Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Փաստաթղթայինն Ու Իրողականը

July 21, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ-Լիբանան միջնախագահական հանդիպումին ընդառաջ կ՛արձանագրուի լաւատեսական յայտարարութիւններու շարան մը, որ մտածել կու տայ այդ հանդիպումին բեկումնային բնոյթ ապահովելու քարոզչական աշխատանքին մասին:

Նախ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը կը յայտնէր, որ Լիբանանի նախագահը Ուաշինկթընէն ձեռնունայն պիտի չհեռանայ: Ապա,  Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարը կ՛ընդգծէր, որ իր հանդիպումը նախագահ Աունին հետ չափազանց դրական էր: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը այս ուղղութեամբ առաքելութիւն ստանձնած է: Իրերայաջորդ յայտարարութիւններով ան կը փոխանցէր, որ իր պետութիւնը պիտի գործակցի Լիբանանի օրինական իշխանութիւններուն հետ եւ այս օրակարգով պիտի չերկխօսի Իրանի եւ Հըզպալլայի հետ: Աւելցնելով, որ նախագահ Թրամփին եւ նախագահ Աունին հանդիպումը անպայման դրական  պիտի ըլլայ: Աւելի մանրամասնելով Ռուպիօ կ՛ուզէ պարզ դարձնել, որ Լիբանանի նախագահը պիտի կարենայ վերադարձին ժողովուրդին համոզել, որ ինք բոլոր լիբանանցիներուն եւ ամբողջ Լիբանանին համար դրական արդիւնքներ պիտի ապահովէ:

Այստեղ անմիջապէս արձանագրենք, որ Միացեալ Նահանգներ Հըզպալլայի հետ երկխօսելու եւ  հարցի լուծման համար բանակցելու պարտականութիւնը կը փոխանցեն Սուրիոյ:

Այս շրջագիծին մէջ կատարուող յայտարարութիւններն ու դիւանագիտական հանդիպումները մէկ կողմէ կը սաստկացնեն Իրանի հետ հակամարտութիւնը` ամբողջ տարածաշրջանը վերաբռնկումի առաջնորդելով, միւս կողմէ լիբանանեան հատուածին ուղղութեամբ դրական ազդանշաններ կ՛ուղարկեն` Հըզպալլայի հետ հարցի լուծումը Դամասկոսին փոխանցելով:

Պաշտօնական Պէյրութի արձագանգները համահունչ կը թուին ըլլալ ամերիկեանին` փաստաթուղթ ներկայացնելով, ուր նշուած են իսրայէլեան ուժերու հեռացումը, տարածքային ամբողջականութիւնը, գերիներու ազատ արձակումը, վերաշինութեան գործիքակազմերը եւ ընդհանրապէս յառաջիկայ փուլերուն մասին պետութեան պատկերացումները: Դժուար է պատկերացնելը, թէ դրական ի՛նչ տեսակի արդիւնքներ պիտի արձանագրուին այս հանդիպումին կամ անկէ բխած, երբ բռնագրաւումը կայ, երբ աւերը կայ, երբ գերիները ազատագրուած չեն: Հակամարտող կողմերը խանդավառ չեն այս հանդիպումէն: Իսրայէլ կը նախապատրաստուի միանալու տարածաշրջանային բռնկումին եւ այդ առումով վերստին դէպի Լիբանան իր յարձակումները սանձազերծելու, իսկ լիբանանեան Դիմադրութիւնը կը ջանայ առ ոչինչի վերածել կնքուած շրջագծայինը:

Փաստաթղթայինն ու իրողականը իրարու համապատասխան չեն: Ուաշինկթընի ճնշումով կրնայ զսպուիլ Իսրայէլը` Լիբանանը լայնածաւալ չհարուածելու: Նոյն Ուաշինկթընը կրնայ յայտարարել, որ իսրայէլեան ուժերը լաւ կ՛ըլլայ, որ հեռանան Լիբանանէն, սակայն միեւնոյն ճնշումը չբանեցնել հեռացնելու համար բռնագրաւողը: Յայտարարութիւնները կրնան լաւատեսութիւն փոխանցել, նոյնիսկ զինադուլը կրնայ մեծ հաշուով յարգուիլ, սակայն բռնագրաւումը կը շարունակէ մնալ: Բռնագրաւեալ տարածքներով զինադուլը իրողական պատկերն է այժմեան կացութեան: Միացեալ Նահանգներուն համար զինադուլի երկարաձգումը քաղաքական առաւել է բանակցային գործընթացը շարունակելու եւ գոյավիճակը ամրապնդելու համար: Ամերիկեան լաւատեսական յայտարարութիւնները մինչեւ հանդիպում եւ անշուշտ հանդիպումի աւարտին ռազմավարական այս ուղեգիծին մասին կը յուշեն:

«Ա.»

Նախորդը

Թեհրան. «Միջնորդները Կը Շարունակեն Մագլցումը Արգիլելու Իրենց Ջանքերը, Եւ Անոնցմէ Առաջարկներ Ստացանք»

Յաջորդը

Թրքական Յարձակում Եւ Սպառնալիք Քեսապի Վրայ. Քեսապ Ալեքսանտրէթի Սանճագի Կազմէն Ներս

RelatedPosts

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն  Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն  Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»

October 23, 2026
Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները  Ռազմաճակատին Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները Ռազմաճակատին Վրայ»

October 23, 2026
Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.