Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրիգոր Պետրոս ԺԱ. Աղաճանեան Պատրիարքի Եւ Արշակ Չօպանեանի Ջանքերը Սանճագի Փրկութեան Համար

Քեսապի Գիւղերը` Կիլիկեան Աշխարհի Վերապրող Վկաները

November 25, 2026
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաթայի Պետութեան Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Սահմանի Ջնջում

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Քեսապի եւ շրջակայքի սահմանային գօտիներուն վրայ իր դիրքերը ամրապնդելէ ետք, թրքական բանակը Օրտուէն Տիւզաղաճ երկարող անտառային շրջաններուն մէջ ռազմափորձերու ձեռնարկեց: Օրեր շարունակ զինարձակումներու եւ թնդանօթաձգութիւններու ձայները արձագանգեցին սար ու ձոր:

Թրքական բանակին նպատակն էր վախի եւ խուճապի մթնոլորտ ստեղծել ժողովուրդին մէջ:

Այնուհետեւ Քեսապի ռազմագիտական բարձունքներուն եւ դիրքերուն վրայ թրքական բանակի զօրանոցներ (գշլաներ) հաստատուեցան:

Թուրք զինուորներ հետեւողական կերպով, օր ցերեկով Քեսապի շուկան պաշտօնական կողոպուտի կ՛ենթարկէին:

***

Հաթայի պետութեան մէջ Թուրքիոյ լիազօր ներկայացուցիչ Ճեւատ Աչըքալընի հրամանով 1938 նոյեմբերին շրջանէն հեռացուեցան ֆրանսացի չորս իրաւագէտներ, որոնք Փարիզէն ուղարկուած էին Սանճագի արդարադատութեան մարմինները վերակազմակերպելու համար:

Հաթայի թուրք իշխանութիւնները հայկական եւ արաբական բոլոր քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն գործունէութիւնը արգիլեցին:

Թուրքերու սանձարձակութիւններուն, կամայականութիւններուն եւ անպատիժ մնացող սպանութիւններուն դէմ, Պէյրութ` Բարձր կոմիսարութեան, ինչպէս նաեւ Փարիզ` ֆրանսական կառավարութեան եւ Ժընեւ` Ազգերու Դաշնակցութեան խորհուրդին բողոքի հեռագիրներ ուղարկուեցան, որոնք սակայն մնացին անպատասխան:

Հաթայի խորհրդարանը 1939 յունուարին ընդունեց թրքական քաղաքացիական եւ քրէական օրէնսդրութիւնները:

***

Թուրքեր Սանճագի մաքսատուները 1938 հոկտեմբերէն սկսեալ իրենց հակակշիռին տակ առին եւ ֆրանսացի, արաբ ու հայ պաշտօնեաները հեռացուցին: Այնուհետեւ թրքական մաքսային կանոնագրութիւնները սկսան կիրարկուիլ: 1939 յունուարին արդէն սահման գոյութիւն չունէր Սանճագի եւ Թուրքիոյ միջեւ: Միւս կողմէ, Սանճագի եւ Սուրիոյ միջեւ մաքսային, անցագրային եւ զինուորական սահմանակէտեր հաստատուեցան:

Հաթայի եւ Սուրիոյ միջեւ մաքսային սահմանի հաստատումը բացասական անդրադարձ ունեցաւ շրջանի ժողովուրդի տնտեսութեան վրայ: Սանճագի գիւղատնտեսական արտադրութիւններուն առջեւ Հալէպի շուկան փակուեցաւ:

***

Թրքական զօրքը Հաթայի մէջ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Շիւքրիւ Սարաճօղլու 1939 յունուարին Անգարայի մէջ Ֆրանսայի դեսպանին ըսաւ, որ Հաթայի պետութիւնը Թուրքիոյ կցելու ժամանակը հասած է: Սարաճօղլու նշեց, որ Թուրքիա ոչ մէկ բան կը զիջի իր շահած հողերէն, եւ պատրաստ է Ֆրանսայի ժամանակ տալու, որպէսզի Սուրիոյ հանրային կարծիքը պատրաստէ:

Սարաճօղլու հաստատեց նաեւ որ Թուրքիա մտադիր չէ Ֆրանսայի վրայ ճնշում բանեցնելու` Գերմանիոյ կողմը անցնելով, այլ կը ցանկայ Հաթայի պետութեան Թուրքիոյ կցումը բարեկամական եղանակով կատարել:

Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ Բարձր կոմիսար Կապրիէլ Փիւօ (որ 22 հոկտեմբեր 1938-ին փոխարինած էր կոմս Տամիէն տը Մարթէլը) իր կարգին հաստատեց, որ Հաթայի պետութեան Թուրքիոյ կցումը անխուսափելի է եւ եւրոպական հաւասարակշռութեան խախուտ ըլլալը գիտակցելով, նախընտրելի է անմիջապէս վճարել Թուրքիոյ դաշնակցութեան գինը:

***

Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան

Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կաթողիկոս-պատրիարք Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան իր օծման առիթով Քեսապէն եկած պատուիրակութեան հետ հանդիպում ունեցած էր օծման արարողութենէն անմիջապէս ետք, 5 դեկտեմբեր 1937-ին: Քեսապցիք նորաօծ պատրիարքին պարզեցին իրենց դժուարութիւնները, տագնապալից վիճակը, թուրքերու սանձարձակութիւնները եւ օգնութիւն խնդրեցին:

Քեսապի փրկութեան հարցով Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան պատրիարք առաջին հերթին հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ մոնսենիոր Ռեմի-Լուի Լըփրեթրի հետ:

Այնուհետեւ Աղաճանեան նամակ գրեց Սուրբ Աթոռի Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի նախագահ կարտինալ Էօժէն Թիսսերանին, ուր կ՛ըսէր.

«1922 թուականին, Մեծ պատերազմին աւարտէն երեք տարի անց, պատերազմ, որուն ժամանակ չլսուած տեղահանութիւններ եւ անասելի ջարդեր գործադրուեցան թուրք հրոսակներու կողմէ հայերու դէմ, ամբողջովին դատարկուեցաւ Կիլիկիան եւ վերադարձուեցաւ Թուրքիոյ: Երկրորդ անգամ սկսաւ ֆիզիքական ու բարոյական տառապանքներով լի գաղթ մը մօտաւորապէս 120 հազար հայերուն, որոնք հազիւ հոն վերադարձած էին տարբեր վայրերէ: Գաղթ, որ հայերուն այդ կորիզը ցիրուցան ըրաւ Սուրիոյ, Լիբանանի, Յունաստանի, Պուլկարիոյ եւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ:

«Այդ տխրագոյն հետեւանքները կը տեւեն մինչեւ այսօր: Տեղահանուածներէն շատերը կը բնակին խղճուկ խրճիթներու մէջ, ամենասարսափելի թշուառութեամբ: Եւ ահա լուր կը ստանանք, թէ նոր տեղահանութիւն շուտով կ՛ըլլայ ի նպաստ Թուրքիոյ… մօտաւորապէս 35 հազար հայերու: Հետեւաբար, նոր անխուսափելի աւարտ մը, նոր բախումներ ու նոր զանգուածներ` իրենց օճախներէն արմատախիլ:

«Տագնապահար սրտով` ի տես այն դաժան տառապանքներուն, որոնք կը պատրաստուին այդ խեղճ հոգիներուն համար, կ՛աղերսեմ Ձերդ գերազանցութիւնը, Սրբազան Հօր համաձայնութեամբ, որ կամենաք խրախուսել միջամտութիւնը բոլոր անոնց, որոնք որեւէ կերպով կրնան կանգնեցնել այդ տխուր որոշումը եւ որեւէ դարման գտնել»:

Պիոս ԺԱ. պապի վախճանումէն (10 փետրուար 1939) ետք, 2 մարտ 1939-ին Պիոս ԺԲ. պապ ընտրուեցաւ:

Աղաճանեան պատրիարք եւ Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ մոնսենիոր Ռեմի-Լուի Լըփրեթրը միասին նամակ գրեցին պապին եւ խնդրեցին անոր ազդու միջամտութիւնը ֆրանսական կառավարութեան մօտ:

Պիոս ԺԲ. պապ Փարիզի առաքելական նուիրակին միջոցով ֆրանսական պետութեան հասցուց իր անտեղիտալի խնդրանքը եւ միջամտութիւնը:

***

Թրքական զօրքը Հաթայի մէջ

Սանճագի տնտեսութիւնը թրքացնելու յստակ ծրագիրով, Հաթայի կառավարութիւնը որոշեց 1 փետրուար 1939-էն սկսեալ թրքական լիրան ընդունիլ իբրեւ պաշտօնական դրամանիշ, իսկ մարտ 15-էն սկսեալ սուրիական դրամի գործածութիւնը պաշտօնապէս կը դադրէր:

Հաթայի կառավարութիւնը շրջանառութեան մէջ գտնուող սուրիական թղթադրամները բռնագրաւեց եւ թրքականով փոխարինեց: Սուրիական մէկ լիրան փոխարինուեցաւ թրքական 0.67 լիրայով: Սակայն միջազգային դրամատնային շուկայի վրայ սուրիական մէկ լիրան թրքական շուրջ չորս լիրա կ՛արժէր: Ելեւմտական այսպիսի բացայայտ յափշտակումով Սանճագի ժողովուրդէն միլիոններ խլուեցան եւ թրքական դրամատուները մտան: Մօտաւոր գնահատումով, յափշտակուած այդ գումարը չորս հարիւր միլիոն ֆրանսական ֆրանք կը հաշուէր:

Տնտեսական եւ ելեւմտական այս ապօրինութիւնները հիմնովին խախտեցին Սանճագի տնտեսութեան հիմերը: Առեւտուրը գրեթէ կանգ առաւ, շատ արհեստանոցներ, ձեռնարկութիւններ փակուեցան եւ արհեստաւորներն ու շինարարները անգործութեան մատնուեցան:

***

Հաթայի պետութեան  եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանի ջնջումը աւելի եւս շեշտուեցաւ 1939 մարտին:

Արդարեւ, Թուրքիայէն ուղարկուած երեսփոխաններ Թայֆուր Սէօքմէն (Հաթայի պետութեան ղեկավար անուանուած) եւ Ատնան Մելէք  Հաթայի պետութեան կեդրոնական դէմքեր էին: Անոնք Անթալիոյ եւ Այնթապի իրենց ընտրական տեղամասերուն մէջ 1939 մարտին վերընտրուեցան իբրեւ թրքական խորհրդարանի երեսփոխաններ:

Միաժամանակ, իրենց պաշտօններէն հեռացուած արաբ եւ հայ ամէն պաշտօնեայի փոխարէն Թուրքիայէն Սանճագ ուղարկուեցան չորս-հինգ պաշտօնեաներ: Այս ձեւով մօտաւորապէս հազար եկուոր թուրքեր տեղաւորուեցան Հաթայի պետութեան կառավարչական մարմիններուն մէջ: Այդ եկուոր պաշտօնեաներէն շատեր իրենց պաշտօնները կը պահէին Թուրքիոյ մէջ:

***

Արշակ Չօպանեան

Գրագէտ եւ հասարակական գործիչ Արշակ Չօպանեան իր հրապարակախօսական եւ դիւանագիտական գործունէութեամբ երախտարժան աշխատանք տարաւ Սանճագի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար:

Արշակ Չօպանեան համիտեան կոտորածներու ժամանակ Պոլիսէն հեռանալով, 1896-էն ի վեր մնայուն բնակութիւն հաստատած էր Փարիզի մէջ: 1898-ին հիմնած էր «Անահիտ» գրական մեծարժէք հանդէսը եւ իր շուրջ համախմբած  արեւմտահայ եւ արեւելահայ բազմաթիւ գրագէտներ եւ արուեստագէտներ: «Անահիտ» 1911-ին փակուած  եւ երկար ընդհատումէ ետք 1929-ին վերսկսած էր անոր հրատարակութիւնը:

Արշակ Չօպանեան 1924-էն ի վեր կը գլխաւորէր Ֆրանսայի Հայ գաղթականներու կեդրոնական գրասենեակը:

Արշակ Չօպանեան անձնական եւ նամակագրական կապեր ունէր ֆրանսացի եւ ընդհանուր առմամբ եւրոպացի գրագէտներու եւ հասարակական գործիչներու հետ: Իբրեւ ֆրանսական քաղաքական եւ մտաւորական վերնախաւին մէջ մեծ հեղինակութիւն վայելող գործիչ եւ Հայ գաղթականներու կեդրոնական գրասենեակի նախագահ` ան մեծ աշխատանք տարաւ ֆրանս-թրքական բանակցութիւններու ընթացքին Սանճագի հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու համար: «Անահիտ» հանդէսին մէջ Չօպանեան լայնօրէն լուսաբանեց հայկական հարցը եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ գաղութներու քաղաքական վիճակը` մտահոգութիւն յայտնելով Թուրքիոյ նկրտումներուն եւ հայ բնակչութեան անվտանգութեան վերաբերեալ:

 

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

RelatedPosts

Ֆրանսացի Քաղաքական Գործիչներ Եւ Պապական Նուիրակ Ռեմի Լըփրեթրը Քեսապի Մէջ Եւ Գաւառը Փրկելու Հետեւողական Աշխատանքներ
Պատմական

Ֆրանսացի Քաղաքական Գործիչներ Եւ Պապական Նուիրակ Ռեմի Լըփրեթրը Քեսապի Մէջ Եւ Գաւառը Փրկելու Հետեւողական Աշխատանքներ

November 18, 2026
Թրքական Զօրքերու Մուտքը Սանճագ Եւ Հաթայի Պետութեան Հռչակումը
Պատմական

Թրքական Զօրքերու Մուտքը Սանճագ Եւ Հաթայի Պետութեան Հռչակումը

November 11, 2026
Սանճագի Հանրաքուէ Ընտրութիւնները Եւ Դէպի Թրքացում Գործնական Ընթացքը
Պատմական

Սանճագի Հանրաքուէ Ընտրութիւնները Եւ Դէպի Թրքացում Գործնական Ընթացքը

November 4, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։