Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Երեւանի Մէջ Մրցումէ Մը Հեռացուած Է «Մենք Ենք Մեր Սարերը» Պատկերը` Զայն Նկատելով «Հակապետական Քայլ»
Երեւանի մէջ մրցումի մը տաղաւարէն վերցուած է «Մենք ենք մեր սարերը» պատկերը` զայն որակելով «հակապետական քայլ»: Այս մասին կը նշուի «Արցախեան մշակոյթի պահպանման կենտրոն» կազմակերպութեան հետեւեալ յայտարարութեան մէջ:
«Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մարմինների կողմից արցախեան մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ չեն ձեռնարկւում համապատասխան քայլեր:
«Չնայած միջազգային իրաւունքի շրջանակներում առկայ հնարաւորութիւններին` պետական մակարդակով լիարժէք չեն օգտագործւում համապատասխան գործիքակազմերը. չեն նախաձեռնւում գործընթացներ` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ում, ՄԱԿ-ի համապատասխան մարմիններում եւ այլ միջազգային հարթակներում, չեն ներկայացւում իրաւական հիմնաւորումներով զեկոյցներ, հաղորդումներ կամ դատական նախաձեռնութիւններ` արցախեան մշակութային ժառանգութեան դէմ կատարուող խախտումները փաստագրելու, դրանց կանխարգելմանն ուղղուած քայլեր ձեռնարկելու եւ միջազգային պատասխանատուութեան մեքանիզմները գործադրելու նպատակով:
«Փաստ է, որ խնդիրը չի սահմանափակւում միայն պետական անգործութեամբ: Մտահոգիչ են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան հրապարակային յայտարարութիւնները, որոնցով Արցախի հայկական եկեղեցիների եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցը ներկայացւում է որպէս Ազրպէյճանի ներքին գործ: Նման յայտարարութիւնները փաստացի թուլացնում են Հայաստանի իրաւաքաղաքական դիրքերը եւ կարող են բացասաբար անդրադառնալ միջազգային հարթակներում հետագայ իրաւական նախաձեռնութիւնների արդիւնաւէտութեան վրայ:
«Այսպէս, պետական մակարդակում ձեւաւորւում է մի իրավիճակ, երբ միջազգային գործիքակազմերի չօգտագործումը զուգակցւում է այնպիսի հռետորաբանութեան հետ, որը միջազգայնօրէն թուլացնում է հէնց այն իրաւական հիմքերը, որոնց վրայ հնարաւոր կը լինէր կառուցել ապագայ պաշտպանական քայլերը:
«Այս ընդհանուր անտարբերութեան խորապատկերին հանրային լայն արձագանգ ստացան տեղեկութիւնները, համաձայն որոնց, Հայաստանում գործող մշակութային որոշ կազմակերպութիւնների տրուել են ներքին յանձնարարականներ իրենց ստեղծագործութիւնների անուանումներից հանել «Արցախ» բառը:
«Տեղեկութիւնների արժանահաւատութիւնը պարզելու նպատակով ՀԿ-ն պաշտօնական հարցում է ուղարկել ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւն: Նախարարութեան պատասխանում նշուել է, որ նախարարութիւնը եւ դրա ենթակայութեան կազմակերպութիւնները որեւէ գրաւոր կամ բանաւոր յանձնարարական չեն ստացել մշակութային ստեղծագործութիւններից կամ պատմամշակութային նիւթերից «Արցախ» անուանումը հանելու վերաբերեալ: Նոյն պատասխանում հաստատւում է նաեւ, որ նախարարութեան ենթակայութեան հաստատութիւններում Արցախի խորհրդանիշների ցուցադրման վերաբերեալ որեւէ արգելք սահմանուած չէ:
«Թէեւ նախարարութեան պատասխանը պաշտօնապէս հերքում է նման յանձնարարականի առկայութիւնը, սակայն հանրային դաշտում շրջանառուող տեղեկութիւնները վկայում են, որ արցախեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան հանդէպ ոտնձգութիւններ, այնուամենայնիւ, տեղի են ունենում գործնականում` առանձին հաստատութիւնների ու անհատների մակարդակով, նոյնիսկ եթէ դրանք չեն բխում պաշտօնական հրահանգից:
«Հէնց այս համածիրում կարելի է դիտարկել վերջերս Երեւանի Անուշաւան Տէր Ղեւոնդեանի անուան երաժշտական դպրոցում տեղի ունեցած միջադէպը:
«Ցուցահանդէս-մրցոյթի ընթացքում դպրոցի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը մրցոյթի աշխատանքների տաղաւարից հեռացրել է աշակերտներից մէկի ձեռքով նկարուած աշխատանքը, որում պատկերուած էր Ստեփանակերտի «Մենք ենք մեր սարերը» («Տատիկ-պապիկ») յուշարձանը` այն որակելով «հակապետական քայլ»: Պարզաբանումներ ստանալու նպատակով ՀԿ-ն պաշտօնական գրութիւն է հասցէագրել Երեւանի քաղաքապետարանին: Ի պատասխան` քաղաքապետարանը ներկայացրել է «Ա. Տէր Ղեւոնդեանի անուան համար 1 երաժշտական դպրոցի ՀՈԱԿ-ի տնօրէնի գրաւոր պարզաբանումը` առանց դէպքի վերաբերեալ սեփական գնահատականը ներկայացնելու:
«Տնօրէնի բացատրութիւնը, թէ նկարը հանուել է պատից բացառապէս ներքին կարգապահական կանոնների խախտման հիմքով (քանի որ այն փակցուել էր առանց տնօրէնութեան հետ նախնական համաձայնեցման), հիմնաւոր չի թւում. ցուցադրուած աշխատանքը համապատասխանում էր մրցոյթի ընդհանուր բնաբանին եւ հեռացուել է հէնց միայն Արցախի յուշարձանը պատկերող նկարը, ինչը հարցեր է առաջացնում որոշման իրական դրդապատճառների վերաբերեալ: Յատկանշական է նաեւ, որ միջադէպից կարճ ժամանակ անց աշակերտի ուսուցչուհին, չհամակերպուելով կատարուածի հետ, դիմումով ազատուել է աշխատանքից:
«Այս դէպքի նշանակութիւնը դուրս է դպրոցական միջադէպի շրջանակից: Եթէ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներում վտանգուած է արցախեան մշակութային ժառանգութեան նիւթական բաղադրիչը` եկեղեցիները, յուշարձաններն ու պատմամշակութային արժէքները, ապա Հայաստանում առանձնայատուկ ուշադրութեան կարիք ունի դրա ոչ նիւթական բաղադրիչը` մշակութային յիշողութիւնը, պատմական անուանումները, խորհրդանիշներն ու ինքնութիւնը: Երկու գործընթացներն էլ, թէեւ` տարբեր դրսեւորումներով, ազդում են նոյն մշակութային ժառանգութեան շարունակականութեան վրայ. մէկը` ֆիզիքական ոչնչացման, միւսը` յիշողութիւնից ու հանրային տարածութիւնից աստիճանական հեռացման միջոց:
«Մշակութային ինքնութեան պահպանութեան իրաւունքը միջազգայնօրէն սահմանուած մարդու իրաւունք է, որը բխում է միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներից եւ ամրագրուած է Մարդու իրաւունքների համընդհանուր հռչակագրում, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային իրաւունքների մասին միջազգային դաշնագրում եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ այլ միջազգային փաստաթղթերում: Այս իրաւունքը որեւէ պարագայում չի կարող դառնալ քաղաքական սակարկութիւնների առարկայ:
«Պետական մակարդակով հռչակուած քաղաքականութիւնը եւ առօրեայ գործնական դրսեւորումները չեն համընկնում: Ինչպէս ցոյց է տալիս երաժշտական դպրոցի օրինակը, առանձին հաստատութիւններում կայացուող որոշումները կարող են ուղղակիօրէն հակասել պետութեան կողմից ինքն իր առջեւ դրուած նպատակներին` առանց դրա համար որեւէ պատասխանատուութեան կամ նոյնիսկ պաշտօնական գնահատականի:
«Համադրելով վերոնշեալ դրսեւորումները` միջազգային մեքանիզմների չօգտագործում, ներքին հանրային դաշտում արցախեան խորհրդանիշների աստիճանական օտարումը, առանձին հաստատութիւններում արձանագրուող որոշակի դէպքեր ու մի շարք այլ իրողութիւններ, ակնյայտ է դառնում, որ խնդիրը համակարգային է եւ պահանջում է ոչ թէ առանձին միջադէպերի արձագանգ, այլ` հետեւողական պետական քաղաքականութիւն:
«Սոյնով հրաւիրւում է միջազգային եւ տեղական իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնների, մշակութային ժառանգութեան պահպանութեամբ զբաղուող կառոյցների, պետական պատասխանատու մարմինների, ինչպէս նաեւ լրատուամիջոցների ուշադրութիւնը այս յայտարարութեան մէջ ներկայացուած փաստերի եւ արձանագրուած մտահոգութիւնների վրայ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Նորովի Ճանչնալ Նարեկացին. Լոյս Տեսած Է «Աստուծոյ Եմ Հագեր Ներսից Եւ Դուրսից» Գիրքը
«Անտարես» հրատարակչատան կողմէն լոյս տեսած է գրող, պատմավիպասան Սասուն Վարդանեանի «Աստուծոյ եմ հագեր ներսից եւ դուրսից. Գրիգոր Նարեկացի» գիրքը: «Հայէքոնոմպանք»-ի աջակցութեամբ տպագրուած աշխատանքը ժամանակակից ընթերցողին համար կը բացայայտէ այն աղբիւրները, որոնց ազդեցութեամբ ձեւաւորուած են Գրիգոր Նարեկացիի գեղագիտական հայեացքներն ու ըմբռնումները:
Սասուն Վարդանեանը տասնեակէ մը աւելի գիրքերու` պատմուածքներու, հեքիաթներու, վիպակներու եւ վէպերու հեղինակ է:
«Նարեկացին` որպէս մարդկային հոգիի մեծագոյն արտայայտութիւն, արժանի է իւրայատուկ վերաբերմունքի, եւ պէտք է նարեկագիտութիւնը, որ սկսած է տարերայնօրէն, իր վերելքը ապրի գիտակցաբար», գիրքին մէջ նշած է հեղինակը:
«Սասուն Վարդանեանը, դիմելով մեր հանճարեղ Գրիգոր Նարեկացիին, ուզեց ըլլալ ուսուցանող: Հեղինակը կը հերքէ այն բոլոր կարծիքները, ըստ որոնց, Նարեկացին ստեղծագործած է արաբական, պարսկական կամ յունական մշակոյթներու ազդեցութեամբ: Ծանօթ ըլլալով, որ «Հայէքոնոմպանք»-ի ղեկավարութիւնը կը կրէ ազգային արժէքներ, համոզուած էի, որ անոնք կը գնահատեն եւ կ՛աջակցին գիրքին հրատարակչական աշխատանքներուն: Իմ խորին շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ գիրքին հրատարակութիւնը իրականութիւն դարձնելու համար», նշած է Սասուն Վարդանեանի կինը` գրող, հրապարակախօս Սիլվա Սուքիասեանը, որ իր ամուսնոյն մահէն ետք հետամուտ եղած է գիրքին հրատարակութեան:
«Հայէքոնոմպանք»-ի համար նման նախագիծները ներդրում կը բերեն մեր մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ: Նարեկացին հայ ինքնութեան կարեւորագոյն խորհրդանիշներէն է, իսկ Սասուն Վարդանեանի այս աշխատանքը հնարաւորութիւն է նորովի ճանչնալու Նարեկացին: Ուրախ եմ, որ «Հայէքոնոմպանք»-ը մասնակցած է նման արժէքաւոր գիրքի հրատարակութեան», նշած է «Հայէքոնոմպանք»-ի առեւտուրի բաժինի պետ Արման Տօնիկեանը: Գիրքը վաճառքի ենթակայ չէ, այլ պիտի տրամադրուի Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան, Ուաշինկթընի Քոնկրեսի, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի, Մատենադարանի, Հայաստանի ազգային գրադարաններուն, ինչպէս նաեւ` համալսարանական գրադարաններուն, Գիւմրիի, Գորիսի եւ Վանաձորի քաղաքային գրադարաններուն:
Երիտասարդուհի Մը Երեւանի Մէջ Ցօղունային Բջիջներ Նուիրեց Մօր Կեանքը Փրկելու Համար

Յուլիս 13-ին երեւանաբնակ երիտասարդուհի մը ոսկրածուծի ցօղունային բջիջներ նուիրեց անյետաձգելի պատուաստումի մը համար, որ կրնայ օգնել իր մօր` յաղթահարելու արեան հետ կապուած եւ անոր կեանքին սպառնացող հիւանդութիւն մը:
Այս մէկը Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկին (ABMDR) կողմէ իրականացուած 45-րդ նմանատիպ գործողութիւնն է: Անիկա տեղի ունեցաւ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ գտնուող ABMDR-ի Ցօղունային բջիջներու հաւաքման կեդրոնին մէջ:

Երբ ABMDR-ի կողմէ հաստատուեցաւ, որ դուստրը համապատասխան նուիրատու է իր մօր համար, երիտասարդուհին ընդունուեցաւ վերոյիշեալ կեդրոնին մէջ` բջիջները հաւաքելու գործողութեան համար: Այս անցաւ գործողութիւնը կատարուեցաւ Ցօղունային բջիջներու հաւաքման կեդրոնէն բժիշկ Անդրանիկ Մշեցեանի կողմէ:
«Երիտասարդուհիին ցօղունային բջիջներու նուիրատուութիւնը կարեւոր է ոչ միայն բժշկական գետնի վրայ, այլ նաեւ ընտանիքի անդամներու միջեւ սիրոյ եւ նուիրուածութեան հրաշալի դրսեւորում է», ըսաւ ABMDR-ի գործադիր տնօրէն տոքթ. Սեւակ Աւագեան:

Գործողութեան ընթացքին, բացի տոքթ. Աւագեանէն, ներկայ էին նաեւ ABMDR-ի բժշկական բաժինի տնօրէն տոքթ. Միհրան Նազարէթեանը եւ տարրալուծարանի անձնակազմի այլ անդամներ: Ներկայ էին նաեւ ABMDR-ի Խորհրդատուներու մարմինի անդամ Թալին Խաչատուրեանը եւ իր դուստրը` Ժաքլին Խաչատուրեանը, Լոս Անճելըսէն: Ժաքլինը նոր աւարտած էր երկու շաբաթուան վարժողական շրջանը ABMDR-ի տարրալուծարանին մէջ:
Գործողութենէն կարճ ժամանակ անց նուիրաբերուած ցօղունային բջիջները օդանաւով փոխադրուեցան Գերմանիա` յատուկ արտօնագիր ունեցող միջազգային սուրհանդակի մը միջոցով, որ անձամբ հասցուց զանոնք: Գերմանիոյ մէջ էր, որ նուիրատուին մայրը պիտի ենթարկուէր կեանք փրկող պատուաստման:
ABMDR-ի նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն կը յայտնէ. «Ամէն պատուաստում մարտահրաւէր մըն է, որ կը ներառէ բազմաթիւ մասնագէտներու աշխատանքը: Բայց երբ գործընթացը կը սկսի, բոլոր ներգրաւուածները կը կեդրոնանան մէկ նպատակի վրայ` կարելի եղածին չափ շուտ նուիրաբերուած ցօղունային բջիջները հասցնել հիւանդին, որպէսզի փրկուի անոր կեանքը»:

18-50 տարեկան իւրաքանչիւր առողջ անձ կրնայ արձանագրուիլ ABMDR-ի մօտ՛ իբրեւ ոսկրածուծի ցօղունային բջիջներու հաւանական նուիրատու, կեանք մը փրկելու առիթ ունենալու համար: Հաշուի առնելով հայերու ծինային իւրայատուկ կազմութիւնը` ABMDR-ը կարիքն ունի պահպանելու հայ նուիրատուներու մեծ եւ համաշխարհային ցուցակ մը:
Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկը ստեղծուած է 1999-ին: ABMDR-ը ոչ հասութաբեր կազմակերպութիւն մըն է, որ կ՛օգնէ աշխարհասփիւռ հայերուն եւ ոչ հայերուն` յաղթահարելու արեան հետ կապուած կեանքին սպառնացող հիւանդութիւնները` գտնելով եւ համապատասխանեցնելով նուիրատուներ: Ցարդ արձանագրուած են աւելի քան 33.500 նուիրատուներ, 4 ցամաքամասերէ 32 երկիրներու մէջ, յայտնաբերուած են աւելի քան 9000 հիւանդներ եւ իրականացուցած են ոսկրածուծի 45 պատուաստում:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (323) 663-3609 թիւին կամ այցելել ABMDR կայքէջը:
(Լուսանկարները` ABMDR-էն)


