրակ բացին ամբոխին վրայ: Թուրքեր քանի մը սպաննուած տալէ ետք կանգ առին:

Քիչ ետք թուրքեր կրկին յարձակման անցան Մանասթըրի ուղղութեամբ: Մօտակայ դիրքերէ ուրիշ հայ տղաք ալ հասան եւ շեշտակի հարուածի  տակ առին յարձակողները:

Թուրքեր բաւական սպաննուած եւ վիրաւոր տուած էին: Անոնք յարձակողականէն պաշտպանողականի անցան: Բուռն բախումները կը շարունակուէին:

Նոյն պահուն Էքիզօլուքէն սրարշաւ ճամբայ ելած մարտական տղաքը հասան դիրքերը: Քիչ ետք կռուող տղաք հասան նաեւ Քեսապէն:

Հայ մարտական ուժերը ուժգին կրակի տակ հակայարձակողականի անցան: Թուրքեր չկրցան երկար դիմադրել եւ նահանջեցին դէպի Ֆագ Հասան եւ Քեշիշ:

* * *

Վարի Պաղճաղազի լատինաց վանքը եւ Վերափոխման եկեղեցին

Քեսապի վրայ թրքական առաջին յարձակումը զսպուած էր: Թուրքեր այս անգամ վճռեցին Օրտուի կողմէն ճակատ յարդարել:

Օրտուի մէջ կեդրոնացած էր Ճեպէլ Ագրայի բարձրագոյն հրամանատարութիւն կոչուող թրքական զինուորական մարմինը, որուն շուրջ համախմբուած էին օսմանեան բանակի սպաներ եւ բանակայիններ:

Թուրք բանակային ուժերը, տեղական  հրոսակապետերը, հազարաւոր չեթէները եւ պաշիպոզուքները Օրտուի մէջ համախմբուեցան:

Թուրքեր, նախորդ պարտութենէն ետք, զգոյշ էին եւ մտածեցին խաբէութեամբ տիրել Քեսապի:

Ճեպէլ Ագրայի բարձրագոյն հրամանատարութիւնը նամակ ուղարկեց Քեսապ, Ազգային միութեան եւ կոչ ուղղեց զէնքերը յանձնելու եւ դրացիներուն հետ եղբայրաբար ապրելու: Ազգային միութիւնը պատասխան նամակով յայտնեց, որ իրենք վստահութիւն չունին թուրքին վրայ եւ իրենց զէնքերը ինքնապաշտպանութեան համար են:

Ճեպէլ Ագրայի բարձրագոյն հրամանատարութիւնը այս անգամ խիստ նամակով մը կրկին դիմեց Ազգային միութեան եւ քանի մը տարուան տուրք ու զէնքերը պահանջեց, այլապէս սպառնալով քար քարի վրայ չձգել Քեսապի մէջ:

Ազգային միութիւնը խիստ նամակով մը պատասխանեց. «Կու գաք, բայց առնելիք ունիք»: Նամակը խմբագրեց Նշան Մանճիկեան (հօրս հօրեղբայրը), որ այդ օրերու իրադարձութիւններուն վերջին վկան էր: Քեսապցիք լաւ գիտէին թէ թրքական մեծ յարձակումի մը պարագային երկար դիմադրելու լայն հնարաւորութիւններ չունէին, հեռաւոր վայրերէ մտահոգիչ լուրեր կը հասնէին Քեսապ, բայց բոլորն ալ վճռական էին եւ կ՛ուզէին թուրքերուն մօտ այն տպաւորութիւնը ստեղծել, թէ սպառազինուած են եւ լաւ պատրաստուած երկարատեւ կռիւի:

Մաթաթ վարպետ (Մատաթիա Կարպուշեան) հնարամտութիւնը ունեցաւ կեղծ թնդանօթ մը պատրաստելու, որ ահագին դղրդում կը յառաջացնէր:  Կեղծ թնդանօթը Քեսապ աւանի մուտքին զետեղուեցաւ եւ քանի մը անգամ որոտաց, արձագանգելով սար ու ձոր:

Թուրքեր` այդ ձայնը լսելով եւ կարծելով, թէ մեծ ուժ կայ իրենց դիմաց, եւ իրենց հետախոյզներուն փոխանցած տեղեկութիւններուն հիման վրայ, հրաժարեցան Քեսապի վրայ արշաւելու մտադրութենէն:

* * *

Ֆրանսական բանակը դժուարութեամբ սկսած էր ամրապնդել իր դիրքերը Սուրիոյ տարածքին: Ամէն կողմ հրոսակային դիմադրութիւններ կը բարձրանային: Առաջին անգամ 1919 դեկտեմբերին Լաթաքիոյ մէջ բախումներ տեղի ունեցած էին ֆրանսական զօրքերուն եւ սուրիացի արաբներուն միջեւ: Էմիր Ֆայսալ 8 մարտ 1920-ին Սուրիական Ազգային համագումարին կողմէ Սուրիոյ թագաւոր հռչակուած էր: Սուրիացիք 1920 յուլիս 24-ին, Եուսէֆ Ազմայի գլխաւորութեամբ հերոսական դիմադրութիւն ցոյց տուին Դամասկոսի մօտակայ Խան Մայսալունի մէջ. Եուսէֆ Ազմա եւ 1200 սուրիացիներ նահատակուեցան: Յաջորդ օր  ֆրանսական ուժերը մտան Դամասկոս: Քանի մը օր ետք ֆրանսացիք մտան Հալէպ եւ այլ քաղաքներ եւ ամբողջացուցին Սուրիոյ գրաւումը: Էմիր Ֆայսալ արտաքսուեցաւ Սուրիայէն:

Ֆրանսական հոգատարութեան տակ 1 սեպտեմբեր 1920-ին  կազմաւորուեցան Դամասկոսի, Հալէպի, Մեծն Լիբանանի եւ Ալաուիներու պետութիւնները: Հետագային կազմաւորուեցաւ նաեւ Ճեպէլ Տրուզի պետութիւնը: Ալեքսանտրէթի ինքնավար սանճագը, որուն կազմին մէջ կը մտնէին Մուսա Լեռն ու Քեսապը, ընդգրկուեցաւ Հալէպի պետութեան կազմին մէջ:

Սուրիական պետութիւններու կազմաւորումէն ետք ֆրանսական ուժեր Անտիոք մտան եւ յառաջանալով մօտեցան Օրտուի:

* * *

Քեսապի հին շուկան

Կիլիկիոյ հայութիւնը օրհասական օրեր կ՛ապրէր: Հաճըն ութ ամսուան գոյամարտէ ետք ինկաւ 1920 հոկտեմբերին: Այնթապցիք քանի մը ամիս դիմադրեցին, բայց թուրք-ֆրանսական համաձայնութենէն եւ ֆրանսացիներու քաղաքէն հեռացումէն ետք, 1921 մարտէն սկսեալ  զանգուածաբար սկսան հեռանալ իրենց հայրենի օրրանէն: Զէյթուն 1921 յունիսի վերջաւորութեան նուաճուեցաւ դարաւոր թշնամիին կողմէ:

Անգարայի մէջ 20 հոկտեմբեր 1921-ին թուրք-ֆրանսական դաշնագիր ստորագրուեցաւ, որուն համաձայն Ֆրանսա կը հրաժարէր Կիլիկիոյ վրայ իր հոգատարութենէն:

Թրքական նոր ջարդերու երկիւղը համակած էր Կիլիկիոյ հայութիւնը, որ խուճապահար իր տունն ու տեղը ձգելով բռնած էր գաղթի ճամբան:

Սահակ Բ. կաթողիկոս Ալեքսանտրէթէն ճամբայ ելաւ դէպի Հալէպ, ուր հասաւ 27 դեկտեմբեր 1921-ին:

Կիլիկիայէն հայերու եւ քրիստոնեայ միւս համայնքներուն զանգուածային գաղթը կը շարունակուէր մեծ թափով: Բազմապիսի դժուարութիւններ դիմագրաւելով, շատեր ցամաքի ճամբով, օրեր ու շաբաթներ քալելով Հալէպի եւ հիւսիսային Սուրիոյ քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ ապաստան գտան, ոմանք ալ նաւերով Պէյրութ փոխադրուեցան:

Կիլիկիայէն ֆրանսական ուժերու հեռացումը սկսաւ 19 դեկտեմբեր 1921-ին, իսկ 4 յունուար 1922-ին արդէն ֆրանսացի վերջին զինուորը հեռացած էր Կիլիկիոյ հողերէն:

Կիլիկեան պատմական Հայաստանէն կանգուն կը մնային Սուրիոյ սահմաններէն ներս մնացած Մուսա Լեռ ու Քեսապ գաւառները:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Փաստաթղթայինն Ու Իրողականը

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Անտիոքի Մեծ Ցոյցը Եւ Դիտորդներու Առաքելութիւնը
Պատմական

Անտիոքի Մեծ Ցոյցը Եւ Դիտորդներու Առաքելութիւնը

October 21, 2026
Թուրք-Ֆրանսական Բանակցութիւններ Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Առաջին Քայլեր
Պատմական

Թուրք-Ֆրանսական Բանակցութիւններ Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Առաջին Քայլեր

October 7, 2026
Ֆրանս-Սուրիական Դաշնագիր Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Աշխատանքներ
Պատմական

Ֆրանս-Սուրիական Դաշնագիր Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Աշխատանքներ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.